Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐԵԱՆ ՏՈՒՐՔԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐԵԱՆ ՏՈՒՐՔԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐԵԱՆ ՏՈՒՐՔԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ

Հ.Մ.Ը.Մ. սուղ գին վճարեց Սուրիոյ պատերազմին։ Նիւթական ահաւոր վնասներու եւ արտագաղթի կողքին, պատերազմը Հ.Մ.Ը.Մ.էն խլեց երկու տասնեակ եղբայրներ, որոնք տակաւին շատ բան ունէին տալիք իրենց միութեան եւ ժողովուրդին։ Ստորեւ, զոհուած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու կենսագրականները՝ ամփոփ ակնարկներով։

 

 

 

 

 

 

 


ՅՈՎԱԿ ՔՈԹՄՈՍԵԱՆ

Եղբ. Յովակ Քոթմոսեան ծնած է Քեսապ, 1989-ին։ Մանուկ հասակին ան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քեսապի մասնաճիւղի շարքերուն կ’անդամակցի իբրեւ գայլիկ, ապա՝ սկաուտ։ Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականի նկարագիրով եղբ. Յովակ շուտով կը դառնայ օրինակելի եղբայր մը իր ընկերներուն համար եւ կը հասնի մինչեւ Վարիչ Առաջնորդի աստիճան, ստանձնելով սկաուտական խումբի պատասխանատուութեան պաշտօն։
Քաղաքացիական պարտականութիւնը եղբ. Յովակը կը հրաւիրէ ծառայելու սուրիական բանակին, որուն շարքերուն մէջ ան կը զոհուի, Հալէպի Հանանօ զօրանոցին բախումներուն ընթացքին, 22 Դեկտեմբեր 2012-ին։


ՐԱՖՖԻ ՏԱՂԼԵԱՆ

Եղբ. Րաֆֆի Տաղլեան ծնած է Հալէպ, 1956-ին։ Դպրոցական տարիներէն ան կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարքերուն, ապա կը միանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբին։ Երկար տարիներ շեփորախումբին մէջ կ’ըլլայ պատասխանատու եւ շեփորախումբի յանձնախումբի անդամ։ Իր համեստ ու մարդամօտ բնաւորութեամբ հանդերձ, եղբ. Րաֆֆի խիստ եւ վճռական էր իր հրահանգներուն մէջ։
Կը զոհուի Հալէպի մօտակայ Մանսուրայի շրջանին մէջ, արձակազէնի մը փամփուշտով, 2 Մայիս 2013-ին։


ՍԱԳՕ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ական ընտանիքի մէջ հասակ առած եղբ. Սագօ Մանուկեան ծնած է Գամիշլի, 1994-ին։ Փոքր տարիքին ծնողքին քաջալերանքով կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն, իբրեւ գայլիկ, ապա՝ սկաուտ եւ կը ստանձնէ խումբերու պատասխանատու պաշտօններ։ Կը ստանայ Առաջնորդի աստիճան։ Ան իր մասնակցութիւնը կը բերէ տարեկան բանակումներու եւ միջ-մասնաճիւղային մրցումներու։ Լաթաքիոյ մէջ տեղի ունեցած մրցումներուն կը գրաւէ լողի մրցումին երկրորդ դիրքը։ Մաս կը կազմէ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբին։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի կողքին եղբ. Սագօ կ’անդամակցի Հ.Յ.Դ.Պատանեկան Միութեան եւ ապա կը փոխանցուի Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան շարքեր։
Կը զոհուի Գամիշլիի մէջ, իր ազգային-միութենական պարտականութիւնը կատարած պահուն, 12 Մայիս 2013-ին։


ՅԱՐՈՒԹ ՊԱԼԱՊԱՆԵԱՆ

Եղբ. Յարութ Պալապանեան ծնած է Հալէպ, 1961-ին։ Փոքր տարիքէն Հ.Մ.Ը.Մ.ին անդամակցելով, ան մաս կը կազմէ Նոր Գիւղի գայլիկական վոհմակներուն եւ կ’ըլլայ անոնց պարտաճանաչ եւ տիպար անդամներէն մէկը։ Տարիներ շարունակ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տարազը կրելով ան կը փոխանցուի սկաուտական շարքեր՝ ստանալով զանազան կարգեր ու աստիճաններ, հասնելով մինչեւ փոխ խմբապետի աստիճան։ Կը վարէ սկաուտական պաշտօններ եւ կ’ըլլայ Սկաուտ. Խորհուրդի անդամ։ Եղբ. Յարութ սիրուած էր իր ընկերներուն եւ հարազատներուն կողմէ եւ ճանչցուած էր իր ծառայասիրութեամբ։
Կը զոհուի Նոր Գիւղի մէջ ինկած ռումբի մը հետեւանքով, 31 Մայիս 2013-ին։


