Թիւ 10 - ՎԵՐԱՄՈՒՏ, ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄ, ՎԵՐԱԾՐԱԳՐՈՒՄ

 

Լաւ բան ըսելը լաւ բան է, սակայն բաւարար չէ։

Լաւ բան լսելն ալ անկասկած առաքինութիւն է, սակայն այդ եւս բաւարար չէ։

Բան լսել-ըսելը թերեւս գործին կէսն է, սկիզբն է, սակայն ամբողջական է խօսքը միայն այն պարագային, երբ կը վերածուի գործի։

Իսկ մարզականի պարագային, գործը միայն պարտականութիւնը չէ միութեան մը, եթէ նոյնիսկ ան կը կոչուի Հ.Մ.Ը.Մ.։

Մարզականին կազմակերպումը Հ.Մ.Ը.Մ.էն առաջ կամ Հ.Մ.Ը.Մ.ին զուգահեռաբար կապուած է եւ կապուած պիտի մնայ դպրոցներուն։

Որքան ալ զօրաւոր ըլլայ, մարզական միութիւն մը կրնայ ունենալ մէկ դաշտ, երկու։ Սերունդի մը առողջ աճը կապուած է սակայն հարիւրաւոր դաշտերու, ինչ որ կ’ենթադրէ օգտագործումը դպրոցական բակերուն։

Մարզական միութիւն մը արտադպրոցական գործ կը կատարէ, մինչ դպրոցական գործ պէտք է նկատուի մարզանքը։

Գործնականն ու բնականը այդ է։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան հիմնադիր Հինդլեան ուսուցիչ էր եւ տնօրէն։ Անոր դպրոցին մէջ ծնունդ առաւ սկաուտական շարժումը, անոր խնամքին յանձնուած վարժարանին մէջ փորձարկուեցաւ սկաուտութիւնը, որովհետեւ ան լսեց Գրիգոր Յակոբեանի խօսքը, կարդաց գրութիւնը եւ գործի վերածեց զայն։

Գրիգոր Յակոբեան, Յովհաննէս Հինդլեան, Շաւարշ Քրիսեան։

Մէկը մտածեց, միւսը փորձարկեց, երրորդը համադրեց։

Մտածող, իւրացնող եւ համադրող միասնաբար նկատուեցան հիմնադիր։

Հիմնադիր միութեան մը։

Սակայն հարցը այն է, որ մարզական գործը ընդհանրական գործ է, կþենթադրէ յաջորդականութիւն, անընդմէջ ընթացք եւ ոչ՝ մասնագիտութիւն միայն։

Իրենց կառոյցով ու կարելիութիւններով վարժարանները առաջնահերթ պարտականութիւն ունին մարզանքն ու մարմնակրթանքը կազմակերպելու, սիրելի դարձնելու եւ ճաշակի վերածելու։

Մարզանքի ուսուցիչ չունինք ըսել եւ չմտահոգուիլ՝ արդարանալի չէ։

Նոյնիսկ մարզանք չկիրարկելու պարագային չքմեղանալ անով, որ բակ չկայ կամ պզտիկ է եղածը, կրկին ընդունելի չէ։

Եթէ խմբական մարզանքներու նախաճաշակը համոզուած ենք որ պէտք է տալ, ապա ո՞ր դպրոցը չի կրնար փինկ-փոնկի սեղան մը ճարել եւ այդ սեղանին տեղ ապահովել։

եթէ ֆութպոլ, պասքեթպոլ կարելի չէ կիրարկել վարժարանի մը մէջ, կարեի չէ՞ վոլիպոլի մասին մտածել։ Երկարութեան կամ բարձրութեան ոստումները այդքան մեծ տարածութիւն չեն պահանջներ։ Վազքի փորձեր անգամ կարելի է ընել առանց... բակ ունենալու։

Կրնանք խօսիլ տակաւին միջ-դպրոցական տարեկան մարզահանդէսներու մասին։

Տարուան ընթացքին նոյն շարժումները, մարզական նոյն պատրաստութիւնը իւրացնել տալ աշակերտներուն, տարեվերջին քանի մը ընդհանուր փորձերով պատրաստել միջ-դպրոցականը։

Բոլորովին անկարելիութեան մէջ գտնուող վարժարանները, որպէս մարզանքին ու մարզականին հաւատացող, կրնան մղել աշակերտները, որ սկաուտ ըլլան։ Ինչ որ չեն կրնար առնել վարժարանէն, առնեն այլ տեղէ մը։

Առնուազն։

Սփիւռք կը նշանակէ աշխարհ։ Երկրագունդի վրայ, մինչ տեղ մը վերամուտ է, այլ տեղ մը՝ ամառնային արձակուրդի պատրաստութիւն է։

Արձակուրդ թէ վերամուտ, մարզականի գծով վերանորոգում, վերածրագրում աւելի քան այժմէական է հաստատ այն համոզումով, որ մաքուր նկարագիրը կարելի է կերտել միայն առողջ մարմնի մէջ։

Տարածենք