ՊԵՏԻԿ ԻՆՃԷԵԱՆ

ՊԵՏԻԿ ԻՆՃԷԵԱՆ

ՊԵՏԻԿ ԻՆՃԷԵԱՆ

Եղբ. Պետիկ Ինճէեան Հայ Դատի բագինին զոհուած Հ.Մ.Ը.Մ.ականն է, որ 27 Մայիս 1976-ին նահատակուած է Փարիզի մէջ, իրեն վստահուած պատասխանատու գործը կատարելու ճամբուն վրայ։

Եղբ. Պետիկ ծնած է 1950-ին, Այնճար։ Փոքր տարիքէն ան մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ին, իբրեւ գայլիկ եւ սկաուտ։ Եղած է գործօն անդամ եւ վարած է բազմաթիւ բանակումներ, արշաւներ եւ ձիւնագնացութիւններ։

Իբրեւ տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական, Պետիկ Ինճէեան եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Այնճարի միաւորի խմբապետ, Սկաուտ. Խորհուրդի անդամ եւ մասնաճիւղի վարչական։ Ան մեծ սէր ունեցած է ֆութպոլի հանդէպ եւ կազմած ու մարզած է մասնաճիւղին սկաուտական ֆութպոլի խումբը։ Շրջան մը եղած է մասնաճիւղին ֆութպոլի առաջին խումբին մարզիչն ու խմբապետը։

1973-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Այնճարի ֆութպոլի խումբը Պէքայի առաջնութիւնը կը շահի շնորհիւ եղբ. Պետիկի ջանքերուն։ Տարի մը ետք, ան կը հրաւիրուի մաս կազմելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին։

Տարածենք