20-րդ դարը կը բացուի մարզանքի եւ սկաուտական շարժումի հանդէպ հայ ժողովրդային խաւերու մեծ խանդավառութեամբ:

19-րդ դարու հայ քաղաքական մտքի եւ մշակոյթի զարթօնքը մէկ կողմէ եւ 1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումը միւս կողմէ՝ հայութեան արեւմտահայ զանգուածին համար մեծ կարելիութիւններ կը ստեղծեն ազատօրէն գործելու: Այս մէկը լայն հորիզոններ կը բանայ նոր սերունդի հայանուէր դաստիարակներուն համար, որոնք եւրոպական համալսարաններէ վկայուած եւ միջազգային սկաուտական նորաստեղծ շարժումով խանդավառուած, կը վերադառնան Պոլիս, նուիրուելու համար հայ երիտասարդութեան զարգացման գործին:

Այդ սերունդի փայլուն ներկայացուցիչները կը հանդիսանան Շաւարշ Քրիսեան, Յովհաննէս Հինդլեան, Գրիգոր Յակոբեան, Վահան Չերազ, եւ բազմաթիւ ուրիշներ:

20-րդ դարու այս առաջին տասը տարիներուն, Պոլսոյ եւ շրջակայքին մէջ կը գործեն բազմատասնեակ մարզական ակումբներ, շարժումներ եւ դպրոցներ, որոնց ցոյց տուած հետաքրքրութիւնը դէպի մարզանքը՝ յաջորդող տարիներուն իր բարոյական ուժը կը ստանայ Շաւարշ Քրիսեանի «Մարմնամարզ»ամսաթերթէն:

History of Homenetmen

Արաքս Ֆութպոլի Ակումբ - 1908

Թերթի մը ծնունդը, ժողովուրդի մը նահատակութիւնը եւ միութեան մը ստեղծումը՝ «Յարեալ վեհօրէն դամբանէն խաւար», 20-րդ դարու երկրորդ տասնամեակին կու տան պատմական եւ անկիւնադարձային տարիներու բնորոշումը։

Տասնամեակին սկիզբը, Փետրուար 1911-ին, ծանօթ մարզիկ եւ մարզիչ Շաւարշ Քրիսեան կը հիմնէ իր «Մարմնամարզ» ամսաթերթը, որուն էջերէն ան ջատագովը կը հանդիսանայ հայկական ողիմպիական խաղեր կազմակերպելու եւ մարզական բոլոր ակումբներն ու խումբերը մէկ ընդհանուր դրօշի տակ համախմբելու իր վաղեմի երազին:

1 Մայիս 1911-ին տեղի կ’ունենան հայկական առաջին ողիմպիական խաղերը: Երկրորդը՝ 3 Յունիս 1912-ին։ Երրորդը՝ 16 Յունիս 1913-ին, նախագահութեամբ հայ երգի անմահ վարպետ՝ Կոմիտաս Վարդապետի, որ կը կատարէ նաեւ խաղերուն մրցանակաբաշխումը։ Չորրորդ ողիմպիականը՝ 1 Յունիս 1914-ին, կանգ կ’առնէ Ա. Աշխարհամարտին պատճառով։

Վրայ կը հասնի հայկական Եղեռնը եւ Պոլսոյ հայ ընտրանիին շարքին Շաւարշ Քրիսեան եւս 24 Ապրիլ 1915-ի գիշերը կը ձերբակալուի, կ’աքսորուի եւ կը նահատակուի՝ առանց իր երազը իրականացնելու։

Եղեռնի ցաւէն ու տառապանքէն կը ծնի մանուկ մը: Զայն կը մկրտեն ջարդին արիւնով եւ կը կոչեն Հ.Մ.Ը.Մ.: Իսկ անոր պարտականութիւն կու տան ծառայել հայ ժողովուրդին:

Հ.Մ.Ը.Մ. կը հիմնուի Նոյեմբեր 1918-ին, մարմնակրթական եւ բարոյական դաստիարակութեամբ Եղեռնի խլեակներէն առողջ ու ամուր նկարագիրով ապագայ հայ մարդը պատրաստելու նպատակով:

Հ.Մ.Ը.Մ. իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հայաստանի անկախութեան ամրապնդման աշխատանքներուն: Կը ստանձնէ որբախնամի պարտականութիւն, կ’օժանդակէ սովահար ու ցրտահար տարագիրներուն, կը մասնակցի ազգային նուիրահաւաքի եւ թեւ ու թիկունք կը կանգնի հայկական բանակին: 1919-ին մաս կը կազմէ Պոլսոյ մէջ հիմնուած Հայրենիքի Օգնութեան Մարմինին։

18 Ապրիլ 1920-ին, Հ.Մ.Ը.Մ. առաջին անգամ ըլլալով անկախ Հայաստանի մէջ կը նշէ «Հայ Սկաուտի Օր»ը:

Պոլսոյ մէջ Նաւասարդեան խաղերու տեսքով կը վերակենդանանան ողիմպիական խաղերը, որոնք տեղի կ’ունենան 31 Օգոստոս 1919-ին, հովանաւորութեամբ՝ Կ. Պոլսոյ Զաւէն Տէր Եղիայեան Պատրիարքին։ Կը յաջորդեն համահայկական ընդհանուր ողիմպիական խաղերը 5 Սեպտեմբեր 1920-ին, նախագահութեամբ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ՝ Պ. Թահթաճեանի։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նաւասարդեան երկրորդ եւ երրորդ խաղերը կը կատարուին 2 Հոկտեմբեր 1921-ին եւ 27 Օգոստոս 1922-ին։

Պոլիսէն եւ Երեւանէն հեռու, Նեղոսի ափին, Շաւարշ Քրիսեանի քաջալերանքով, 1912-ի ամրան, Աղեքսանդրիոյ մէջ կը հիմնուի «Կամք» մարզական ակումբը, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համագաղութային կառոյցի կազմութենէն ետք, իբրեւ մեկուսի շրջան մաս կը կազմէ Միութեան: 1914-ին Գահիրէի մէջ կը հիմնուի «Արարատ Մարմնամարզական Ակումբ»ը, ներկայի՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-«Արարատ»ը:

History of Homenetmen

Նամակ Ուղղուած Զաւէն Արքեպիսկոպոսի - 1921

Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը լուծուի Թուրքիոյ մէջ եւ կը վերածնի Սփիւռքի մէջ։

1918-էն մինչեւ 1921 Հ.Մ.Ը.Մ. կը գործէ Պոլսոյ եւ գաւառներուն մէջ: 16 Սեպտեմբեր 1922-ին, օրուան Կեդրոնական Վարչութիւնը քաղաքական ծանօթ պայմաններու բերումով պաշտօնապէս լուծուած կը յայտարարէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը Թուրքիոյ մէջ: Ու եթէ Հ.Մ.Ը.Մ. տեղ մը կը լուծուի, այլուր ան կը վերածնի բազմապատկուելո՛վ:

1920-1930 տասնամեակը ականատես կը դառնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարական խօսքին ու գործին հրաշալի տարածման՝ Միջին Արեւելքէն Եւրոպա, Հիւսիսային, Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկաներ։

.Մ.Ը.Մ.ական շարժումը վարակիչ կը դառնայ գաղութէ գաղութ: Իրարու ետեւէ կը ստեղծուին աւելի քան 50 մասնաճիւղեր, որոնցմէ շատերը կը գոյատեւէն մինչեւ օրս, մինչ ուրիշներ գաղութային թէ շրջանային զանազան պայմաններու բերումով՝ կարճատեւ շրջան մը գործելէ ետք կը դադրին, քանի մը տասնամեակ ետք դարձեալ վերականգնելու համար:

Մասնաճիւղերու հիմնադրման աշխարհագրական պատկերը այս տասնամեակին կը ներկայանայ հետեւեալ ձեւով.-

  • Լիբանան- Պէյրութ (24), Զահլէ (27), Թրիփոլի (29), Պաալպէք (30).
  • Սուրիա- Հալէպ (25), Դամասկոս (25), Լաթաքիա (26), Հոմս (30).
  • Կիպրոս- Լառնաքա (27).
  • Յունաստան- Ֆիքս Սինկրու, Գոքինիա, Լիփազմա (24), Միտիլի, Տէտէ Աղաճ (27), Սելանիկ (28), Գաւալ (29).
  • Պուլկարիա- Փլովտիւ, Ռուսճուք (21), Սոֆիա (22), Սլիվէն (23),  Թաթար Պազարճըք, Սթարա Զակորա, Պուրկաս (24), Շումէն, Խասքովօ (25), Այթոս (30).
  • Ռումանիա- Պուքրէշ, Սիլիստրէ, Գոսթանցա, Պազարճըք (22), Կալաց Սթրունկա, Կեռլա, Քիշնեւ (25).
  • Կեդրոնական Եւրոպա- Փարիզ (20), Լիոն, Մարսէյ եւ իրենց շրջակայքը (24), Վալանս, Պրիւքսէլ, Վիեննա (25).
  • Ամերիկաներ- Նիւ Եորք (21), Ֆիլատելֆիա, Պոսթըն (22), Փրովիտընս (23), Մեքսիքօ (25), Պուէնոս Այրէս, Մոնթէվիտէօ (27).

