ՎԱՀԱՆ ՉԵՐԱԶ

ՎԱՀԱՆ ՉԵՐԱԶ

ՎԱՀԱՆ ՉԵՐԱԶ

Հայ մարմնակրթական շարժումի ամէնէն եռանդուն եւ նուիրեալ գործիչներէն մէկը։ Ծնած է 1886-ին։ Աշակերտ՝ Պոլսոյ Կեդրոնական Վարժարանին, ինքն է որ նոյն վարժարանի տղոց կը սորվեցնէ ֆութպոլը։ Ան կը կազմէ «Սանթրալ» ֆութպոլի խումբը, որ ժամանակագրական կարգով, հայկական ֆութպոլի պատմութեան երկրորդ խումբն է։ Չերազ այդ խումբով չի բաւարարուիր եւ կը ստեղծէ նաեւ Փրոթի կղզիի ֆութպոլի համանուն խումբը եւ գլխաւոր ոգին կը հանդիսանայ «Տորք» խումբին։

Պալքանեան պատերազմին կ’անցնի Փարիզ, ուր կը մնայ երկու տարի։ Ա. Աշխարհամարտին կ’անցնի Կովկաս, իբրեւ կամաւոր։ Կ’արձանագրուի Անդրանիկի հարիւրեակին։

1920-ին, Տիգրան Խոյեանի եւ Օննիկ Եազաճեանի հետ մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի եռանդամ այն մարմնին, որ Հայաստանի կառավարութեան հրաւէրով հայրենիք կ’երթայ սկաուտական եւ մարզական շարժում կազմակերպելու համար։

Հայաստանի մէջ, Չերազ աշխատանքի կեդրոն կ’ընտրէ Կիւմրին, ուր ան կը զբաղի ամերիկեան որբանոցներու որբախնամի աշխատանքով։ Որբերէն կը պատրաստէ սկաուտներ։

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Չերազ իր աշխատանքները կը շարունակէ իբրեւ ամերիկեան որբանոցներու ուսուցիչ։ Քէփթըն Պրաունի օժանդակութեամբ կը կազմէ սկաուտական խումբեր եւ կը մարզէ որբեր։ Կը գործէ դժուարին եւ նոյնիսկ անկարելի պայմաններու մէջ։ Իր աշխատանքին բերումով, օր մը վէճ կ’ունենայ չեկիստի մը հետ, ու այդ դէպքը ճակատագրական կ’ըլլայ իրեն համար։

21 Դեկտեմբեր 1927-ին, Թիֆլիսի մէջ ան կը գնդակահարուի չեկիստներու կողմէ։

Տարածենք