ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆ

ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆ

ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆ

     Արցախեան երկրորդ պատերազմի նահատակ, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի «Վիգէն Զաքարեան» մասնաճիւղի վարչական եղբ. Գէորգ Հաճեան տասնամեակներ շարունակ իր երգարուեստով հայկական հերոսները անմահացնելէ ետք, իր կարգին անմահացաւ, երբ հերոսաբար ինկաւ Վարանգաթաղի բարձունքի ինքնապաշտպանութեան կռիւին, 6 Հոկտեմբեր 2020-ին։

Հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական, լիբանանահայ օփերայի երգիչ, խմբավար եղբ. Գէորգ Հաճեան ծնած է 1971-ին, Այնճար, Լիբանան։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է գիւղին «Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարանին մէջ։ 1984 թուականին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, զոր աւարտած է 1984-ին։ Ան յաճախած է Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլէճը։ Իբրեւ մեներգիչ, Գէորգ Հաճեան հանդէս եկած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի», Համազգայինի Լիբանանի «Կոմիտաս» եւ «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղերու, ինչպէս նաեւ՝ Թրիփոլիի «Ֆայհա» երգչախումբերուն մէջ։ Ան եղած է Այնճարի Ազգ. «Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարանի երգչախումբի ղեկավար։

Եղբ. Գէորգ հասակ առած է հայեցի դաստիարակութեամբ ընտանեկան յարկի մը տակ։ Փոքր տարիքէն ան անդամակցած է Հ.Յ.Դ. Այնճարի «Յառաջ» Պատանեկան Միութեան եւ այնուհետեւ՝ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին։ 1992-ին, ան Դաշնակցականի իր երդումը տուած է Հ.Յ.Դ. համա-երիտասարդական բանակումին, Պուլկարիա, Քրիստափորի շիրիմին վրայ, կնքահայրութեամբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երկարամեայ ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանի։

Այնուհետեւ, 1992-էն մինչեւ հերոսական նահատակութիւնը՝ 6 Հոկտեմբեր 2020, ան յարատեւ եւ անմնացորդ կերպով ծառայած է իր սիրելի կուսակցութեան եւ անոր ճամբով ժողովուրդին եւ հայրենիքին։   Գէորգ Հաճեան ստանձնած է կուսակցական զանազան պատասխանատուութիւններ։ Վերջին շրջանին ան անդամ էր իր բնակավայրի Պռօշեան քաղաքի Հ.Յ.Դ. «Դրօ Կանայեան» կոմիտէութեան։

Հաւատաւոր Դաշնակցական մը ըլլալու կողքին, եղբ. Գէորգ նուիրեալ Համազգայնական եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մըն էր, մինչ կողակիցը՝ ժրաջան անդամ մը Հայաստանի Օգնութեան Խաչին։

Գէորգ Հաճեան միսով ու ոսկորով հայ էր, բառին ամբողջական առումով։ Հայ մշակոյթը, հայ հողը եւ ամէն ինչ որ հայկական էր, հարազատ էին իրեն համար։ Ան պաշտամունքի աստիճանի հասնող սէր եւ կապուածութիւն ունէր հայրենիքին եւ անոր սքանչելի ժողովուրդին, որոնց համար ան միշտ պատրաստ էր զոհաբերելու իր ամէնէն թանկագինը։

Գէորգ Հաճեան 23 տարեկանին, 1994-ին տեղափոխուած է Քուէյթ, ուր 10 տարի ղեկավարած է տեղւոյն Ազգային վարժարանի մանկապատանեկան երգչախումբը եւ Ազգային Առաջնորդարանի չափահասներու «Նարեկացի» երկսեռ երգչախումբը:

2005 թուականին ան ընտանիքին հետ հաստատուած է Հայաստան, ուր մինչեւ 2009 ուսումը շարունակած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին մէջ։ Իբրեւ մեներգիչ հանդէս եկած է Երեւանի «Շարական» հնագոյն երաժշտական համոյթին մէջ:

Գէորգ Հաճեան մենահամերգներ ունեցած է Հայաստանի, Արցախի, Վիեննայի, Սլովենիոյ, Գանատայի, Մ. Նահանգներու, Պրազիլի, Կիպրոսի, Պուլկարիոյ, Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Քուէյթի, Քաթարի եւ Իրանի մէջ։ Ան տիրացած է բազմաթիւ պատուոյ գիրերու եւ շքանշաններու։ Այսպէս, 2011-ի Նոյեմբերին, Իտալիոյ «International Competition of Opera Singers»-ին մասնակցելով, ան դասուած է լաւագոյն տասնեակի մէջ եւ արժանացած է պատուոյ գիրի:

29 Սեպտեմբեր 2018-ին, Գէորգ Հաճեանը Արցախի զօրամասերու հրամանատարութեան կողմէ արժանացած է յատուկ շնորհակալագիրի` պաշտպանութեան բանակին հետ իր սերտ գործակցութեան համար: Ան հրապարակած է քանի մը խտասալիկներ- «Կոմիտասեան Երախայրիք», «Զքեզ Օրհնեմք», «Հայաստանը Երգերում» եւ «Ղօղանջ անկախութեան»։ Վերջինը երկու ձայնասկաւառակէ բաղկացած գործ մըն է, որ կ’ընդգրկէ ազգային-յեղափոխական երգերու փունջ մը։ Ան կը պատմէ 20-րդ դարու հայ ազատագրական պայքարի մասնակից հերոսներու կեանքն ու սխրանքը, ազատութեան, անկախութեան եւ հայրենիքի փրկութեան համար մղուած մարտերուն պատմութիւնը:

Եղբ. Գէորգ Հաճեան նահատակուեցաւ 6 Հոկտեմբեր 2020-ին, Վարանգաթաղի բարձունքի ազատագրման կռիւին, Արցախ։

Տարածենք