Հայկական մարզական ակումբները եւ մարզիկները կարեւոր աւանդ ունեցած են Օսմանեան կայսրութեան մարզական կեանքի զարգացման մէջ: Հայկական շուրջ հարիւր մարզական ակումբներ գործած են ամբողջ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին:
1911-1914 Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած են հայկական ողիմպիական խաղեր: Նոյն տարիներուն, Շաւարշ Քրիսեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած է «Մարմնամարզ» մարզական թերթը, որ, փաստօրէն, եղած է Օսմանեան կայսրութեան առաջին մարզական պարբերաթերթը:
1912-ի ամրան, երկու հայ մարզիկներ՝ Վահրամ Փափազեան եւ Մկրտիչ Մկրեան մասնակցած են Սթոքհոլմի միջազգային ողիմպիական 5-րդ խաղերուն՝ Օսմանեան կայսրութիւնը առաջի՛ն անգամ ըլլալով ներկայացնելով միջազգային ողիմպիականի մը:
Այս իմաստով, 1908 թուականը կարեւոր դարձակէտ կը նկատուի Օսմանեան կայսրութեան մարզական կեանքի զարգացման համար, որովհետեւ մինչ այդ, Սուլթան Ապտիւլ Համիտի օրով մարզանքը կամ ֆութպոլը արգիլուած էր պետական օրէնքով եւ օրէնքը խախտողը ենթակայ էր խիստ պատիժի: Այս արգելքին ջնջումէն ետք, Պոլսոյ, Իզմիրի եւ կայսրութեան այլ քաղաքներուն մէջ կը ստեղծուին հայկական ֆութպոլի առաջին խումբերը: Ի յայտ կու գան նաեւ մասնագիտական մակարդակի մարզական կրթութիւն ստացած մարզիկներ՝ Շաւարշ Քրիսեան, Մկրտիչ Մկրեան, Վահան Չերազ, Ճոլոլեան եղբայրներ եւ ուրիշներ, որոնք նշանակալի դերակատարութիւն կ’ունենան օսմանահպատակ հայերու մօտ մարզանքի տարածման: Քրիսեան կը մեկնի մինչեւ Եգիպտոս, ուր Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի մէջ հիմը կը դնէ «Կամք» եւ «Արարատ» մարզական ակումբներուն, որոնք աւելի ուշ կը միանան Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական մեծ ընտանիքին։
1911-1914, հայկական մարզական եւ մարմնակրթական տասնեակ մը ակումբներու եւ խմբակներու մասնակցութեամբ Պոլսոյ մէջ կը կազմակերպուին չորս ողիմպիականներ:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն, ինչպէս ամէն բան, կ’ընդհատէ նաեւ հայ մարզական կեանքին զարգացման ընթացքը։ Բազմաթիւ հայ մարզիկներ կը դառնան Ցեղասպանութեան զոհեր, հայ մարզական ակումբներուն մեծ մասը կը դադրի գործելէ: Զոհ կը դառնայ նաեւ «Մարմնամարզ»ի խմբագիր Շաւարշ Քրիսեան, որուն գլխաւոր երազն էր մարմնակրթական բոլոր ակումբները համախմբել մէկ դրօշի տակ՝ նոր սերունդի ազգային առողջ դաստիարակութեան ի խնդիր։
Պէտք կ’ըլլայ սպասել երեք տարի, որպէսզի Ցեղասպանութենէն փրկուած Քրիսեանի գործակիցները վերականգնեն հայ մարզական կեանքը եւ իրականութեան վերածեն նահատակին երազը՝ Պոլսոյ մէջ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ստեղծումով, 16 Նոյեմբեր 1918-ին։
Հ.Մ.Ը.Մ. կը գործէ երկճիւղ՝ սկաուտական եւ մարզական թեւերով։ Պոլիս եւ շրջակայքը ստեղծուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի 25 մասնաճիւղերը կը յառաջացնեն մարզական խումբեր, յատկապէս կեդրոնանալով անհատական մարզաձեւերու՝ աթլեթիզմի եւ հեծելարշաւի վրայ։ Այս խումբերու եւ մարզիկներու համախմբումով, Հ.Մ.Ը.Մ. 1919-1922 Պոլսոյ մէջ կը կազմակերպէ Նաւասարդեան երեք մարզախաղեր՝ 1919-ին, 1921-ին եւ 1922-ին։ Պոլսոյ 25 մասնաճիւղերէն 10-ն կ’ունենան իրենց սեփական մարզարանները։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի հռչակը կը տարածուի նաեւ Պոլիսէն դուրս եւ 1920-ին, նորանկախ Հայաստանի կրթական նախարար Նիկոլ Աղբալեան Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը հրաւիրէ Հայաստան՝ որբերու մարմնակրթութեան առաքելութեամբ։ Ընդառաջելով հրաւէրին, Հ.Մ.Ը.Մ. Յուլիս 1920-ին Հայաստան կը գործուղէ եռանդամ պատուիրակութիւն մը, որ Կիւմրիի՝ Ալեքսանդրապոլի երեք որբանոցներուն մէջ պատսպարուած շուրջ 22 հազար որբերուն կը վարժեցնէ սկաուտական չարքաշ կեանքի եւ մարզական առողջ կենցաղի։ Այսպէս, որբերէ կը կազմուին նորանկախ Հայաստանի մարզական առաջին խումբերը՝ աթլեթիզմի եւ ֆութպոլի մրցումներ կատարելու համար։ Այդ խումբերն են, որոնք կը մասնակցին Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչին նախագահութեամբ կազմակերպուած համահայկական առաջին ողիմպիական խաղերուն, Սեպտեմբեր 1920-ին։ Ամիս մը ետք, Հոկտեմբեր 1920-ին, Հ.Մ.Ը.Մ. Երեւանի մէջ կը կազմակերպէ իր պատմութեան առաջին ֆութպոլի մրցումը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պոլսոյ ֆութպոլի խումբին եւ Երեւանի «Սպորտ» ակումբին միջեւ։