ՄԱՍԻՍ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Եղբ. Մասիս Խաչատուրեան ծնած է Գամիշլի, 1992-ին։ Փոքր տարիքէն ան կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարքերուն, բայց մարզանքի հանդէպ ունեցած սէրը զինք կ’առաջնորդէ ֆութպոլի մարզաձեւ։ Ան կը հանդիսանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գամիշլիի «Մասիս» ֆութպոլի խումբին լաւագոյն մարզիկներէն մէկը։
Քաղաքացիական պարտականութիւնը, շատերու նման, եղբ. Մասիսը եւս կ’ուղղէ ծառայելու սուրիական բանակին, որուն շարքերուն մէջ ան կը զոհուի, Տէր Զօրի կռիւներուն, 31 Մայիս 2013-ին։


ՎՐԷԺ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Եղբ. Վրէժ Քէշիշեան ծնած է Հալէպ, 1992-ին։ Իր երէց երկու եղբայրներուն օրինակին հետեւելով, եղբ. Վրէժ կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարքերուն եւ կը դառնայ անոր տիպար տարազաւորներէն մէկը։ Ազնիւ, համեստ, ընկերասէր, բարեկիրթ ու աշխատասէր եղբայր Վրէժը քաղաքացիական պարտականութեան ընդառաջելով մաս կը կազմէ սուրիական բանակին։ Պատերազմի դաշտին վրայ ան կ’ենթարկուի բազմաթիւ վտանգներու եւ կը վիրաւորուի քանի մը անգամ։
Կը զոհուի Դամասկոսի մէջ, 15 Օգոստոս 2013-ին։


ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Եղբ. Յակոբ Տէր Ղազարեան ծնած է Հալէպ, 1988-ին։ Փոքր տարիքէն ան կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն։ Աշխատասէր եւ տիպար սկաուտ մը ըլլալու կողքին, եղբ. Յակոբ մաս կը կազմէ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան եւ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան անդամ։
Քաղաքացիական պարտականութեան կոչին ընդառաջելով, եղբ. Յակոբ կը ծառայէ սուրիական բանակին եւ կը գտնուի պատերազմի զանազան ճակատներուն վրայ։ Կը զոհուի 17 Նոյեմբեր 2013-ին, Դամասկոսի արուարձաններու ազատագրութեան կռիւներուն։


ԳՐԻԳՈՐ ԱՇՆԱԳԼԵԱՆ

Եղբ. Գրիգոր Աշնագլեան ծնած է Հալէպ, 1995-ին։ Կակուղ թաթիկ հասակէն ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ին, ապա կը դառնայ գայլիկ եւ սկաուտ։ Աշխոյժ եւ պարտաճանաչ եղբ. Գրիգոր կը սիրէ միութիւնը եւ կը դառնայ անոր օրինակելի անդամներէն մէկը։ Զինուորական ծառայութեան շրջանին ան առիթը չի փախցներ ներկայ գտնուելու սկաուտական իր խումբին գործունէութեան։ Ընկերներու հետ հանդիպումներու ժամանակ ան միշտ կ’ըսէր, թէ պիտի գայ օրը, երբ երկիրը պիտի խաղաղի։ Ան չհասաւ իր փափաքը իրականացած տեսնելու։
Կը զոհուի Հալէպի պատերազմական գործողութիւններուն ընթացքին, 16 Ապրիլ 2014-ին։ իր յիշատակին, Հալէպի Սիւլէյմանիէ թաղամասին նախկին «Դամասկոս» դպրոցը 2018-ին կը վերանուանուի իր անունով։