Հ.Մ.Ը.Մ.ական գործին կ’ընկերանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ական խօսքին տարածումը։ Կը ծաղկի միութենական մամուլը. Ֆրանսայի մէջ՝ «Հայ սկաուտ» եւ «Հայ արի», Պուքրէշի մէջ՝ «Արի», Սոֆիա՝ «Մարզիկ» եւ «Հայ սկաուտ», Յունաստան՝ «Նոր սերունդ», Եգիպտոս՝ «Կայծակ»։

«Երկաթէ վարագոյր»էն ներս, 1927-ին, Թիֆլիսի մէջ կը գնդակահարուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաջին սերունդի նուիրեալներէն Վահան Չերազ։

Տեղատուութիւն Ամերիկայի մէջ, մակընթացութիւն Միջին Արեւելքի մէջ։

Մինչ Ամերիկան հարուածող տնտեսական սուր տագնապը կ’անդամալուծէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղւոյն մասնաճիւղերը, Միջին Արեւելքի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ եւ Լիբանանի Պատգամաւորական առաջին երկու ժողովները (Պէյրութ- 1929, 1931) նոր թափ եւ մղում կու տան միութեան Միջին Արեւելեան գործունէութեան։

Պէյրութի, Զահլէի, Հալէպի եւ Դամասկոսի մասնաճիւղերուն ստեղծած խանդավառութիւնը կ’ոգեւորէ բոլորը: Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ Պաղեստինի բազմաթիւ քաղաքներէն խնդրանքներ կը հասնին՝ իրենց շրջաններուն մէջ եւս Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղեր յառաջացնելու համար:

Հայրենազուրկ երիտասարդութեան ցեղապահպանումի բնազդէն թելադրուած այդ կոչերը անարձագանգ չեն մնար։ Միայն Սուրիոյ մէջ կը ստեղծուին 11 նոր մասնաճիւղեր։ Հ.Մ.Ը.Մ. իր արմատները կը ծլարձակէ նաեւ Պաղեստինի եւ Յորդանանի մէջ։

Մասնաճիւղերու հիմնադրման աշխարհագրական պատկերը այս տասնամեակին կը ներկայանայ հետեւեալ ձեւով.-

  • Սուրիա- Գամիշլի (31), Թէլ Ապիատ (32), Հասիչէ, Ճարապլուս, Ազէզ (34), Արաբ Բունար (35), Տէրպէսիէ (36), Այն Տիուար, Տէր Զօր, Ռաս Իւլ Այն (37), Տէրիք (38).
  • Լիբանան- Պուրճ Համուտ, Ռայաք (35).
  • Պաղեստին- Երուսաղէմ (35), Հայֆա, Եաֆա (37).
  • Յորդանան- Ամման (37).
  • Յունաստան- Ամարուս, Թամպուրիա, Իրաքլիոնի (31).

Տասնամեակին կարեւորագոյն երեւոյթը ամէն Զատկին Հալէպի մէջ կազմակերպուող միջ-մասնաճիւղային հանդիպումներն են, որոնք վայելքի բացառիկ պահեր կը շնորհեն Հալէպէն անցնող ամէն հայու։ 1927-ին, քանի մը հարիւր հանդիսականներու ներկայութեան, Հալէպ-Պէյրութ ֆութպոլի հանդիպումով մը սկսած այդ խաղերը տարիներու ընթացքին կը վերածուին մարզական փառատօններու, որոնց ամէն անգամ ներկայ կ’ըլլան շուրջ քառասուն հազար հայեր եւ հիւրաբար քաղաքը այցելող մտաւորականներ ու հանրային գործիչներ, ինչպէս՝ Յակոբ Օշական, Շաւարշ Միսաքեան, Սիմոն Վրացեան եւ Դրօ։

Մարզական այդ շքեղ հանդիսութիւններուն յառաջացուցած անչափելի խանդավառութիւնը կը դառնայ վարակիչ, կը տարածուի Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Յորդանանի սահմաններէն անդին, հասնելու համար Յունաստանի, Կիպրոսի, Եգիպտոսի եւ մինչեւ հեռաւոր Պարսկաստանի քոյր կազմակերպութեան տղոց հոգիները, որոնք չեն ուզեր անհաղորդ մնալ այս շրջանի իրենց եղբայրներու ապրումներուն եւ ի գին մեծ զոհողութիւններու՝ ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի իրենց խումբերով կու գան տօնակատարութիւններուն փայլքը աւելցնելու։

45 տարուան մէջ 35 անգամ կազմակերպուած միջ-մասնաճիւղային հանդիպումները վեց անգամ կը կատարուին Պէյրութի, 28 անգամ Հալէպի եւ անգամ մըն ալ երկու քաղաքներու մէջ միաժամանակ, իւրաքանդիւր Զատկուան Շաբաթ, Կիրակի եւ Երկուշաբթի օրերը։ 

Այդ հանդիպումներէն 35-րդը եւ վերջինը տեղի կ’ունենայ 1972-ին, Պէյրութի մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի նախագահ Սլէյման Ֆրէնժիէի եւ ներկայութեամբ լիբանանեան պետական աւագանիին։

Մինչ այդ, Հերակլէսի երկրին մէջ, առ ի գնահատանք յունական մարզաշխարհին իր մատուցած ծառայութիւններուն, եղբ. Արամ Առաքելեան յոյն մարզական շրջանակներուն որոշումով, 1936-ին կը փոխադրէ Պերլինի միջազգային ողիմպիականներուն ջահը, այդ ջահը փոխադրող միակ հայը հանդիսանալով պատմութեան մէջ։

Տագնապալի, տխուր տասնամեակ մը Հ.Մ.Ը.Մ.ի բովանդակ ընտանիքին համար։

Բ. Աշխարհամարտը կը ջլատէ Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մասնաճիւղերը։ Համայնավարութեան գորշ թաթը կը հարուածէ Արեւելեան Եւրոպայի մասնաճիւղերը, իսկ ներգաղթի շարժումը կը ցնցէ Միջին Արեւելքի մասնաճիւղերը:

Հ.Մ.Ը.Մ. իր հիմնադրութեան 25-ամեակը կը տօնէ աշխարհաքանդ պատերազմի մէջ: Քաղաքական ու տնտեսական ահաւոր պայմանները հիմնովին կը տկարացնեն եւ կ’անշքացնեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մասնաճիւղերը։

Արեւելեան Եւրոպայի տարածքին, Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ մէջ յատկապէս, Ստալինեան համայնավարութեան տեղւոյն վարիչները անհաշտ պայքար կը շղթայազերծեն ոչ-համայնավար շարժումներու եւ միութիւններու դէմ։ Կը հալածուին եւ կ’աքսորուին հայ ազգային երեւելի դէմքեր, որոնց շարքին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ։ Կը փակուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ  մասնաճիւղերը:

Պայքարի եւ տագնապի ընդհանուր մթնոլորտին բնութագրումը կ’ամբողջանայ Միջին Արեւելքի տխուր պատկերին ներկայացումով։ Սուրիա, Լիբանան, Յունաստան 1940-ականներու երկրորդ կիսուն կը փոթորկին ներգաղթի ծանօթ շարժումով։ «Հրաժարական»ներու, մեկնումներու եւ ներազգային սուր պառակտումներու պատճառով Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղեր կ՚ենթարկուին որոշ ցնցումներու, որոնց յաղթահարումով՝ շուտով անոնք կը վերագտնեն իրենց երբեմնի աշխոյժ գործունէութիւնն ու փառքի օրերը:

