«Մեր կորուստներ»ու բաժինը կ’անդրադառնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհատարած ընտանիքի կորուստներուն։ Կայէջին մէջ նկատի առնուած են Յունուար 2017-էն սկսեալ արձանագրուած կորուստները։2017-էն առաջ մահացած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն անդրադարձ կը կատարուի «Վաստակաւորները» բաժինով։
ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԹՈՐԻԿԵԱՆ
ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԹՈՐԻԿԵԱՆ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ճիւնիի ընտանիքը Յունուարին խոր վիշտով կորսնցուց մասնաճիւղի հիմնադիր անդամներէն եղբ. Վարուժան Թորիկեանը։ Եղբ. Թորիկեան եղած է սկաուտ, մարզիկ, մասնաճիւղի վարչութեան անդամ եւ ատենապետ:
Իբրեւ երկար տարիներու վաստակաւոր միութենական, ան միշտ մասնակցած է մասնաճիւղի վերելքին` իր անձը նուիրելով սիրելի միութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին:
Եղբ. Թորիկեան միշտ եղած է պատնէշի վրայ, պատրաստ` օգտակար ըլլալու բոլորին: Առ ի գնահատանք իր երկարամեայ վաստակին, վերջերս, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը «Ծառայութեան» շքանշանով պարգեւատրեց զայն: Եղբ. Թորիկեան մասնակից դարձած է նաեւ Ճիւնիի ազգային-հասարակական կեանքին, իբրեւ թաղական ծառայելով եկեղեցւոյ:
Ան եղաւ օրինակելի հայր, իր կեանքը նուիրելով ընտանիքին, մանաւանդ իր զաւակներուն հայեցի դաստիարակութեան: Եղբ. Թորիկեանին յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ միութենական իր քոյրերուն-եղբայրներուն, ինչպէս նաեւ զինք ճանչցողներու սիրտերուն մէջ: