ՍԱՀԱԿ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

ՍԱՀԱԿ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

ՍԱՀԱԿ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

Եղբ. Սահակ Նալպանտեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի առաջին սերունդի հաւատաւոր անդամներէն է, որ կանուխէն մուտք գործած է միութեան շարքեր։ Ան ծնած է Այնթապ, 1899-ին։

Եղբ. Սահակ հասակ կը նետէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ազգանուէր ծառայութեան մեծ դպրոցին մէջ, ուր կը կազմէ անձնուրաց մարդու նկարագիր եւ գաղափարական դիմագիծ։ Հայութեան եւ Հայ Դատին հանդէպ իր ունեցած խոր հաւատքով, նուիրումով, ուղղամտութեամբ ու պարտաճանաչութեամբ ան սիրելի դէմք մը կը դառնայ բոլորին։ Իր սենդակիցներուն հետ, ան կը նկատուի Նոր Գիւղի հայաշատ արուարձանին հիմնադիրներէն մէկը։

Շրջապատը զինք կը ճանչնայ իբրեւ սակաւախօս, դատողութեամբ միշտ խոհեմ ու վճռական Հ.Մ.Ը.Մ.ական։

1960-ականներուն սկիզբը, երբ Սուրիոյ տարածքին տեղի կ’ունենայ Հ.Յ. Դաշնակցութեան տեղւոյն կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն ձերբակալութիւնը, հակաօրինական եւ հակապետական գործունէութիւն վարելու ամբաստանութեամբ, եղբ. Սահակ եւս կը ձերբակալուի ու կը բանտարկուի։ Բանտին մէջ, իր կրած չարչարանքներուն տեղի չտալու համար, ան ձերբակալութենէն շաբաթ մը ետք, 23 Յուլիս 1961-ին, իր իսկ ձեռքով վերջ կու տայ կեանքին, խիզախներու յատուկ մահ մը ունենալով։

Տարածենք