Թիւ 434 - ՆՊԱՏԱԿԸ՝ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ
Մարզական մրցաշարքերու եւ բանակումներու ժամանակն է։ Նորահաս սերունդը մարզադաշտերու մէջ է եւ կամ՝ լեռներու կատարին։ Շարժում, եռուզեռ եւ ոգեւորութիւն է ամէն տեղ։
Մարզիկները կը մրցին իրարու դէմ, կը յաղթեն ու կը պարտուին։ Փորձառութիւններ կը շահին, նոր ծանօթութիւններ կը հաստատեն։ Սկաուտները կը յայտնաբերեն բնութիւնը եւ չարքաշութիւնը, պահ մը կը կտրուին ցանցային աշխարհէն եւ ոտք կը դնեն իրական աշխարհ։
Ծնողները մասնակից են մեծ ուրախութեան, հպարտ են իրենց զաւակներուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ անցուցած ժամանակով։ Չեն դժգոհիր երթեւեկի տաղտուկէն։ Յոգնութիւնը կը մոռցուի, երբ արդիւնքը կը տեսնուի։
Բայց այս բոլորը օտարները եւս կը կատարեն, յաճախ Հ.Մ.Ը.Մ.էն աւելի Շար...