ՎԱՐԴԱՆ ԱՆՏՐԵԱՆ

Եղբ. Վարդան Անտրեան ծնած է Քեսապ, 1962-ին։ Ան ճանչցուած էր ո՛չ միայն Քեսապի, այլեւ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ բոլոր շրջաններուն մէջ։ 1994-ին, Քեսապի մասնաճիւղի վերակազմութեան առաջին օրէն ան կ’ըլլայ մասնաճիւղի պատասխանատուներէն մէկը եւ զանազան տարեշրջաններ մաս կը կազմէ մասնաճիւղին Սկաուտ. Խորհուրդին։ Ան իր մասնակցութիւնը կը բերէ միջ-մասնաճիւղային ժողովներու, բանակումներու եւ տողանցքներու, միշտ ցուցաբերելով արտակարգ աշխուժութիւն եւ չարքաշութիւն։
Կը զոհուի Քեսապի ազատագրումի կռիւներուն, սուրիական բանակի կողքին ճակատումի մը ընթացքին, Չալմայի մէջ, 11 Մայիս 2014-ին։


ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՔԱՀՔԷՃԵԱՆ

Եղբ. Անդրանիկ Քահքէճեան ծնած է Հալէպ, 1991-ին։ Փոքր տարիքէն ան կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարքերուն եւ շեփորախումբին ու կը դառնայ անոնց նուիրեալ անդամներէն մէկը։ Եղբ. Անդրանիկին համար ծառայութիւնը պարտականութենէ աւելի պարտաւորութիւն էր։ Ան կ’ըլլայ միութեան օրինակելի եւ տիպար անդամներէն մէկը։ Թէեւ սուրիական բանակին ծառայութեան շրջանը սահմանուած է մէկուկէս տարի, սակայն տիրող պայմաններու բերումով եղբ. Անդրանիկ կը ծառայէ չորս տարի։ Ան կը դառնայ անկեղծ զինուորը հայրենիքին։
Կը զոհուի Տէր Զօրի մէջ, 16 Մայիս 2014-ին։


ՄԻՍԱՔ ՊՕՇԿԵԶԷՆԵԱՆ

Եղբ. Միսաք Պօշկեզէնեան ծնած է Հալէպ, 1963-ին։ Միութենական ընտանիքի զաւակ, եղբ. Միսաք փոքր տարիքէն կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն, իբրեւ գայլիկ եւ սկաուտ: Աշխոյժ եւ պարտաճանաչ սկաուտ մը ըլլալու կողքին, եղբ. Միսաք կը սիրէ ֆութպոլը եւ մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի սկաուտական խումբերուն: Ան իր մասնակցութիւնը կը բերէ գայլիկական եւ սկաուտական բազմաթիւ բանակումներու:
Եղբ. Միսաք երկար տարիներ մաս կը կազմէ նաեւ «Քրիստափոր» գրադարանի յանձնախումբին։ Համազգայինի մէջ կ’ունենայ բեղուն գործունէութիւն, իբրեւ վարչական եւ պարարուեստի յանձնախումբի անդամ:
Սուրիոյ պատերազմի թէժ օրերուն, եղբ. Միսաք իր մասնակցութիւնը կը բերէ հայաբնակ թաղամասերու պահակութեան գործին:
Կը զոհուի Նոր Գիւղի մէջ ինկած ռումբի մը հետեւանքով, 31-Մայիս 2014-ին:


ԿԱՐՕ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ

Եղբ. Կարօ Ասատուրեան ծնած է Հալէպ, 1982-ին։ Ընտանիքին միակ մանչ զաւակն էր: Փոքր տարիքէն ան կը սիրէ երգն ու երաժշտութիւնը եւ մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբին, որուն հետ ան իր մասնակցութիւնը կը բերէ միջ-մասնաճիւղային տողանցքներու, ազգային եւ տօնական առիթներով կազմակերպուած ոգեկոչումներու:
Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականի իր նկարագիրով եղբ. Կարօն կը սիրուի բոլորին կողմէ եւ, իբրեւ պարտաճանաչ ու օրինակելի եղբայր, կը նշանակուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբի յանձնախումբի անդամ:     
Կը զոհուի Հալէպի Սիւլէյմանիէ թաղամասին մէջ ինկած ռումբի մը հետեւանքով, 7 Յունիս 2014-ին։