Այս տասնամեակը կը նշէ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ֆութպոլին տիրապետութիւնը Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի եւ Պէյրութի ֆութպոլի խումբերը յաճախ կը տիրանան իրենց երկրի ֆութպոլի ախոյեանութիւններուն, մարզական իրագործումներու գեղեցիկ նախընթացներ ստեղծելով։ Հալէպի մէջ, 1947-ին, Դրոյի ներկայութեամբ պաշտօնական բացումը կը կատարուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի նշանաւոր «Նաւասարդեան» դաշտին։

Մինչ այդ, մասնաճիւղերու աշխատանքները կը շարունակուին պայմաններու համեմատ։ Կազմալոյծ մասնաճիւղերու տեղ կը հիմնուին նորեր, առաւելաբար՝ Միջին Արեւելքի մէջ։

Մասնաճիւղերու հիմնադրման աշխարհագրական պատկերը այս տասնամեակին կը ներկայանայ հետեւեալ ձեւով.-

  • Սուրիա- Թէլ Պրաք (45), Այն Արուս (47), Քեսապ (48), Ռաքքա (50).
  • Լիբանան- Շթորա (41), Այնճար (48), Հատէթ (49), Ճիւնի (50).
  • Իրաք- Պաղտատ (49).
  • Յունաստան- Նէա Զմիռնի, Աթէնք, Գարէա-Քեսարիանի (50)։ 

Աշխարհը կը փակէ Բ. Աշխարհամարտի էջը, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը բանայ իր պատմութեան լուսաւոր էջը։

Միջին Արեւելքէն մինչեւ Ամերիկաներ, Գանատա եւ Ֆրանսա, Հ.Մ.Ը.Մ. կը բոլորէ կազմակերպական վերականգնումի եւ վերանորոգումի աշխոյժ տասնամեակ մը: Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Վարչութեան ղեկավարութեամբ գործունէութեան բեղուն շրջան մը կ’ունենան յատկապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ եւ Լիբանանի մասնաճիւղերը:

50-ական տարիները կը կազմեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղին ոսկեայ տասնամեակը Լիբանանի մարզական կեանքին մէջ: Մասնաճիւղին ֆութպոլի խումբը կը տիրանայ Լիբանանի ախոյեանութեան (51, 55) եւ բաժակին (55): Պասքեթպոլի տղոց խումբը կը հանդիսանայ առաջին (50), իսկ աղջիկները իրենց բացարձակ տիրապետութիւնը կը հաստատեն յաջորդական 6 տարիներ (51-56): Իրենց փառքի օրերը կ’ապրին նաեւ մասնաճիւղին հեծելարշաւի եւ փինկ-փոնկի խումբերը։ Նալչայեան եւ Ծատուրեան եղբայրներ Լիբանանի հեծելարշաւի ախոյեանութիւնը կը խլեն 50-ին, 55-ին եւ 58-ին։ Նոյն տարիներուն, Վահագն Մեսրոպեան եւ Նազիկ Յովհաննէսեան իրենց անունները կ’արձանագրեն Լիբանանի փինկ-փոնկի ախոյեանութիւններու ոսկեմատեանին մէջ:

Միջին Արեւելքէն դուրս, առաջին լուրջ փորձերը կը կատարուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ամերիկայի մասնաճիւղերու վերընձիւղման։ 1951-ին, Քերոբ Առաքելեանի նախաձեռնութեամբ կը հիմնուի «Հայ Մարմնակրթասիրաց Միութիւն»ը, որուն գլխաւոր առաջադրանքը կ’ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծանօթացումը Ամերիկայի հայաշատ քաղաքներուն մէջ։ 1955-ին, միութիւնը 2000 ամերիկեան տոլարով կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի ակումբին եւ դաշտին գնման ծախսերուն։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեան շուրջ ստեղծուած խանդավառութիւնը կը համակէ նաեւ Գանատայի նորակազմ հայ գաղութը, որ 1958-ին Մոնթրէալի մէջ կը հիմնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղւոյն մասնաճիւղը։

Նոյն շրջանին, բազմաթիւ ճիգեր ի գործ կը դրուին վերականգնելու համար նախապատերազմեան Ֆրանսայի Հ.Մ.Ը.Մ.ի բազմատասնեակ մասնաճիւղերը։ Դժբախտաբար, իրենց բնականոն գործունէութեան կը վերսկսին փոքր թիւ մասնաճիւղեր միայն։ Ստուար թիւ մը կ’ունենայ անուանական գոյութիւն, իսկ կարեւոր թիւ մըն ալ կը վերանուանուի այլ անուններով, առանց իրարու կամ կեդրոնին հետ կապ ունենալու։

Այս տասնամեակը կը նշէ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պարսկաստանի մասնաճիւղերուն  (Թեհրան, Թաւրիզ, Ռաշտ) վերջնական դադրեցումը 1950-ին: Դադրեցման քայլը կը յաջորդէ Իրանի կրթական նախարարութեան կողմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեան արտօնագիրը չվերանորոգելու որոշումին: Հետագային, արտօնագիրը ձեռք կը ձգուի Հայ Մշակութային Արարատ Կազմակերպութեան (Հ.Մ.Ա.Կ.) անունով: Հ.Մ.Ա.Կ. տասնամեակներ շարունակ բարոյական իր կապը կը պահէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Վարչութեան հետ, իբրեւ գաղափարակից կազմակերպութիւն: Միութեան մարզական խումբերը իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերուն, իսկ սկաուտները ներկայ կը գտնուին համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումներուն եւ խմբապետական համագումարներուն։

Հ.Մ.Ը.Մ. կը ծլարձակի Աւստրալիոյ մէջ, կը վերընձիւղուի Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ կ’արմատանայ Գանատայի մէջ:

Արաբական աշխարհի 60-ական տարիներու ծանօթ իրադարձութիւնները մեծաթիւ հայեր կը մղեն Միջին Արեւելքէն գաղթելու Ամերիկա, Աւստրալիա եւ Գանատա: Նոր միջավայրերու մէջ կը ստեղծուին նոր մասնաճիւղեր:

1965-ին, Միջին Արեւելքէն գաղթած 40 Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ կը հիմնեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սիտնիի մասնաճիւղը: Տարի մը ետք կը հիմնուի Մելպուռնի մասնաճիւղը: Զոյգ մասնաճիւղերը 1968-ին կը ձեռնարկեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ միջ-մասնաճիւղային Նաւասարդեան խաղերուն։ Այնուհետեւ այդ խաղերը մեծ խանդավառութեամբ տեղի կ’ունենան իւրաքանչիւր տարուան Դեկտեմբերին։

Աւստրալիոյ օրինակով, Ամերիկայի մէջ եւս, առաւելաբար Միջին Արեւելքէն գաղթած հայերու ջանքերով կը վերընձիւղուին 30-ական տարիներէն ի վեր գործունէութենէ դադրած Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերը: 1968-ին կը հիմնուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու նորագոյն շրջանի առաջին մասնաճիւղը Լոս Անճելըսի մէջ։

Գանատայի մէջ, ուր Հ.Մ.Ը.Մ. կը գործէր 1958-էն ի վեր, 1969-ին կը ստեղծուին երկու նոր մասնաճիւղեր՝ Համիլթընի եւ Թորոնթոյի մէջ։ Մինչ այդ գործող Մոնթրէալի մասնաճիւղը կը միանայ տեղւոյն «Կամք» մարզական միութեան եւ կը կոչուի Հ.Մ.Ը.Մ.-«Կամք»։

Կազմակերպական բազմաթիւ նուաճումներու կողքին, այս տասնամեակը ականատեսը կ’ըլլայ լիբանանահայ մարզական կեանքի փայլուն վերելքին։ Միջ-վարժարանային երեք մարզահանդէսներէ ետք (1958, 1961, 1962),  1966-ին Պէյրութի մէջ ծնունդ կ’առնեն Լիբանանահայ Երկրորդական Վարժարաններու Աշակերտական Մարզախաղերը (ԼԵՎԱՄ), որոնք կը նպատակադրեն զարկ տալ հայկական վարժարաններէ ներս մարզական շարժումի

կազմակերպման, ի մի հաւաքելով տարբեր վարժարաններ յաճախող հայ պատանիները եւ անոնց մէջ զարգացնելով մրցակցութեան ու պայքարի ոգին՝ ազգային եւ եղբայրական մթնոլորտի մէջ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ սկսած այդ մարզախաղերը 1969-էն ետք կը կազմակերպուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կողմէ։

