Թիւ 264 - ԱԶԳԱՅԻՆ ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ

 

Ազգային հպարտութիւնը նախնիներու արժանիքներով հարստացած ժառանգութիւն մըն է, որուն պահակը կոչուած է ըլլալու իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ական։

Երբ պատուաբեր անցեալով հարուստ պատմութիւն մը ունինք մեր ետին, երբ քաղաքակրթական արժէքներով եւ իրագործումներով ազգ մը եղած ենք, սխալ պիտի ըլլար որեւէ պատճառով ուրանալ այդ բոլորը։
Երբ հայութեան գերակշիռ մեծամասնութիւնը, հայրենիքէն դուրս, իր գոյութեան պայքարը կը մղէ հայօրէ՛ն ապրելու համար, ի գործ դրուած մեծ ճիգը, տեղ-տեղ հերոսութեան համազօր, ոչ ոքի իրաւունք կու տայ ուրանալու առաքինութիւններ, որոնք մաս կը կազմեն ազգային մեր հպարտութեան։

Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ականին համար մարդը իր նմաններուն մէջ արժէք մըն է, երբ լծուած է աշխատանքի եւ չ’իւրացներ ուրիշին քրտինքը։

Մարդը արժէք մըն է, երբ ընդունակ է ստեղծագործ բարիքներու։ Երբ երգ ունի շրթներուն վրայ եւ տեսիլքներ կան իր հոգին ողողող, երբ հողին կառչած, հոգին թռիչքներ կը գործէ։

Այսպէս եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ականը։ Ունեցած է գործելու ատակ բազուկներ, երգ՝ շրթներուն եւ տեսիլքներ աչքերուն առջեւ։

Այսպէս եղած է հա՛յը։ Կառչած իր բարձրաբերձ լեռներուն, ան պայքարած է խստամբեր քամիներու դէմ, նուաճած է բարձունքներու հպարտութիւնը եւ ամէն կողմ տարածած է իր յաղթական պայքարներուն յիշատակները։
Հ.Մ.Ը.Մ.ականին արիւնը մակարդուած է ազգային հպարտութեան թթխմորով։

Ազգային հպարտութիւնը յոխորտանք մը պիտի ըլլար, եթէ խարսխուած չըլլար ժառանգական իրաւունքներու վրայ։ Սակայն, այդ իրաւունքները ձեռք բերուած են աշխատանքով ու անառարկելի ընդունակութիւններով, առատօրէն բաշխուած բնութեան եւ մարդոց կողմէ։

Առաքինութիւններով օժտուած մարդիկ, նոյն միջավայրին ծնունդ եւ նոյն բարքերու ու լեզուի տէր, կը կազմեն ազգը։ Ազգային առաքինութիւնները կը դառնան անփոխարինելի հարստութիւններ, որոնց կառչած՝ կը ստեղծուի ժողովուրդի մը ազգային հպարտութիւնը։ Մերը այդ ճանապարհով զարգացած, այդ ճանապարհէն անցած, դարձած է բարիք, որուն արժէքը պէտք է գիտակցուի անպայման։

Աշխատասէր ու շինարար ազգ մը, ամէն մարզի մէջ ատակ՝ ստեղծագործական աշխատանքի, բարիք մըն է քաղաքակիրթ մարդկութեան համար։

Եւ որովհետեւ ստեղծագործ աշխատանքը ազատութեան մէջ շեփորուած երգի մը չափ քաղցր է ու հզօր, ազգին յառաջընթացը խափանող արգելքներ են անոր վերելքն ու յաջողութիւնները անտեսելու փորձերը։
Առաւել՝ մեղանչում մըն է ազգին ժառանգորդներուն համար առանց որեւէ ընդդիմութեան ձուլման ենթարկուելու հոգեբանութիւնը։

Ահա թէ ինչու, հպարտօրէն ապրելու վճռականութիւնը, իբրեւ ազգային արժանապատուութիւն արտայայտող առաքինութիւն, հարկ է ամրապնդել լայն զանգուածներու մէջ։

Հայեցի մեր դաստիարակութեան ԱլՖան եւ Օմեկան պէտք է դարձնել ազգային հպարտութիւնը, ամէն գնով անաղարտ պահելու համար ազգային արժէքներու եւ առաքինութիւններու այն հարստութիւնը, զոր հայութիւնը պահած է դարեր շարունակ։

Ազգային  հպարտութիւնը չի ժխտեր արժէքը այլ ազգերու։ Յարգելով հանդերձ այլ ազգերու հոգեմտաւոր ժառանգութիւնները, անիկա սեփական դիմագիծը անաղարտ եւ անկորուստ պահելու կամք մը կոչուած է դառնալու հասնող սերունդներուն համար։

Այդ կամքով զրահուած‎՝ պէտք է շարունակել մեր յառաջընթացը եւ հայ կեանքը վերածել ամրակուռ քաղաքի մը, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.ը՝ անոր աննուաճելի միջնաբերդին։

Տարածենք