ՎՐԷԺ ՃԱՊԱՂՋՈՒՐԵԱՆ

Եղբ. Վրէժ Ճապաղջուրեան ծնած է Հալէպ, 1964-ին։ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ծնողքի մը զաւակը, քրոջը եւ եղբօրը հետ, ան փոքր տարիքէն կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն, իբրեւ գայլիկ եւ սկաուտ:  Պատանեկան տարիքին մաս կը կազմէ նաեւ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան, որմէ ետք կը փոխանցուի Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան շարքեր: Եղբ. Վրէժ երկար ժամանակ կը ստանձնէ Բերիոյ Հայոց Թեմի «Գանձասար» պաշտօնաթերթի ցրուիչի պատասխանատուութիւնը:
Եղբ. Վրէժ կը զոհուի Հալէպի Նոր Գիւղի հայահոծ շրջանին մէջ ինկած ռումբի մը հետեւանքով, 17 Յունիս 2014-ին։


ՅՈՎՍԷՓ ՊՉԱՔՃԵԱՆ

Եղբ. Յովսէփ Պչաքճեան ծնած է Հալէպ, 1957-ին։ Փոքր տարիքէն Հ.Մ.Ը.Մ.ին կ’անդամակցի իբրեւ գայլիկ եւ սկաուտ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ կը թրծուի ապագայ ծառայասէր, հայրենասէր եւ ազգասէր եղբօր նկարագիրը։
Եղբ. Յովսէփին համար մարզանքը ունէր իր յատուկ տեղը։ Ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պիլիարտի մարզաձեւի յանձնախումբին եւ մէկ շրջան կ’ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ: 
Եղբ. Յովսէփ կ’ընդառաջէ սուրիական հայրենիքին կոչին եւ հայու վայել խիզախութեամբ կը նետուի պատերազմի թոհուբոհին մէջ` արհամարհելով իր կեանքին սպառնացող ամէն վտանգ եւ նոյնիսկ մահ:
Կը զոհուի Համա, 28 Նոյեմբեր 2014-ին։ Յետ մահու ան կ’արժանանայ «Պատուոյ սպայ» կոչումին։
Եղբ. Յովսէփ երէց եղբայրն էր Հալէպի հայահոծ թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան հրամանատար եղբ. Րաֆֆի Պչաքճեանի, որ իր կարգին կը զոհուի 11 Յունիս 2016-ին։


ԳՕԳՕ ԳՊԸՃԵԱՆ

Եղբ. Գօգօ Գպըճեան ծնած է Հալէպ, 1993-ին։ Նոր Գիւղի հայաշունչ շրջանին մէջ հասակ առած այս եղբայրը փոքր տարիքին մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն, իբրեւ գայլիկ եւ սկաուտ: Վերջին շրջանին, իբրեւ աստիճանաւոր, ան անդամ էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի երէց միաւորին:
Կը զոհուի Հալէպի Նոր Գիւղի հայահոծ շրջանին մէջ ինկած ռումբի մը հետեւանքով, 7 Փետրուար 2015-ին։


ՎԻԳԷՆ ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ

Եղբ. Վիգէն Ոսկերիչեան ծնած է Հալէպ, 1983-ին։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գայլիկական վոհմակներուն մէջ կատակասէր եւ աշխոյժ պատանին շուտով կը դառնայ ծառայասէր երիտասարդ։ Պատերազմի տագնապալի օրերուն ան մնայուն ներկայութիւն կ’ըլլայ իր հարազատ ժողովուրդին մօտ։ Կը կատարէ ջուրի մատակարարութիւն եւ հայաբնակ թաղամասերու պահակութիւն։
Կը զոհուի Հալէպի Սիւլէյմանիէ թաղամասին մէջ ինկած ռումբի մը հետեւանքով, 14 Փետրուար 2016-ին։


ՎԱԶԳԷՆ ՃԱՊԱՂՋՈՒՐԵԱՆ

Եղբ. Վազգէն Ճապաղջուրեան ծնած է Հալէպ, 1942-ին: Փոքր տարիքէն ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն, իբրեւ գայլիկ եւ սկաուտ։ Կը հասնի մինչեւ Փոխ Առաջնորդի աստիճան: Կը փոխանցուի մարզական շարքեր եւ իբրեւ ֆութպոլիստ մաս կը կազմէ սկաուտական «Նաւասարդ» խումբին, ապա՝ սկաուտական պատուոյ առաջին խումբին:
1962-ին եղբ. Վազգէն մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի ներկայացուցչական Ա. խումբին: Նոյն տարին ան կը մասնակցի Սուրիոյ բաժակի աւարտական մրցումին եւ խմբակիցներուն հետ կը տիրանայ բաժակին: Եղբայր Վազգէն եղած է պարկեշտ, ճշդապահ, օրինակելի եւ տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական: Ցանկութիւնն էր Հ.Մ.Ը.Մ.ը միշտ տեսնել առաջնակարգ դիրքերու վրայ:
Կը զոհուի Հալէպի Նոր Գիւղի հայահոծ շրջանին մէջ ինկած ռումբի մը հետեւանքով, 2 Յունիս 2016-ին։


