Թիւ 1 - ԱՌԱՋԻՆԸ

 

Այս հրատարակութիւնը մտածումը չէ օրուան Կեդրոնական Վարչութեան, ոչ ալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Առաջին թէ Երկրորդ Ընդհ. Ժողովներուն։

Այս հրատարակութեան մտածումը կը պատկանի անցած տասնամեակներուն, կը պատկանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի փոքրագոյն մասնաճիւղերէն մինչեւ գերագոյն ժողովներուն։

Հ.Մ.Ը.Մ. առաջին անգամ չէ, որ մարզական հրատարակութեա՛մբ ալ հրապարակ կþիջնէ։

Գիրի ճամբով Հ.Մ.Ը.Մ.ը ներկայութիւն դարձած է զանազան գաղութներու մէջ, տարբեր կամ նոյն ժամանակամիջոցներուն։ Բայց շրջանի մը կամ մասնաճիւղի մը ձեռնարկ՝ պարբերական այդ հրատարակութիւնները տեւած են որոշ ժամանակ միայն, ապա դադրած՝ վերսկսելու համար ատեն մը ետք, նոյն վայրին մէջ կամ այլուր։

Այժմ, երբ այս հրատարակութեամբ լոյս կը տեսնէ միջ-գաղութային առաջին մարզական թերթը, որուն կարկինին տակ պիտի առնուի ամբողջ Սփիւռք մը, իր այդ իսկ բնութեամբ եւ ընդհանրականի վերածուած ուժով, կրնանք անվարան յայտարարել, որ անիկա ի յառաջագունէ ապահոված է մնայունութեան բոլոր կարելիութիւնները։

Այս հրատարակութիւնը արդիւնքը չէ պարագայական խանդավառութեան մը, այլ կարի՛ք է, պահա՛նջ է, անհրաժեշտութիւ՛ն է։

Թերեւս այս իսկ պատճառով այս հրատարակութիւնը հրապարակ կþիջնէ ո՛չ թէ յոյսով, ո՛չ թէ փորձի համար, այլ ինքնավստահութեամբ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը պէ՛տք է ունենար հայելի մը, որուն մէջ նայէր երբեմն-երբեմն, կոկէր ինքզինք եւ, ինչո՞ւ չէ, գոհանար։

Այս հրատարակութիւնը պիտի ըլլայ ա՛յդ հայելին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 47 մասնաճիւղերը (այսօր 47, վաղը քանիո՜վ աւելի) պիտի տեսնուին հոս, իրենց ամբողջ գործունէութեամբ, գայլիկէն ու մրջնիկէն մինչեւ Ընդհանուր Ժողով։

Այս հրատարակութիւնը պիտի ըլլայ «մանրամասնութիւն» նկատուող բոլոր արդիւնքներուն եւ շարժումներուն մնայուն արխիւը։

Տակաւին, այս հրատարակութիւնը միայն Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեան արտայայտութիւնը պիտի չըլլայ։ Հոս պիտի տեսնուին մարզական մեր բոլոր միութեանց հիմնական յաջողութիւնները, հոս պիտի տեսնուին հայրենի մարզիկները իրենց դափնիներո՛վ։

Հոս պիտի արձանագրուի նաեւ միջազգային մարզական շարժումը, աշխարհի ախոյեաններն ու ախոյեանութիւնները իրենց տեղը պիտի ունենան այս սիւնակներուն մէջ։

Մարզանքն ու արուեստը ազգութիւն չեն ճանչնար, ազգային երանգին յաւելեալ հպարտանք տալով հանդերձ։

Հ.Մ.Ը.Մ. երբեք ինքնանպատակ չէ եղած, իր պաշտօնաթերթը, իրեն պէս, ինքնանպատակ պիտի չգործէ։

Առաջին թիւը խոստում մըն է, ծրագրի նախաճաշակ մը։

Յաջորդ թիւերը պիտի ըլլան խոստումին գործադրութիւնը եւ ծրագրի աստիճանական բարելաւումն ու բիւրեղացումը։

Տարածենք