ԼԵՎԱՄ-ի ֆութպոլի, պասքեթպոլի, փինկ-փոնկի եւ աթլեթիզմի խաղերուն տարեկան կը մասնակցին բազմահարիւր աշակերտներ։ Անոնցմէ խոստմնալիցները հետագային մաս կը կազմեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի ներկայացուցչական խումբերուն։

Հ.Մ.Ը.Մ կը վերածուի համագաղութային կազմակերպութեան, կ’օժտուի Կեդրոնական Վարչութեամբ եւ կ’ապրի պատմական կարեւոր անկիւնադարձ:

Կառուցային վերակազմութեան կը յաջորդէ աշխատանքներու ընդհանուր վերակազմակերպումը: Կը գումարուին Պատգամաւորական երկու Ժողովներ եւ տեղի կ’ունենան համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական երկու բանակումներ: Միութիւնը կ’օժտուի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթով, իսկ շրջանները՝ Շրջանային Վարչութիւններով:

Փետրուար 1973-ին, Պէյրութի մէջ գումարուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մերձաւոր Արեւելքի 20-րդ Շրջանային Ժողովը իր տեսակին մէջ վերջինը կ’ըլլայ։ Այդ ժողովին ներկայ 60 պատգամաւորները կարեւորութեամբ կը քննեն նոր օրակարգ մը.- Կեդրոնական Վարչութիւն։

Ժողովը լսելէ ետք ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան զեկուցումը, կ’իւրացնէ Կեդրոնական Վարչութեան վերածուելու անոր առաջարկը եւ առ այդ՝ նախապատրաստական աշխատանքներու համար կը յառաջացնէ եռանդամ մարմին մը։ Վերջին անգամ ըլլալով կ’ընտրուի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային նոր Վարչութիւն, որուն հիմնական պարտականութիւնը կ’ըլլայ, եռանդամ մարմինին հետ, պատրաստել Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ա. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովը, ընտրելու համար Կեդրոնական Վարչութիւն՝ փոխան Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Վարչութեան։

Տարի մը ետք, Դեկտեմբեր 1974-ին, Պէյրութի մէջ կը գումարուի Միութեան Ա. Ընդհանուր Ժողովը, մասնակցութեամբ՝ 28 մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու։ Կը բացուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան նորագոյն էջը:

Հինգ տարի ետք, Նիկոսիոյ մէջ տեղի կ’ունենայ Բ. Ընդհանուր Ժողովը, այս անգամ մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 46 մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու։

Նորընտիր առաջին երկու Կեդրոնական Վարչութիւնները կը կազմակերպեն համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական երկու բանակումներ, առաջինը՝ Օգոստոս 1978-ին, Քալամոս (Յունաստան), իսկ երկրորդը՝ Օգոստոս 1980-ին, Քլամար (Ֆրանսա): Բանակումներուն կը մասնակցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի 12 շրջաններէն յաջորդաբար 226 եւ 291 բանակողներ։

1980-ին, ՊԷյրութի մէջ կը սկսի հրատարակուիլ Կեդրոնական Վարչութեան «Մարզիկ» ամսաթերթը:

Համագաղութային մակարդակի այս ընդհանուր զօրաշարժը զգալիօրէն կը վարակէ շրջանները։ Կը ստեղծուին 21 նոր մասնաճիւղեր, որոնցմէ 14-ը Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ի տես մասնաճիւղերու արագ աճին, կառուցային վերակազմութիւններու կ’ենթարկուին նաեւ շրջանները։ Կը յառաջանան չորս նոր Շրջանային Վարչութիւններ.- Աւստրալիա (73), Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (74), Գանատա (75) եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ (77)։

Միւս կողմէ, 70-ականներու երկրորդ կիսուն ճամբայ կ՚ելլեն երկու կարեւոր նախաձեռնութիւններ. Նաւասարդեան մարզախաղերը Լոս Անճելըսի մէջ (75) եւ Մայիսեան փառատօնները Լիբանանի մէջ (78): Երկուքն ալ Հ.Մ.Ը.Մ.ական վերանորոգ ուժի եւ կենսունակութեան արտայայտութիւններ:

Այս տասնամեակին, մասնաճիւղերու հիմնադրման աշխարհագրական պատկերը կը ներկայանայ հետեւեալ ձեւով.-

  • Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ- Սան Ֆրանսիսքօ (70), Ֆրեզնօ (73), Մոնթեպելլօ (74), Փասատինա (77), Կլէնտէյլ (78), Օրէնճ Քաունթի, Սան Ֆեռնանտօ Հովիտ (79).
  • Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ- Ուաշինկթըն (71), Պոսթըն (73), Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Շիքակօ (75), Տիթրոյթ (76), Ֆիլատելֆիա (78).
  • Աւստրալիա- Արեւմտեան Սիտնի (73).
  • Գանատա- Քէմպրիճ (77).
  • Արժանթին- Գորտոպա (79).
  • Անգլիա- Լոնտոն (79).
  • Քուէյթ- Քուէյթ (78). 
  • Լիբանան- Անթիլիաս (70), Ժըտէյտէ (74)։

Ասոնց կողքին, կը վերականգնի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Փարիզի մասնաճիւղը (77) եւ միութեան համագաղութային կառոյցին կը միանան Աղեքսանդրիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-«Կամք»ը եւ Գահիրէի Հ.Մ.Ը.Մ.-«Արարատ»ը (74)։

Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը Մոսկուայի ողիմպիականին մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի 4 մասնաճիւղ Խորհրդային Հայաստանի մէջ։ Երկու բնորոշ իրադարձութիւն տասնամեակի սկիզբէն (80) եւ աւարտէն (90), իրարու կապուած՝ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բեղուն ձեռնարկներու 10 տարիներով։

Ուշագրաւ այս տասնամեակը կը բացուի մարզական միջազգային մեծագոյն իրադարձութեան Հ.Մ.Ը.Մ.ականի մը մասնակցութեամբ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ական հեծելանւորդ Այսար Սալլում 1980-ին Լիբանանը կը ներկայացնէ Մոսկուայի 22-րդ ողիմպիականին։ Այնուհետեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու մասնակցութիւնը ողիմպիականներուն կը դառնայ յաճախակի երեւոյթ. Լոս Անճելըսի (84), Սէուլի (88) եւ Պարսելոնայի (92) ողիմպիականներուն Լիբանանը կը ներկայացնեն Հ.Մ.Ը.Մ.ական հեծելանւորդներ Սերոբ Ասլանեան, Հրաչ Ծատուրեան, Ժորժ Հընէյն, Վաչէ Ծատուրեան եւ Արմէն Ասլանեան։

Այս միջոցին, Հ.Մ.Ը.Մ.ական կեանքը կ’եռայ գաղութէ գաղութ կազմակերպուած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ձեռնարկներով.- Պատգամաւորական 2 Ընդհանուր Ժողով, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 2 բանակում, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 3 մարզախաղեր եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական 2 համագումարներ։ Կը ստեղծուին 10 նոր մասնաճիւղեր եւ կը վերականգնին երկու ուրիշներ եւրոպական եւ ամերիկեան ցամաքամասին մէջ։

Կազմակերպական ուռճացման եւ հզօրացման լաւագոյն պատկերները կու տան միութեան Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովներուն մասնաճիւղերու ներկայութեան թիւերը։ 1983-ի Գ. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին, Աթէնք, կը մասնակցին 55 մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, իսկ 1987-ի Դ. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին, դարձեալ Աթէնք, կը մասնակցին 57 մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ։

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումներու մասնակցութեան թիւերը խօսուն են իրենց կարգին. 1986-ի Գ. Ընդհանուր Բանակումին (Անգլիա) կը մասնակցին 11 շրջաններէ 269 բանակողներ, իսկ 1990-ի Դ. Ընդհանուր Բանակումին (Յունաստան) ներկայ կ’ըլլան 14 շրջաններէ 484 բանակողներ։

Սկաուտական աշխատանքները նոր թափ եւ մղում կը ստանան յատկապէս համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական երկու համագումարներէ ետք: Առաջինը՝ 1982-ին,  Աթէնք, իսկ երկրորդը՝ 1988-ին, Քալիֆորնիա։

