ԶԱՒԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆ

ԶԱՒԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆ

ԶԱՒԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆ

Եղբ. Զաւէն Թաշճեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Այնճարի մասնաճիւղի հաւատաւոր անդամներէն մէկն էր, որ 42 տարեկանին զոհ գնաց հայութեան թշնամիներու անարգ գնդակին։

Եղբ. Զաւէն պատանի տարիքէն անդամագրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն։ Թէեւ, իբրեւ մարզիկ, ան նկատառելի գործունէութիւն ունեցած չէ, սակայն, իբրեւ գիտակից ու պարտաճանաչ Հ.Մ.Ը.Մ.ական, ամուր հաւատք ունեցած է միութեան առաքելութեան հանդէպ եւ իր մասնակցութիւնը բերած է Այնճարի մէջ ծաւալած անոր բոլոր աշխատանքներուն։

Եղբ. Զաւէն Թաշճեան 1979-էն մինչեւ իր նահատակութիւնը՝ 3 Մարտ 1986 վարած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան Այնճարի կոմիտէութեան ներկայացուցչութիւնը, անձնազոհութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կատարելով իրեն վստահուած բոլոր աշխատանքները։

Տարածենք