ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆ

ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆ

ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիր սերունդի աւագ ներկայացուցիչն է Շաւարշ Քրիսեան, որ «Մարմնամարզ» թերթին ճամբով, 1911-էն սկսեալ ջատագովը կը հանդիսանայ հայկական ողիմպիական խաղեր կազմակերպելու եւ մարզական բոլոր ակումբներն ու խումբերը մէկ ընդհանուր դրօշի տակ համախմբելու իր վաղեմի երազին։

Շաւարշ Քրիսեան ծնած է 1886-ին, Պէշիկթաշ։ Ան կը յաճախէ Պարտիզակի Ամերիկեան վարժարանը եւ Պոլսոյ Ռոպէրթ քոլէճը։ Կանուխէն իր մէջ կը ծնի բուռն սէր մը մարզանքի հանդէպ։ Ռոպէրթ քոլէճին մէջ ան կը ծանօթանայ Գրիգոր Յակոբեանին, հայ սկաուտութեան ապագայ մեծ առաջնորդին։ Քրիսեան Յակոբեանի միջոցով յարաբերութիւն կը հաստատէ Փարիզի լիսէ Ժանսոնի անուանի վարիչ փրոֆ. Տեպոնէի հետ, թղթակցութեամբ հետեւելով մարմնակրթանքի անոր դասերուն։ 1906-ին կը մեկնի Փարիզ, ուր անմիջականօրէն կը հետեւի իր ուսուցիչի դասերուն։ Ապա, ընկերներուն օժանդակութեամբ կը վերադառնայ Լոնտոն, ուր կը մնայ երեքուկէս տարի, իր ազատ ժամերուն հետեւելով մարզանքի։ 1909-ին կը վերադառնայ Պոլիս։

Քրիսեան զանազան վարժարաններու մէջ կը ստանձնէ մարզանքի ուսուցչութեան պաշտօններ, միաժամանակ աշխատելով որ թաղերու մէջ բացուին մարզարաններ։ Ան կը ջանայ մարմնակրթական ճաշակը եւ սէրը տարածել հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն եւ դասակարգերուն մէջ, իրեն խորհրդատու եւ գործակից ունենալով մարմնակրթանքի նուիրուած անձեր։ Անոնց շնորհիւ է, որ Քրիսեան կը ձեռնարկէ «Մարմնամարզ»ի հրատարակութեան։

Թերթը կորիզ մըն էր։ Ան կ’ըլլայ կորիզին ամէնէն տենդոտ աշխատողներէն մէկը։ Շարժումը սկսած էր, պէտք էր կազմակերպել եւ կանոնաւորել զայն։ Քրիսեան կը շարունակէ ընթանալ որդեգրուած ճամբէն, առանց ընկրկելու։

1914-ին, Ա. Աշխարհամարտի օրերուն, Քրիսեան կը դիմէ ֆրանսական հիւպատոսարան, ֆրանսական բանակին արձանագրուելու խնդրանքով։ Կ’ընդունուի, բայց հիւանդութեան մը պատճառով, Պոլիսէն մեկնումը կ’ուշանայ։ Վրայ կը հասնի չարաշուք Եղեռնը եւ, բազմաթիւ մտաւորականներու ու ազգային դէմքերու հետ, ան եւս կ’աքսորուի Այաշի բանտը, ուր կը նահատակուի, առանց հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւն մը ստեղծելու իր երազը իրականացնելու։

Տարածենք