Մարզական կեանքը եւս կ’ապրի մեծ աշխուժութիւն։ Կը կազմակերպուին համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 3 մրցաշարքեր՝ 1981-ին (Գանատա), 1985-ին (Լոս Անճելըս) եւ 1990-ին (Վալանս), որոնց  կը մասնակցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին պասքեթպոլի, վոլիպոլի եւ ֆութպոլի լաւագոյն խումբերը։

Շրջանային մակարդակի վրայ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը իր առջեւ կը բանայ աշխատանքի նոր հորիզոններ, երբ կը ձեռնարկէ ՔԱՀԱՄ-ի՝ Քալիֆորնիոյ Հայ Աշակերտական Մարզախաղերու (84) եւ Համահայկական խաղերու (88) կազմակերպման։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերու կողքին, Համահայկական խաղերուն կը մասնակցին շրջանի Հ.Բ.Ը.Մ.ի, Հ.Մ.Մ.ի եւ երիտասարդական այլ կազմակերպութիւններու մարզական խումբերը։

Արեւմտեան շրջանին խանդավառութիւնը կը վարակէ նաեւ Արեւելեանը։ 1990-ին, Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը կը ձեռնարկէ միջ-մասնաճիւղային իր խաղերուն, որոնք տարեկան կանոնաւորութեամբ տեղի կ’ունենան մինչեւ օրս, ամէն տարի մասնաճիւղի մը հիւրընկալութեամբ։

Հպարտառիթ յաջողութիւններու ոգեւորիչ այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքը ծանր հարուած մը կը ստանայ, երբ կը կորսնցնէ իր յաջորդական Կեդրոնական Վարչութիւններու ատենապետ՝ եղբ. Վարդգէս Տէր Կարապետեանը։ Յունուար 1986-ին, եղբ. Վարդգէս գաղափարակից երկու այլ եղբայրներու՝ Լեւոն Պէրպէրեանի եւ Ներսէս Խիւտավերտեանի հետ կը սպաննուի հայութեան անարգ թշնամիներու կողմէ։

Եղբ. Վարդգէս Տէր Կարապետեանի նահատակութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքը ցնցող միակ դէպքը չ’ըլլար։ Տասնամեակի աւարտին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերը կը ցնցուին Արցախի պահանջատիրութեամբ եւ Հայաստանի երկրաշարժով: Աշխարհի չորս ծագերէն Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղեր օգնութեան կը փութան աղետահար իրենց հայրենակիցներուն:

Հայաստան կը ծանօթանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ին՝ իր իսկական դիմագիծով, հայանուէր ծառայութեամբ: Գրկաբաց կ’ընդունի զայն համայնավար վարչակարգի վերջալոյսի օրերուն: Հ.Մ.Ը.Մ. պանծալի Եռագոյնով մուտք կը գործէ Հայաստան եւ իր առաջին մասնաճիւղը կը հիմնէ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, 2 Դեկտեմբեր 1989-ին: Այնուհետեւ կը հիմնուին երեք նոր մասնաճիւղեր՝ Չարենցաւանի, Աբովեանի եւ Սիսիանի մէջ։

Այս տասնամեակին, մասնաճիւղերու հիմնադրման աշխարհագրական պատկերը կը ներկայանայ հետեւեալ ձեւով.-

  • Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ- Փրովիտընս, Ֆլորիտա (81), Ալպընի (86).
  • Արեւմտեան Մ. Նահանգներ- Սան Տիէկօ (83).
  • Գանատա- Սէնթ Գաթրինզ (86).
  • Իտալիա- Միլանօ (83, հետագային կազմալոյծ).
  • Աւստրիա- Վիեննա (85).
  • Աւստրալիա- Արեւելեան Սիտնի (81), «Արարատ» (89).
  • Լիբանան- Պաթրուն (87, հետագային կազմալոյծ).
  • Հայաստան- Երեւան (89), Չարենցաւան, Աբովեան, Սիսիան (90).

Ասոնց կողքին կը վերականգնին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վալանսի (83) եւ Մոնթէվիտէոյի (87) մասնաճիւղերը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը անկախ Հայաստանի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ը Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումին մէջ։

20-րդ դարու վերջին տասնամեակը Հ.Մ.Ը.Մ.ի արդի պատմութեան ամէնէն բախտորոշ հանգրուանը կը կազմէ, անկասկա՛ծ: 90-ական տարիներուն, տասնամեակներու եւ սերունդներու երազներ կ’իրականան Հ.Մ.Ը.Մ.ի հայրենի բնօրրան վերադարձով եւ Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումին անդամակցութեամբ: Անկախ Հայաստանի մէջ տեղի կ’ունենայ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական երկու բանակում : Կը կազմակերպուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի 80-ամեակի փառաշուք տօնակատարութիւն՝ Երեւանի մէջ, ներկայութեամբ հայ պետական աւագանիին։

Հ.Մ.Ը.Մ. Հայաստանի մէջ կը գործէ 10 մասնաճիւղերով։ Կ’ունենայ Արցախեան պայքարի իր առաջին նահատակը, յանձինն Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ եղբ. Վարդան Բախշեանի, որ կը զոհուի Հասանապատի ազատագրութեան կռիւներուն, Դեկտեմբեր 1991-ին։

1995-ին, Միութեան Զ. Ընդհանուր Ժողովին որոշումով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի սկաուտութիւնը կը կոչուի Հայաստանի Ազգային Սկաուտական Կազմակերպութիւն (Հ.Ա.Ս.Կ.): Յաջորդ տարի, Կազմակերպութիւնը Ֆրանսայի «Հայ Արիներ»էն կը ստանձնէ համաշխարհային սկաուտութեան մօտ հայ սկաուտութեան ներկայացուցչութեան ջահը, իսկ 17 Ապրիլ 1997-ին պաշտօնապէս մաս կը կազմէ Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումին: Աւելի ուշ, Ապրիլ 1998-ին, կազմակերպութիւնը կը հանդիսանայ սկաուտական եւրօ-ասիական բաժանմունքի հիմնադիրներէն։ Կազմակերպութեան ատենապետը կ’ընտրուի բաժանմունքի նախագահ։

Հայրենիքէն դուրս, տասնամեակը բեղուն կ’ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.ական կեանքի նորանոր իրագործումներով։ Կը հիմնուին 17 նոր մասնաճիւղեր, որոնց 7-ը՝ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Կը վերականգնի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուլկարիոյ շրջանը, 6 մասնաճիւղերով եւ 500 անդամներով։

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ձեռնարկները կը շարունակուին նախորդ տասնամեակներու թափով։ Տեղի կ’ունենան համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական երկու մարզախաղեր, 1993-ին՝ Գանատա եւ 1997-ին՝ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ։ Կը կազմակերպուի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտական Գ. համագումարը, 1996-ին՝ Սիտնի։

Այս միջոցին մեծ աճ կ’արձանագրեն մասնաճիւղերու եւ անոնց անդամական շարքերուն թիւերը։ Յաջորդական Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովները եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումները այս մէկուն լաւագոյն ապացոյցները կու տան։

1991-ի Ե. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին, Աթէնք, կը մասնակցին 62 մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ։ 1995-ին, Զ. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին, Պէյրութ, մասնաճիւղերուն թիւը 83 է, իսկ չորս տարի ետք, Է. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին ներկայ կը գտնուին 87 մասնաճիւղեր։

Խրախուսիչ նոյն պատկերը կը կրկնուի նաեւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումներուն։ 1994-ի Ե. ընդհանուր Բբանակումին, Բիւրական, ներկայ կը գտնուին 14 շրջաններէ 432 բանակողներ։ 1998-ին, Զ. ընդհանուր բանակումին, Աղաւնաձոր, 18 շրջաններէ կը մասնակցին 740 բանակողներ։

Շրջանային մակարդակի վրայ, յատկանշական նորութիւններ կ’արձանագրուին Եգիպտոսի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ։

1994-ին կը սկսին եգիպտահայ պասքեթպոլի մրցաշարքերը, որոնց մեծ խանդավառութեամբ կը մասնակցին Աղեքսանդրիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-«Կամք»ը եւ Գահիրէի Հ.Մ.Ը.Մ.-«Արարատ»ը։ Արժանթինի մէջ, 1996-ին կը վերսկսին երկար ժամանակէ ի վեր ընդհատուած Նաւասարդեան խաղերը, որոնք այնուհետեւ կը վերածուին տարեկան աւանդութեան։