Շուտով վրայ կը հասնի Հայաստանի խորհրդայնացումը եւ 2 Դեկտեմբեր 1920-ին Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութիւնը կը դադրի հայրենիքի մէջ։ Հ.Մ.Ը.Մ. իր մարզական կեանքը սակայն կը շարունակէ Պոլսոյ մէջ, մինչեւ որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող ներքին յեղաշրջումի եւ քեմալական շարժումի իշխանութեան հասնելու արդիւնքով, 16 Սեպտեմբեր 1922-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Թուրքիոյ մէջ պաշտօնապէս լուծուած կը յայտարարէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը:
Այնուհետեւ, միութիւնը իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ Սփիւռքի մէջ, ուր նորաստեղծ մասնաճիւղեր սկաուտութիւնն ու մարզական կեանքը կը դարձնեն գլխաւոր միջոց՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շուրջ հայ նորահաս սերունդներու համախմբումին եւ անոնց ազգային առողջ դաստիարակութեան ջամբումին համար։
Սփիւռքի մէջ, ցեղասպանութենէն եւ տարագրութենէն ճողոպրած Հ.Մ.Ը.Մ.ական առաջին սերունդին համար, մարզական կեանքը կը նկատուի հաւաքական ինքնահաստատումի եւ ազգային հպարտութեան լաւագոյն միջոց։ Իւրաքանչիւր յաղթանակ համազօր կ’ըլլայ սեփական ճակատագիրի՝ գաղթականութեան, խեղճութեան եւ չքաւորութեան դէմ տարուած յաղթանակի։ Յաղթանակ կերտող մարզիկները կը դառնան ազգային մէկական հերոսներ, հայութեան վերապրումի կամքը մարմնաւորող տիպարներ, որոնք իրենց ժողովուրդին անունն ու պատիւը բարձր կը պահեն զիրենք հիւրընկալող երկիրներուն մէջ։
Ուշագրաւ է, որ այս առաջին հանգրուանին իսկ, 22 Մարտ 1922-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը հայ մամուլին մէջ հրապարակուած յայտարարութեամբ մը խստիւ կը մերժէ միութեան շարքերուն մէջ արհեստավարժութեան գաղափարը, շեշտելով որ արհեստավարժութիւնը չի՛ համապատասխաներ իր կանոնագիրին եւ այն սկզբունքներուն, որոնցմով կ’առաջնորդուի Հ.Մ.Ը.Մ.՝ հետամուտ ըլլալով երիտասարդ սերունդի ֆիզիքական զարգացման եւ անոր նկարագիրին ազնուացման։
Օրերու հետ, Սուրիոյ, Լիբանանի, Եգիպտոսի, Յորդանանի եւ Պաղեստինի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզական կեանքի զարգացումով 1927-ին ծնունդ կ’առնեն միութեան Միջին Արեւելքի մասնաճիւղերը համախմբող միջ-մասնաճիւղային մարզախաղերը, որոնց հետեւողութեամբ՝ հետագային Միջին Արեւելքէն Աւստրալիա եւ Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուած Հ.Մ.Ը.Մ.ականները կը կազմակերպեն Նաւասարդեան խաղերը՝ 1968-էն սկսեալ Աւստրալիոյ մէջ, 1975-էն եւ 1990-էն սկսեալ՝ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Մ. Նահանգներու մէջ, իսկ 1996-էն սկսեալ Հարաւային Ամերիկայի մէջ։ Գանատայի շրջանը, իր կարգին, 1969-էն սկսեալ կը կազմակերպէ միջ-մասնաճիւղային իր մարզախաղերը։
Հ.Մ.Ը.Մ. կը զբաղի նաեւ աշակերտական միջ-վարժարանային մարզախաղերով՝ մարզանքի եւ մարմնակրթութեան սէրը նոր սերունդին մօտ տարածելու առաջադրանքով։ Այսպէս, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը կազմակերպէ ԼԵՎԱՄ-ի, ՍԵՎԱՄ-ի եւ ՔԱՀԱՄ-ի մարզախաղերը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական կեանքը իր ամէնէն փայլուն դրսեւորումը կ’ունենայ Միջին Արեւելքի մէջ, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ական խումբեր եւ մարզիկներ կը տիրանան իրենց երկիրներու եւ արաբական աշխարհի ախոյեանական տիտղոսներուն, 1972-էն սկսեալ, իրենց երկիրներու դրօշով, պարբերաբար ներկայութիւն դառնալով նաեւ միջազգային ողիմպիական խաղերու մէջ։
1974-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական կառոյցին ստեղծումը նոր թափ ու ծաւալ կու տայ միութեան մարզական կեանքին, չորս տարին անգամ մը կազմակերպուող համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերով, որոնք 1981-էն սկսեալ կը հանդիսանան Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական գլխաւոր եւ մեծագոյն իրադարձութիւնը, որուն անհամբեր կը սպասեն միութեան հազարաւոր մարզիկ-մարզիկուհիները, քով-քովի գալու, իրարու յաղթանակներով խանդավառուելու եւ այդ խանդավառութիւնը իրենց մասնաճիւղերն ու համայնքները փոխադրելու գեղեցիկ պատկերով։