ՍԻՄՈՆ ԵԱՀՆԻԵԱՆ

ՍԻՄՈՆ ԵԱՀՆԻԵԱՆ

ՍԻՄՈՆ ԵԱՀՆԻԵԱՆ

Լիզպոնի հերոսական գործողութեան հինգ անձնազոհ անդամներէն մէկն է եղբ. Սիմոն Եահնիեան։ Լուռ, համեստ, ծառայասէր եւ ընկերասէր Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը, որ իր ժողովուրդի արդարութեան ձեռք բերման պայքարի ճամբուն վրայ, 27 Յուլիս 1983-ին, գարուն կեանքը զոհաբերեց Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի թրքական դեսպանատան գրաւման ընթացքին։

Եղբ. Սիմոն Եահնիեան ծնած է Պէյրութ, 1 Մարտ 1962-ին, հայեցի շունչով եւ գաղափարական մթնոլորտով ընտանիքի մը յարկին տակ։ Նախակրթութիւնը ան կը ստանայ Ազգ. Կիլիկեան եւ Այնճարի Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարաններուն մէջ, իսկ միջնակարգ եւ երկրորդական կրթութիւնը՝ մինչեւ 10-րդ դասարան, Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան եւ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլէճներ։
Ուսումը կիսատ ձգելէ ետք ան կը հետեւի արհեստի եւ սորվի ինքնաշարժի նորոգութիւն։ Կը սիրէր նուագել։ Սրինգը իր անբաժան ընկերն էր։

1980-ականներու սկիզբը, ան կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի պասքեթպոլի տղոց խումբին եւ հանդէս կու գայ իբրեւ կարգապահ ու պարտաճանաչ մարզիկ։

Կը նահատակուի 21 տարեկանին եւ կը թաղուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ, կողքին Լիզպոնի իր չորս անձնուրաց ընկերներուն՝ Սագօ Աբրահամեանին, Վաչէ Տաղլեանին, Սեդրակ Աճէմեանին եւ Արա Քըրճըլեանին։

Տարածենք