Թիւ 265 - ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ
Գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ մասնագիտութեան այս դարուն, ուսումը նախապայման է մտքի զարգացման համար, սակայն անբաւարար՝ նկարագիրի կերտման համար։ Անոր համար անհրաժեշտ է կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն։
Ուսումը եթէ լոյս է, կրթութիւնը անոր ջերմութիւնն է։ Երկուքը զիրար ամբողջացնող անբաժանելի տարրեր են, մէկը միւսէն զօրաւոր եւ ազդեցիկ։ Կրթութենէ զուրկ, սակայն ուսեալ անձ մը մարդկային ընկերութեան մէջ պիտի չունենար այն հմայքը, զոր պիտի ունենար երկուքին արժանիքներով օժտուած մարդ մը։ Արեւուն լոյսը, առանց իր կենարար ջերմութեան, պիտի չունենար այն կախարդանքը, ինչ որ ունի երկուքին միաձոյլ զօրութեամբ։
Ուսումը կը ջամբուի դպրոցներէ ներս։ Կրթութիւնը պէտք է փնտռել նաեւ ուրիշ տեղ։ Դպրոցին կողքին, կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն կը փոխանցեն ընտանիքները, միութիւնները եւ անոնց ստեղծած միջավայրն ու մթնոլորտը։ Ու երբեք պէտք չէ խաբկանքը ունենալ, որ մէկուն կամ միւսին ճիգը առանձինն կրնայ արդիւնաւորուիլ։ Յաճախ մէկուն շինածը միւսին անհոգութեան պատճառով կը քանդուի։ Երեքին համադրական ճիգն է, որ տարուած աշխատանքին յաջողութիւնը կ’երաշխաւորէ։ Եթէ կրթութեան հիմը չդրուի ծնողներու կողմէ, եւ եթէ դպրոցը այդ հիմին վրայ չաւելցնէ իր աղիւսները, անկարելի է որ միութիւն մը, թէկուզ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նման մարմնակրթական մեծ միութիւն մը, առանձինն կարենայ գլուխ հանել պատասխանատու այդ գործը։
Երեւոյթները խօսուն են. յաճախ կարելի է հանդիպիլ պատանիներու եւ երիտասարդներու, որոնք կրթութեան պակասի պատճառով միայն իրենց բնազդներուն կը հետեւին եւ իրենց եսի կանչին կը սպասարկեն։ Բնական է, կիրթ ըլլալ չի նշանակեր անհատականութիւն չունենալ, ազատ չըլլալ։ Խօսակցութեան, կեցուածքի կամ շարժուձեւերու պատշաճութիւնը ազատութեան կաշկանդում չ’ենթադրեր, ոչ ալ՝ յարգանքի զգացողութիւնը ստորակայութեան բարդոյթի մը արտայայտութիւնը կը հանդիսանայ։ Ընդհակառակն՝ դիմացինը յարգելով ամէնէն աւելի յարգուած ու մեծցած կ’ըլլայ յարգողը ի՛նք։ Նորերը պէտք է գիտնան յարգել իրենց մեծերը, իրենց ընկերները, իրենց խօսքը, պարտաւորութիւնները։ Պէտք է գիտնան յարգել ընկերութեան օրէնքները, ազգին ու հայրենիքին արժէքները։
Կրթութեան ու դաստիարակութեան համար դասագիրքեր գոյութիւն չունին։ Ծնողներ կրնան ըլլալ առաջին դասագիրքերը։ Զաւակներ իրենց ծնողներէն եւ անմիջական շրջապատէն բնազդաբար կը կապկեն կեանքին հետ իրենց ունենալիք յարաբերութիւններուն ձեւերը։ Դպրոցներ, իրենց կարգին, կրնան երախտաշատ գործ կատարել, եթէ իրենց ջամբած ուսման կողքին՝ կարենան նաեւ իրենց խնամքին յանձնուած սերունդը կրթել ընկերային կեանքի հարկադիր օրէնքներուն համապատասխան գիտակցութեամբ եւ բծախնդրութեամբ։
Հուսկ, լրացնող ու ամբողջացնող գործօն կը հանդիսանան միութենական կրթութեան արժանիքները. Հ.Մ.Ը.Մ.ի նման միութիւններու մէջ, ուր խօսքը կը դառնայ գործ, պատանիներ ու երիտասարդներ կը սորվին գործին ընդմէջէն անհատական եսերը ծառայեցնել հաւաքական մենքին։ Աւելին, անոնք կը դառնան համեստ, հնազանդ եւ կարգապահ։ Փափկանկատ վերաբերում կ’ունենան իրենց նմաններուն նկատմամբ, յարգելով իրենց ղեկավարներուն հեղինակութիւնը եւ իրենց ընկերներուն արտայայտուելու եւ գործելու ազատութիւնը։
Վաղուան հայութիւնը, կը հաւատանք, իր տեսակը պիտի պահէ ոչ թէ միայն ուսեալներու հաւաքականութեամբ, այլեւ՝ քաղաքակրթուած մարդոցմով։ Իսկ նման մարդիկ կը կերտուին միայն ընտանիք-դպրոց- միութիւններ կրթական ներդաշնակ ու միաձոյլ աշխատանքով։