Տասնամեակն ու դարը կը փակուին ոչ-Հ.Մ.Ը.Մ.ական նախաձեռնութեամբ մը. համահայկական առաջին մարզախաղերով, որոնք իբրեւ Սփիւռք-Հայրենիք միասնականութեան կամուրջ, նոր էջ մը կը բանան հայ մարզական կեանքի պատմութեան մէջ։

Երկու տարուան նախապատրաստական աշխատանքներուն իր ամբողջական մասնակցութիւնը բերելէ ետք, Հ.Մ.Ը.Մ. մարզախաղերուն կը մասնակցի 250 մարզիկ-մարզիկուհիներով։ Խաղերը տեղի կ’ունենան Երեւանի մէջ, 28 Օգոստոսէն 5 Սեպտեմբեր 1999, մասնակցութեամբ՝ աշխարհի 62 քաղաքներէ 1141 մարզիկ-մարզիկուհիներու։

Այս տասնամեակին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի նոր մասնաճիւղերու հիմնադրման աշխարհագրական պատկերը կը ներկայանայ հետեւեալ ձեւով.-

  • Հայաստան- Հրազդան, Էջմիածին, «Վարդան Բախշեան», Արարատ-Վետի, Ախթալա, Լոռի (91).
  • Արցախ- Արարատ (98, հետագային կազմալոյծ).
  • Շուէտ- Սթոքհոլմ (91).
  • Հոլանտա- Ալմելօ (96).
  • Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ- Սանթա Քլարա, Սոլթ Լէյք (91), Սաութ Պէյ (92), Քրեսենթա Հովիտ (93), Պըրպէնք (95), Լաս Վեկաս (96), Ֆինիքս (98), Ուոլնաթ Քրիք (99).
  • Լիբանան- Պաուշրիէ (98).

Ասոնց կողքին կը վերականգնին Սուրիոյ Քեսապի մասնաճիւղը (94) եւ Պուլկարիոյ 7 մասնաճիւղերը՝ Փլովտիւ, Սոֆիա, Վառնա, Ռուսէ (91), Շումէն (97), Պուրկաս եւ Տոպրիչ (99)։

100 մասնաճիւղերով եւ 26 հազար անդամներով Հ.Մ.Ը.Մ. մեծ յաջողութիւններով ու մարտահրաւէրներով կը թեւակոխէ 21-րդ դարը։

 Յաջողութիւնները կապուած են կազմակերպական իր կառոյցին ընդարձակման եւ շրջանային ձեռնարկներով ամրապնդման։ Մարտահրաւէրները կը վերաբերին համաշխարհայնացած ընկերութեան մը դիմագրաւած դժուարութիւններուն. խելայեղ նիւթապաշտութիւն, կեանքի սրընթաց զարգացում, ազգային արժէքներէ հեռացում, ինքնութեան կորուստ։

 Հ.Մ.Ը.Մ. զինաթափ չէ սակայն, կը հիմնէ 6 նոր մասնաճիւղեր։ Կը հասնի մինչեւ Ջաւախք, Հունգարիա եւ Մոսկուա։ Կը վերականգնէ Շուէտի կազմալոյծ մասնաճիւղը եւ իր մեծ ընտանիքին կը վերամիացնէ պայմաններու բերումով միութենէն հեռու մնացած չորս մասնաճիւղեր. Պաղտատ, Մուսուլ, Նիկոսիա եւ Մարսէյ։

 Այսպէս, 21-րդ դարու առաջին տասնամեակին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի նոր մասնաճիւղերուն պատկերը կը ներկայանայ հետեւեալ ձեւով.-

  • Ջաւախք- Ախալքալաք (2001), Ախալցխա (2002).
  • Հայաստան- Արամուս (2002).
  • Արեւմտեան Մ. Նահանգներ- Քոլորատօ (2002).
  • Հունգարիա- Պուտափէշտ (2005, հետագային կազմալոյծ).
  • Ռուսիա- Մոսկուա (2008).

Միւս կողմէ, 10 տարուան կազմալոյծ վիճակէ ետք կը վերականգնի Սթոքհոլմի մասնաճիւղը (2005), իսկ միութեան մեծ ընտանիքին կը վերամիանան Պաղտատի (2003), Մուսուլի (2003), Նիկոսիոյ (2003) եւ Մարսէյի Հ.Մ.Ը.Մ.-«Արծիւ» մասնաճիւղերը (2007)։

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական նախաձեռնութիւնները կը շարունակուին նախկին թափով։ Տեղի կ’ունենան համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական երեք մարզախաղեր, 2001-ին՝ Լիբանանի մէջ, 2005-ին՝ Յունաստանի մէջ եւ 2009-ին՝ Հայաստանի մէջ։ Մարզախաղերուն կը հետեւին միջ-դիւանական հանդիպումներ՝ Պէյրութի եւ Աթէնքի մէջ։ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական գլխաւոր նախաձեռնութիւնները կը կատարուին հայրենի հողին վրայ. համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական զոյգ բանակումներ՝ Բիւրականի մէջ (2002, 2006) եւ խմբապետական զոյգ համագումարներ՝ Ծաղկաձորի մէջ (2004, 2008)։ Հայաստան կը հիւրընկալէ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ը. եւ Թ. Պատգամաւորական Ժողովները, որոնց յաջորդաբար կը մասնակցին 90 եւ 99 մասնաճիւղեր։

 Այս տարիներու նորութիւնը շրջանային նախաձեռնութիւններն են։ Եւրոպայի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանս տարեկան իր մարզական մրցաշարքերը կը վերածէ Եւրոպայի մակարդակով միջ-մասնաճիւղային խաղերու։ Լոնտոնի մասնաճիւղը կը կազմակերպէ Եւրոպայի մասնաճիւղերու բանակում։ Կը յաջորդեն Եւրոպայի մասնաճիւղերու միջ-դիւանական հանդիպումները։ Ամերիկեան ցամաքամասին մէջ, Արեւմտեան, Արեւելեան Մ. Նահանգներու եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութիւններուն կողմէ առնուած նմանօրինակ քայլերը կը գտնեն մեծ յաջողութիւն։ Միջին Արեւելքի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի կ’ունենան երեք կարեւոր ձեռնարկներ. Միջին Արեւելքի մասնաճիւղերու միջ-դիւանական խորհրդաժողով (Ամման, Սեպտ. 2006), ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի միջ-մասնաճիւղային խաղեր (Նիկոսիա, Ապրիլ 2007) եւ խմբապետական Ա. համագումար (Պէյրութ, Նոյեմբեր 2007)։

Նոյն տարիներուն, կազմակերպական հզօրացման նպաստող կարեւոր իրագործումներ կ’ըլլան Հ.Մ.Ը.Մ.ական նոր կեդրոններու բացումները. Աւստրալիոյ մէջ, «Անդրանիկ» մասնաճիւղը կ’ունենայ սկաուտական նոր հաւաքավայր Սիտնիի մէջ։ Շուէտի մասնաճիւղը բացումը կը կատարէ իր երկրորդ ակումբին՝ Սոէտերթելիոյ մէջ, իսկ Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղը կ’օժտուի արդիական իր երկրորդ շէնքով։

Այս միջոցին կը շարունակուին Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակավայրերու եւ մարզադաշտերու կառուցումները, իբրեւ հայակերտման մթնոլորտ ու միջավայր ստեղծող օճախներ։ 2000-ի ամրան, հայրենի պետութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ին կը յատկացնէ հողաշերտ մը Բիւրականի մէջ, որուն վրայ միութիւնը կը կառուցէ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական իր բանակավայրը։ Ութ տարի ետք, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը կ’ունենայ իր սեփական բանակավայրը (Թեքոյա)։ Մարզական գետնի վրայ, Լիբանանի շրջանը 2000-ին կ’օժտուի «Պօղոս Արիս» ֆութպոլի դաշտով եւ «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» պասքեթպոլի դաշտով։ 2004-ին, Թորոնթոյի մէջ բացումը կը կատարուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Երուանդ եւ Նայիրի Շահինեան» մարզադաշտին, իսկ 2007-ին՝ Սուրիոյ շրջանը կը ձեռնարկէ արդիական մարզաւանի մը կառուցման։ 

