«ՀՐԱՇՔ» ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐ
«Հրաշք» մարզախաղերը առաջին անգամ կիրարկուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակին, 2018-ին, Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած յատուկ մարզախաղերուն, որոնց օրին տրուեցաւ «Հրաշք» անունը։
Մարզախաղերէն ետք, Շրջանային Վարչութիւնը յառաջացուց «Հրաշք» բաժանմունքը՝ մնայուն ուշադրութեան արժանացնելու համար յատուկ խնամքի կարօտ պատանիներու եւ երիտասարդներու շրջանակ մը, որ ակամայ հեռու մնացած է մարմնամարզէն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճամբով կրնայ աստիճանաբար համարկուիլ իր շրջապատին մէջ, քաջութեամբ, յարատեւութեամբ եւ ամէն տեսակի սահմանափակում շրջանցելու կարողութեամբ։
«Հրաշք»ի փորձառութիւնը արձանագրեց յուսադրիչ յաջողութիւն եւ հասաւ մինչեւ… համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղեր, իբրեւ նորութիւն, փորձարկուելու եւ այնուհետեւ չորս տարին անգամ մը իր մնայուն տեղը ունենալու համար։
Այս նպատակով, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերու կազմակերպիչ մարմինը յառաջացուց «Հրաշք»ի խաղերով զբաղող յատուկ յանձնախումբ մը՝ գլխաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան անդամ քոյր Վանիա Մովսէսեանի։ Յանձնախումբին կողքին յառաջացաւ 50 կամաւորներէ բաղկացած խմբակ մը, որուն անդամները անսահման նուիրումով եւ մեծ հոգատարութեամբ ընկերացան խաղերու մասնակիցներուն, օգնեցին անոնց խաղերու մասնակցութեան եւ տեղէ տեղ փոխադրութեան։
«Հրաշք»ի 184 պատանիներն ու երիտասարդները, իրենց ընկերացող օժանդակ կամաւորներով եւ յատուկ թի-շըրթներով, ներկայ գտնուեցան մարզախաղերու բացման հանդիսութեան եւ զայն նախորդած պաշտօնական տողանցքի մէկ մասին։
Խաղերը տեղի ունեցան երկու օրուան տեւողութեամբ՝ 24 եւ 25 Յուլիս 2022-ին, Երեւանի թիւ 17 յատուկ դպրոցին մէջ, գործակցութեամբ դպրոցի տնօրէն Վիկա (Վիքթորիա) Եսայեանի։ Առաջին օրը մրցումներուն մասնակցեցան Երեւանէն, Վանաձորէն եւ Ստեփանաւանէն 93, իսկ երկրորդ օրը՝ Կիւմրիէն եւ Երեւանէն 90 պատանիներ եւ երիտասարդներ։ Պատանի մըն ալ՝ Քրիստիան Քըլըճեան մասնակցեցաւ Արեւմտեան Մ. Նահանգներու շրջանէն։
Խաղերը ընդգրկեցին վազք՝ առանձին եւ սայլակով, պարան քաշել, պոչչէ (Bocce), պասքեթպոլ եւ ֆութպոլ։
Խաղերու աւարտին, առաջին եւ երկրորդ օրը, մասնակիցները հաւաքուեցան զիրենք հիւրընկալած դպրոցի սրահին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ մրցանակակիրներու մետալներու բաշխում՝ ձեռամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու, որոնք այս առիթով այցելեցին դպրոց եւ յիշատակելի քանի մը ժամ անցուցին «Հրաշք»ի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն հետ։