ԱՐՄԷՆ ԱՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ

ԱՐՄԷՆ ԱՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ

ԱՐՄԷՆ ԱՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ

Արցախեան երկրորդ պատերազմի նահատակ, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի «Յովհաննէս Հինդլեան» մասնաճիւղի անդամ եղբ. Արմէն Առուստամեան ծնած է 19 Յունուար 2001-ին, Երեւան։ Ան իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Երեւանի Յովհաննէս Յովհաննիսեանի անուան թիւ 52 դպրոցը։ Այնուհետեւ, ուսումը կը շարունակէ Մանուկ Աբեղեանի անուան թիւ 3 դպրոցը։

Եղբ. Արմէն 2016-ին կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի  Նոր Նորք համայնքի «Յովհաննէս Հինդլեան» մասնաճիւղին եւ որոշ ժամանակ մը ետք կը ստանձնէ մասնաճիւղի գայլիկներուն պատասխանատուութիւնը։ «Մեր ուժեղ հսկան,- իր մասին կը վկայէր նահատակութեան գոյժը փոխանցող մասնաճիւղին վկայութիւնը,- մէկը, որուն բարութեան չափ ու սահման չկար, ամէն իրավիճակի ելք գտնողը, մեր ուրախութեան եւ ժպիտներուն հսկողը, մեզ ջղայնացնողը եւ մեր տրամադրութիւնը բարձր պահող գլխաւոր հերոսը, մեր Արմէնը…»։

2017-2019 եղբ. Արմէն կը յաճախէ ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի Ազգային Համալսարանի համակարգչային գիտութեան բաժանմունքը։ Ուսման ընթացքին ան կ’արժանանայ բազմաթիւ պատուոյ գիրերու։ Կը զօրակոչուի հայկական բանակ եւ ծառայութիւնը կը կատարէ Արցախի Հանրապետութեան Մարտունիի թիւ երկու զօրամասը։ Ան կ’արժանանայ կրտսեր տասնապետի կոչումին։

2020-ի Արցախեան երկրորդ պատերազմի առաջին օրէն եղբ. Արմէն կը մեկնի առաջնագիծ։ Պատերազմի ժամանակ ան կը վիրաւորուի եւ վիրաւոր վիճակով կը փրկէ ընկերներու կեանքեր։

Եղբ. Արմէն Առուստամեան կը նահատակուի զինադադարէն ժամեր առաջ, 9 Նոյեմբեր 2020-ին, Մարտունիի բուռն մարտերուն ընթացքին, իր դաւանած սկաուտական երդումը՝ հայրենիքին ծառայութիւնը սեփական կեանքի գնով ի գործ դնելով մարտի դաշտին վրայ։

Ան կը թաղուի Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնը։

Տարածենք