Դարձեալ Սուրիոյ մէջ, պետական արտօնութեամբ սկաուտական շարժումը կը վերահաստատուի, կը վերակազմակերպուի եւ 16 տարուան ընդմիջումէ ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ ընտանիքը 2007-ին կը կատարէ իր առաջին հանդիսաւոր տողանցքը։ Տողանցքին փայլքը կը հանդիսանայ Սուրիոյ ախոյեանութեան առաջնակարգ դիրքերը գրաւող՝ աղջկանց պասքեթպոլի խումբը, որ 2008-ին կը տիրանայ երկրի փոխ ախոյեանի տիտղոսին եւ արեւմտեան Ասիոյ ակումբներու ախոյեանութեան մասնակցելով՝ կը հանդիսանայ երրորդ։

Նոյն շրջանին, Լիբանանի մէջ եւս ակներեւ են Հ.Մ.Ը.Մ.ական աղջկանց յաջողութիւնները։ Փինկ-փոնկի Պէյրութի աղջկանց խումբը չորս անգամ կը տիրանայ արաբական ակումբներու ախոյեանութեան (1999, 2002, 2004, 2007)։ Քնարիկ Մուրատեան, իր կարգին, չորս անգամ կը խլէ արաբական աշխարհի ճատրակի ախոյեանութեան տիտղոսը (2002, 2004, 2006, 2007)։

 Հայրենիքի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ. կը շարունակէ իր աշխատանքները տանիլ սկաուտական միաւորներով։ Կը գործեն 13 միաւորներ 13 քաղաքներու մէջ։ Միութեան 7-րդ Պատգամաւորական Ժողովին որոշումով կը ստեղծուի քոյր մասնաճիւղերու դրութիւն՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սփիւռքի մասնաճիւղերուն եւ Հայաստանի միաւորներուն միջեւ։ Վերջինները կ’ունենան դաստիարակչական իրենց առաջին հրատարակութիւնները՝ «Ես գայլիկ եմ» (2003), «Ես սկաուտ եմ» (2004)։

Հրատարակչական բերքը հարուստ կ’ըլլայ յատկապէս Պէյրութի մէջ, ուր միութեան պաշտօնաթերթ «Մարզիկ» ամսաթերթի կողքին՝ յաջորդաբար լոյս կը տեսնեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական դասագիրքերը («Միաստղ», «Երկաստղ», «Բ. կարգ», «Ա. կարգ»), Բիւզանդ Թորիկեանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան Գ. եւ Դ. հատորները, «Հ.Մ.Ը.Մ.ի դաստիարակչական ուղեցոյց»ը, «Հ.Մ.Ը.Մ.ական կենցաղագիտութեան եւ փրոթոքոլային հասկացողութեան ուղեցոյց»ը եւ «Մարզիկ»ի խմբագրականներու Բ. հատորը։

 Հ.Մ.Ը.Մ.ական ուշագրաւ այլ նախաձեռնութիւններու շարքին պէտք է յիշել Հայկական Ցեղասպանութեան 90-ամեակին առիթով կազմակերպուած սկաուտական ուխտագնացութիւնը՝ Տէր Զօր եւ Մարկատէ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ռազմավարական ծրագրաւորումի յանձնախումբին ստեղծումը՝ Պատգամաւորական 9-րդ Ժողովին որոշումով եւ, վերջապէս, միութեան 90-ամեակին առիթով, Շաւարշ Քրիսեան լսարանին բացումը եւ գիտաժողովը, Երեւանի մէջ, Սեպտեմբեր 2008-ին։

Հ.Մ.Ը.Մ. կ’արմատանայ հայրենիքի մէջ, կը տարածուի Եւրոպայի մէջ եւ նոր տեղատուութիւն մը կ’ապրի Միջին Արեւելքի մէջ։

21-րդ դարու երկրորդ տասնամեակը ուշագրաւ կ’ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հայաստանեան գործունէութեան համար։ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. կ’ունենայ թուային եւ որակական մեծ աճ։ 2012-ին ան կ’արժանանայ «Երեւանի մէջ գործող երիտասարդական լաւագոյն կազմակերպութեան» մրցանակին։ Նոյն տարուան Օգոստոսին, Երեւանի մէջ ան կը կատարէ քառայարկ իր նոր կեդրոնին բացումը։ Կը յաջորդեն Աբովեանի մէջ «Վարուժան եւ Սոնա Գազանճեան» կեդրոնին բացումը (12 Սեպտ. 2015) եւ Էջմիածինի «Վաչէ Ռոստոմեան» միաւորի «Գօգօ եւ Արմինէ Պալեան» վերանորոգուած գրասենեակին բացումը (3 Յուլիս 2016)։

Սկաուտական աշխատանքները նոր թափ կը ստանան յատկապէս՝ Սուրիոյ պատերազմէն ետք Հայաստան հաստատուած մեծաթիւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի շարքեր անդամակցութեամբ։ Թիւի եւ գործունէութեան ծաւալումը կը ստեղծէ նոր բանակավայրերու անհրաժեշտութիւն։ Հետեւաբար, Արեւմտեան Մ. Նահանգներու շրջանէն վաղամեռիկ Հ.Մ.Ը.Մ.ական Հայկ Յովսէփեանի հարազատներուն բարերարութեամբ, 11 Յուլիս 2011-ին, Երեւանի մէջ բացումը կը կատարուի «Հայկ Յովսէփեան» բանակավայրին, որուն սահմանները, սակայն, շուտով նեղ կու գան հետզհետէ բազմացող սկաուտական շարքերուն։  Չորս տարի ետք, բանակավայրը կ’ընդարձակուի, կը  բարեզարդուի եւ 30 Սեպտեմբեր 2015-ին իր դռները կը վերաբանայ սկաուտներու դիմաց։ Այս միջոցին, կ’ընդարձակուի եւ կը բարեզարդուի նաեւ Բիւրականի Հ.Մ.Ը.Մ.ի բանակավայրը, որուն հանդիսաւոր բացումը տեղի կ’ունենայ 22 Օգոստոս 2014-ին։ Բանակավայրը կը հիւրընկալէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քոյր մասնաճիւղերու առաջին բանակումը (2011), հայ սկաուտութեան 100-ամեակի բանակումը (2012), սկաուտական «Արարատեան» կարգի Ա., Բ. եւ Գ. դասընթացքները (2010, 2014, 2018), ինչպէս նաեւ՝ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Թ., Ժ. եւ ԺԱ. բանակումները (2010, 2014, 2018)։

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի գործունէութեան յաւելեալ թափ կու տայ 12 Փետրուար 2013-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան, Հայաստանի կրթութեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը՝ «Հայաստանի անապահով երեխաներու կազմակերպման եւ ներգրաւման» նպատակով։ Ծրագիրը կը ֆինանսաւորէ Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումը։ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. յաջողութիւններ կ’արձանագրէ նաեւ միջազգային ճակատի վրայ։ 2016-ին ան կը կազմակերպէ սկաուտական եւրոասիական տարածաշրջանի 6-րդ համաժողովը եւ երիտասարդական 3-րդ ֆորումը։ Երեք տարուան շրջանի համար, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան հայրենի անդամ՝ Բագրատ Եսայեան կ’ընտրուի Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումի Բիւրոյի անդամ։

