ՅԱՐՈՒԹ ԲԱՆՈՅԵԱՆ

ՅԱՐՈՒԹ ԲԱՆՈՅԵԱՆ

ՅԱՐՈՒԹ ԲԱՆՈՅԵԱՆ

Արցախեան նորագոյն պատերազմի նահատակ եղբ. Յարութ Բանոյեան ծնած է Հալէպ, 1976-ին։ Կրթութիւնը ստացած է Ազգային Քառէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ։ Փոքր տարիքէն ան անդամակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Եղած է գայլիկ՝ ստանալով Վարիչ վեցակապետի աստիճան, ապա սկաուտ՝ հասնելով մինչեւ Առաջնորդի աստիճանին։

Եղբ. Յարութ յատկանշուած է իր լրջութեամբ, ճշդապահութեամբ, կարգապահութեամբ, յարգանքով եւ պարտականութեան գիտակցութեամբ։

Եղբ. Յարութ մաս Կազմած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերուն։

Սուրիոյ պատերազմին, եղբ. Րաֆֆի Պչաքճեանի նահատակութենէն ետք, ան կը հանդիսանայ Հալէպի հայաշատ թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան ղեկավարն ու հրամանատարը։ Ոգին եւ շարժիչ ուժը Նոր Գիւղի թաղամասի ինքնապաշտպանութեան ուժերուն։

Իբրեւ նուիրեալ հրամանատար, ամուր կամքով եւ աներեր հոգիով, եղբ. Յարութ իր մարտական ցուցմունքներով կ’առաջնորդէ բազմատասնեակ երիտասարդներ։

21 Սեպտեմբեր 2019-ին, Հայաստանի վերանկախութեան տօնին առիթով, հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման իր ունեցած աւանդին եւ ազգանուէր գործունէութեան համար, եղբ. Յարութ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով ու ձեռամբ կը պարգեւատրուի «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու երկրորդ աստիճանի մետալ»ով։

Իր երդումին հաւատարիմ, քաջարի հրամանատարը Արցախեան պատերազմէն օրեր ետք իր խումբով կը փութայ մարտի դաշտ՝ համայն հայութեան սպառնացող վտանգը կասեցնելու համար։ Ռազմական իր փայլուն կարողութիւններով ան թշնամին բազմիցս ետ կը մղէ խիզախաբար։

Եղբ. Յարութ կը զոհուի Շուշիի ինքնապաշտպանութեան օրհասական մարտերուն, 5 Նոյեմբեր 2020-ին։ Հայրենի հողը զինք կը գրկէ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնին մէջ, 19 Նոյեմբեր 2020-ին։ Յետ նահատակութեան, հայրենի պետութիւնը զայն կը պարգեւատրէ Հայաստանի Հանրապետութեան «Մարտական խաչ» Առաջին աստիճանի մետալով։

Տարածենք