Թիւ 277 - ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի նման մարմնակրթական միութիւններու մէջ փնտռուած արժանիք մըն է հեղինակութիւնը, որուն անհրաժեշտութիւնը օրէ օր աւելի կը զգացուի սկաուտական թէ մարզական պատասխանատուներու մօտ։

Սկաուտ խմբապետ մը կամ պասքեթպոլի խումբի մարզիչ մը որքան ալ հմտութեան տէր ըլլայ եւ գիտելիքներու տիրապետէ, չի կրնար օգտակար ըլլալ, եթէ հեղինակութիւն չունի իր խնամքին յանձնուած տղոց վրայ։

Կը սիրուին ու կը յարգուին այն պատասխանատուները, որոնք բարի են, բայց նաեւ՝ խստապահանջ։ Աններող են փոքր թերութիւններու նկատմամբ, բայց ոչ՝ քինախնդիր։ Ընդհակառակն, չեն սիրուիր անոնք որոնք թոյլ են եւ իրենց վստահուած պատանիներու քմայքին կը ծառայեն, իբրեւ թէ զանոնք ներգրաւելու համար։

Պատասխանատուի մը նկարագիրը մեծ դեր ունի նորահաս տղոց կրթութեան աշխատանքին մէջ։

Օրինակները ցոյց տուած են, որ համակրանք չեն վայելեր այն պատասխանատուները, որոնք կարգապահութիւնը կը շփոթեն անտեղի խստութեան հետ, հեղինակութիւնը մեծամտութեան եւ եսասիրութեան հետ։ Նման ընթացքներ զզուանք կ’առթեն պատանիներու։

Անգամ մը որ պատանին խրտչի պատասխանատուէն, այլեւս աւելորդ կը դառնայ անոր ներկայութիւնը միութենէն ներս։ Հաւաքները կամ խաղերը կը դառնան հետաքրքութենէ զուրկ, իսկ հանդիպումները՝ ձանձրացուցիչ։ Դիտողութիւնները եւս անլսելի ու անօգուտ կը դառնան։

Պատասխանատուի մը առաջնահերթ պարտականութիւնն է նախ՝ սիրել պատանիները ու սիրուիլ անոնցմէ։ Ապա՝ հետաքրքրական դարձնել իր աշխատանքները։ Ու այն ատեն միայն ան կը յաջողի իր առաքելութեան մէջ։

Հեղինակութիւնը պարտադրանքով ձեռք չի ձգուիր։ Ինչպէս որ լացը տկարներու զէնքն է, նոյնպէս ալ՝ պարտադրանքը, աննշան արարքի մը համար խիստ դիտողութիւնը՝ տկար եւ հեղինակութենէ զուրկ պատասխանատուի մը զէնքն է. ո՛չ ազդու զէնք մը, որ խորքին մէջ կարգապահական հարց մը առժամաբար կը լուծէ միայն, աւելի ուշ սակայն դարձեալ բորբոքելու համար։

Պատանիներու համար ամէնէն ազդու եւ կաշկանդիչ ուժը կը կայանայ պատասխանատուին ձեռք բերած անձնական հմայքին մէջ, զոր կարելի է ունենալ հեղինակութեամբ, իսկ հեղինակութիւնը կը շահուի փորձառութեամբ, լայնախոհութեամբ, իտէալ ու նկարագիր ունենալով, ու մանաւա՛նդ՝ դիմացինին վրայ ազդելու կարողութեամբ։

Պատասխանատու մը եթէ չունի այս յատկութիւնները, կը նկատուի ձախողած մը, որ չի կրնար բաղձալի արդիւնքներու հասնիլ, նոյնիսկ եթէ մեծամեծ վկայականներու կամ պաշտօններու տիրացած է ան։

Պատասխանատուի մը հմտութիւնը շատ կարեւոր ըլլալով հանդերձ, կան նաեւ կարգ մը աշխատանքներ, զորս անտեսելու իրաւունք չունի ան, որպէսզի իր հեղինակութիւնը մնայ անխախտ։ Իսկ այդ աշխատանքներուն թիւ մէկ թշնամին ծուլութիւնն է, թիւ մէկ բարեկամը՝ ինքզինք տեւաբար կատարելագործելը։

Գաղտնիք մը չէ, որ մեր օրերու պատանիները հարցասէր են։ Օրուան նորութիւններուն շատ մօտէն կը հետեւին եւ այս իմաստով անոնք յաճախ քայլ մըն ալ առջեւ են իրենց մեծերէն։ Ու բնական է, որ իրենց պատասխանատուին մէջ ժամանակակից չափանիշներով բանիմաց մարդը տեսնելու անոնց մարմաջը շատերու մէջ արթնցնէ հետաքրքրութեան ոգին եւ պատասխանատուին հմտութիւնը փորձելու փափաքը, որով պատասխանատուն եթէ անկարող ըլլայ բաւարարութիւն տալ անոնց հետաքրքրութեան, կ’արժեզրկուի յաչս իրենց եւ, ուրեմն, կը զրկուի ազդելու իր կարողութենէն, օգտակար դառնալու հնարաւորութենէն։

Հետեւաբար, կարեւոր է հեղինակութիւն ունենալ պատանիներու վրայ եւ ձեռք ձգուած հեղինակութիւնը տեւական ճիգով բարձր պահել՝ կերտելու համար վաղուան մեր առո՛ղջ սերունդները:

Տարածենք