Այս տասնամեակը յատկանշող երկրորդ երեւոյթը Սուրիոյ պատերազմն է, որ եթէ մէկ կողմէ աղէտաբեր հետեւանքներ կ’ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ շրջանին համար, ապա՝ միւս կողմէ նպաստաբեր անդրադարձ կ’ունենայ Եւրոպայի շրջանին համար, ուր ապաստանած սուրիահայ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ ձեռնամուխ կ’ըլլան նոր մասնաճիւղերու ստեղծման եւ անոնց ազգային երդիքին տակ միութենական գործունէութեան ծաւալման։ Իբրեւ արդիւնք, Շուէտի մէջ կը ստեղծուի երեք նոր մասնաճիւղ, Հոլանտայի մէջ՝ երկու, իսկ Գերմանիոյ մէջ՝ մէկ։ Եւրոպական ցամաքամասի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերը կ’ապրին զգալի աշխուժութիւն մը, որուն արտայայտութիւնները կը հանդիսանան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Եւրոպայի մասնաճիւղերու Վկայեալ կարգի առաջին սեմինարը (2016, Շուէտ), համաեւրոպական երիտասարդական առաջին հաւաքը (2017, Վիեննա) եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Եւրոպայի մասնաճիւղերու ատենապետներու առաջին երեք ժողովները (2016-ին՝ Փարիզ, 2017-ին՝ Ալմելօ, 2018-ին՝ Միւնիխ)։
Ամերիկեան ցամաքամասին մէջ, մեծ խանդավառութեամբ կը շարունակուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու, Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի շրջաններու միջ-մասնաճիւղային տարեկան մարզախաղերը։ Լոս Անճելըսի մէջ, յաջողութեամբ կ’իրագործուին ՔԱՀԱՄ-ը (ՔԱլիֆորնիոյ Հայ Աշակերտական Մարզախաղերը), ղեկավարման դաստիարակչական սեմինարները, Մեսրոպ Մաշտոց կրօնական շքանշանի տուչութեան դասընթացքները եւ այլն։ Նորութիւն կ’ըլլայ միաւորի դրութեան որդեգրումը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ժ. Պատգամաւորական Ժողովին որոշումով (2011), Հ.Մ.Ը.Մ.ական միաւորներ կը ստեղծուին այն քաղաքներուն մէջ, ուր գոյութիւն ունին սկաուտական կամ վարչական կորիզներ՝ առանց անպայման մասնաճիւղի մը կազմութեան պայմանները լրացնող անդամական կազմեր ունենալու։ Այսպէս, երկուքական միաւորներ կը ստեղծուին Արեւելեան Մ. Նահանգներու (Շարլոթ, Մերիմէք հովիտ) եւ Արեւմտեան Մ. Նահանգներու մէջ (Սաքրամենթօ, Սանթա Քլարիթա)։ Ի դէպ, միաւորներ կը ստեղծուին նաեւ Հայաստանի մէջ, որոնք կը փոխարինեն տեղ-տեղ գործող նախկին մասնաճիւղերը։

Հարաւային Ամերիկայի մէջ, 2010-ին ընթացք կ’առնեն տարեկան մինի մարաթոնները, որոնք մեծ ընդունելութիւն կը գտնեն հայ թէ օտար շրջանակներու մօտ։ Մինի մարաթոնները կը նուիրուին հայութեան, Հայաստանին եւ Հայ Դատին։

Միջին Արեւելքի մէջ, մարզական կեանքը իր նոր ոսկեդարը կ’ապրի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ու տղոց խումբերուն յաջողութիւններով։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Անթիլիասի մասնաճիւղին աղջկանց խումբը յաջորդաբար երեք տարի (2016, 2017, 2018), իսկ տղոց ներկայացուցական խումբը 2018-ին կը հանդիսանան Լիբանանի ախոյեան։ Երկու խումբերը նաեւ պատմական իրագործում մը կը կատարեն՝ միութեան 100-ամեակի տարին տիրանալով արաբական աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան զոյգ տիտղոսներուն։

Շինարարական իմաստով, այս տասնամեակին իրագործումներ կ’արձանագրուին գլխաւորաբար Կիպրոսի (նոր մարզադաշտի բացում) եւ Լիբանանի մէջ («Պօղոս Արիս» ֆութպոլի խոտածածկ դաշտի բացում եւ «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» պասքեթպոլի եւ մինի ֆութպոլի փակ դաշտի բացում)։ Հալէպի մէջ, պատերազմի հետեւանքով հրկիզուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի պարտէզը կը վերանորոգուի եւ վերստին օգտագործման կը դրուի։

Յիշելով Հալէպը, կարելի չէ չյիշել Հ.Մ.Ը.Մ.ի արեան տուրքը՝ Սուրիոյ պատերազմին։ 2011-2018, քսան Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ զոհ կ’երթան Հալէպի հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան պատնէշին եւ Սուրիոյ մէջ ծայր տուած մահաբեր կռիւներուն։ Յունիս 2016-ին, այդ զոհերու շարքին կ’ըլլայ Հալէպի հայութեան ինքնապաշտպանութեան ղեկավար, Հ.Մ.Ը.Մ.ական Րաֆֆի Պչաքճեան։ Պատերազմին ամբողջ տեւողութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ իրենց անսակարկ աջակցութիւնը կը բերեն հալէպահայութեան օժանդակութեան աշխատանքներուն։ Անոնք կը մասնակցին հայաբնակ թաղերու մաքրութեան, սննդակողովներու պատրաստութեան ու բաշխումին, ջուրի ապահովման եւ 24 ժամուան պահակութեան աշխատանքներուն։

Այլապէս, Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական կառոյցը կը գործէ եռանդուն թափով, շրջանները կեդրոնին եւ իրարու կապող միութենական բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով։ Այս հանգրուանին տեղի կ’ունենայ միջ-դիւանական երկու խորհրդաժողով (2013-ին եւ 2016-ին՝ Նիկոսիա), համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական երկու համագումար (2012-ին՝ Ծաղկաձոր, 2016-ին՝ Երեւան), Պատգամաւորական երկու ժողով (2011-ին՝ Ծաղկաձոր, 2015-ին՝ Աղվերան), համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական երեք բանակում (2010-ին, 2014-ին եւ 2018-ին՝ Բիւրական) եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական երեք մարզախաղ (2013-ին եւ 2017-ին՝ Երեւան), որոնք իրենց մասնակիցներու թիւերով ու յաջողութիւններով կը գերազանցեն իրենց նախորդները։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի կազմակերպական կառոյցին հզօրացումն ու ընդլայնումը պատասխանատուները կը դնեն միութեան արդիականացման անմիջական մարտահրաւէրներու դիմաց, որոնց ի տես՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ժ. Պատգամաւորական Ժողովը (2011), չորս տարուան նախապատրաստութենէ ետք, կ’որդեգրէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի զարգացման ռազմավարական ծրագիրը։ Յունուար 2014-ին, Հ.Մ.Ը.Մ. պաշտօնական համաձայնութեամբ մը կը սկսի օգտուիլ աշխարհահռչակ «Կուկըլ» ընկերութեան արհեստագիտական նորագոյն ծառայութիւներէն։ Նոյն տարուան Օգոստոսին, Հ.Մ.Ը.Մ. գործակցութեան յուշագիր մը կը ստորագրէ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան հետ։

Այս տասնամեակին, մասնաճիւղերու եւ միաւորներու հիմնադրման աշխարհագրական պատկերը կը ներկայանայ հետեւեալ ձեւով.-

  • Հայաստան- Մարտունի (2012), Երեւան/Կոմիտաս (2014), Վետի (2014).
  • Լիբանան- Ռաուտա (2011).
  • Արեւմտեան Մ. Նահանգներ- Նորթ Հոլիվուտ (2011), Սաքրամենթօ (2016), Սանթա Քլարիթա (2018).
  • Արեւելեան Մ. Նահանգներ- Շարլոթ (2015), Մերիմէք հովիտ (2017).
  • Շուէտ- Վեսթերոս (2014, հետագային կազմալոյծ), Սթոքհոլմ (2015), Սոտերթելիա (2015).
  • Հոլանտա- Ալքմար (2014), Առնհեմ (2015).
  • Գերմանիա- Միւնիխ (2015).

Այսպէս, միութիւնը դատարկ ձեռքերով չի ներկայանար իր հիմնադրութեան 100-ամեակին։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, 19-29 Յուլիս 2018, Հայաստանի մէջ կը կազմակերպուին շարք մը ձեռնարկներ, որոնք կ’ընդգրկեն գիտաժողով, ցուցահանդէս, Հ.Մ.Ը.Մ.ի թանգարանի ալպոմի հրատարակութիւն, 100-ամեակի տողանցք, Օփերայի մէջ հանդիսաւոր տօնակատարութիւն, Պոլիսէն, ՊԷյրութէն եւ Փարիզէն բերուած ջահերու փոխանցում Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին, 100-ամեակի դրոշմաթուղթի հրապարակում, Վահան Չերազի արձանի բացում Կիւմրիի մէջ եւ այլն։

100-ամեակի Հայաստանի փառաւոր տօնակատարութիւններէն ետք, միութիւնը իր դարեդարձը մեծաշուք հանդիսութիւններով կը նշէ աշխարհի չորս կողմը սփռուած իր բազմատասնեակ մասնաճիւղերով։ Այս առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա.Կաթողիկոսը միութեան կը շնորհէ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը։

Տարածենք