ՐԱՖՖԻ ՊՉԱՔՃԵԱՆ

Եղբ. Րաֆֆի Պչաքճեան ծնած է Հալէպ, 1961-ին։ Փոքր տարիքէն ծնողքը զինք կ’առաջնորդէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարքեր։ Կ’ըլլայ գայլիկ, սկաուտ եւ մարզիկ։ Երկար տարիներ ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի առաջին խումբին, որուն հետ տպաւորիչ ելոյթներ կ’ունենայ աւելի քան քսան տարի։ Իր պատանեկան տարիներէն մինչեւ կեանքին վերջին ժամերը եղբ. Րաֆֆի կը նուիրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ նուիրումով կը ծառայէ անոր շարքերուն։
Եղբ. Րաֆֆի բնաւորութեամբ հեզ էր, սակայն բծախնդիր եւ խստապահանջ՝ թերութիւններու նկատմամբ։ Սուրիոյ պատերազմի առաջին օրերէն ան կը գտնուի պատնէշի վրայ եւ, իբրեւ հաւատաւոր Դաշնակցական, կը ստանձնէ պատասխանատու գործեր, հուսկ՝ դառնալով հայահոծ թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան հրամանատար։
Նկարագիրով խիզախ եւ յանդուգն, եղբ. Րաֆֆի անաչառ էր իր տեսակէտներուն եւ որոշումներուն մէջ։ Կեղծիքը երբեք չէր հանդուրժեր։ Համարձակօրէն կը պաշտպանէր միութեան եւ կուսակցութեան շահերը։
Կը զոհուի 11 Յունիս 2016-ին, Հալէպի մէջ, պարտականութեան ճամբուն վրայ։
Եղբ. Րաֆֆի կրտսեր եղբայրն էր եղբ. Յովսէփ Պչաքճեանի, որ իր կարգին կը զոհուի 28 Նոյեմբեր 2014-ին։


ԱՐՄԱՆ ՀԻՆՏՈՅԵԱՆ

Եղբ. Արման Հինտոյեան ծնած է Հալէպ, 2003-ին։
Ազնիւ, ընկերասէր եւ համակ կեանքով լեցուն պատանի եղբ. Արման Հինտոյեանի անժամանակ մահուան լուրը մեծ ցաւ կը պատճառէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հալէպի մասնաճիւղին, յատկապէս գայլիկ-արծուիկ միաւորին, որուն պարտաճանաչ եւ տիպար անդամներէն մէկն էր ան:
Եղբ. Արման փոքր տարիքին կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի գայլիկ միաւորին եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ տարեկան բանակումներու եւ ընդհանուր գործունէութիւններու՝ միշտ արժանանալով պատասխանատուներու գնահատականին: 
13 տարեկան պատանին իր քրոջը հետ կը զոհուի Հալէպի Վիլլաներու Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կողքին ինկած ռումբի մը հետեւանքով, 30 Սեպտեմբեր 2016-ին,:


ԳԱՍՊԱՐ ՇԱԹՈՅԵԱՆ

Եղբ. Գասպար Շաթոյեան ծնած է Հալէպ, 1986-ին։ Աշխոյժ ու կայտառ այս երիտասարդը մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քարաթէի խումբին, ուր ան կը ցուցաբերէ համեստ, ազնիւ ու ծառայասէր ոգի։ Ամուսնացած էր եւ ունէր մէկ մանչ, որուն մկրտութիւնը կատարուեցաւ մահէն շաբաթ մը առաջ։
Կը զոհուի Հալէպի Նոր Գիւղի հայահոծ շրջանին մէջ ինկած ռումբի մը հետեւանքով, 5 Հոկտեմբեր 2016-ին։

Տարածենք