ՅԱԿՈԲ ԱՍՏԱՐՃԵԱՆ

ՅԱԿՈԲ ԱՍՏԱՐՃԵԱՆ

ՅԱԿՈԲ ԱՍՏԱՐՃԵԱՆ

Արցախեան նորագոյն պատեպազմի նահատակ եղբ. Յակոբ Աստարճեան ծնած է Հալէպ, 1991-ին։ Նախնական ուսումը ստացած է Ազգային Սահակեան վարժարանին, իսկ երկրորդական ուսումը՝ Ազգ. Քառէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ։ Փոքր տարիքէն ան անդամակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն։ Եղած է գայլիկ, ապա սկաուտ՝ մաս կազմելով «Շաւարշ Քրիսեան» արիական միաւորին, հասնելով մինչեւ Առաջնորդի աստիճանին։

Եղբ. Յակոբ եղած է օրինակելի մարզիկ։ Ան մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի ֆութպոլի խումբին եւ ստանձնած է օգնական մարզիչի պարտականութիւնը։

Հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը ըլլալու կողքին, եղբ. Յակոբ մաս կազմած է Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան եւ ապա՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերուն, իր սերունդի բոլոր տղոց նման աչքի զարնելով ազգասիրութեամբ եւ ազատասիրութեամբ։

Սուրիոյ պատերազմին, եղբ. Յակոբ իր անսակարկ ներդրումը կ’ունենայ Հալէպի հայաշատ թաղամասներու եւ ի մասնաւորի Նոր Գիւղ թաղամասի հսկողութեան եւ պաշտպանութեան գործին։

Կենաց-մահու օրհասի պահուն, երբ խնդրոյ առարկայ էր հայ ժողովուրդի լինելութիւնը, հայրենասիրական ոգին եղբ. Յակոբը կ’ուղղէ Արցախ, իր հրամանատարին՝ եղբ. Յարութ Բանոյեանին հետ։ Ան կը մասնակցի Շուշիի պաշտպանութեան կռիւներուն եւ 5 Նոյեմբեր 2020-ին հերոսաբար կը նահատակուի բերդաքաղաքի մատոյցներուն։

Եղբ. Յակոբ յաւիտենական հանգիստը կը գտնէ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնին մէջ, 19 Նոյեմբեր 2020-ին։ Յետ նահատակութեան, հայրենի պետութիւնը զայն կը պարգեւատրէ «Արիութեան» մետալով։

Տարածենք