Թիւ 278 - ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ականի բնորոշ յատկութիւն է հաւատարմութիւնը։ Շատերու համար Հ.Մ.Ը.Մ.ականութիւնը հոմանի՛շ է հաւատարմութեան։ Որքան մարդ հեռանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ականութենէ՝ այնքան կը հեռանայ հաւատարմութենէ։ Նաեւ՝ հակառակը։ Մարդ որքան հրաժարի հաւատարմութեան սկզբունքէն,- գլխաւոր սկզբունքը սկաուտական դաւանանքին-, այնքան իր մէջ կը մեռնին Հ.Մ.Ը.Մ.ն ու հայը։

Հաւատարմութիւնն է համագումարը Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարդու առաքինութիւններուն։

Հաւատարմութիւն ազգային արժէքներու, նահատակներու, սեփական ժողովուրդի, հայրենիքի եւ Դատի։

Հաւատարմութեան այս մօտեցումով պէտք է արժեւորել Եղեռնի 90-ամեակին առիթով կատարուած Հ.Մ.Ը.Մ.ական ուխտագնացութիւնը Տէր Զօր եւ Մարկատէ, իբրեւ յարգանքի արտայայտութիւն անոնց, որոնք ազգային մեր խաչելութեան եւ յարութեան վկաները հանդիսացան։

Երեւոյթը սրտառուչ էր. տեսնել աւելի քան 300 Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտներ, իրենց պատասխանատուներուն առաջնորդութեամբ, երկիւղած հաւատարմութեամբ կը վերակենդանացնեն յիշատակը այն հազար-հազարներուն, որոնք Տէր Զօրի ու Մարկատէի ճամբուն վրայ, անապատի աւազերուն մէջ, ինկան անշունչ, ինկան սովէն, մտրակէն, սուրէն ու տապարէն։

Երեւոյթը միանգամայն գօտենպնդիչ էր. տեսնել Հ.Մ.Ը.Մ.ական նոր սերունդի ներկայացուցիչներ, ազգային հաւատարմութեան իրենց գեղեցկագոյն պատկերին մէջ, միութեան աշխարհասփիւռ 98 մասնաճիւղերուն անունով 98 ծաղկեպսակներ կը զետեղեն Տէր Զօրի ուխտավայր եկեղեցւոյ մէջ, ապա՝ աղօթքի մրմունջներու հետ, Եղեռնադաշտը կը թնդացնեն «Յառաջ նահատակ»ով, իրենց ժողովուրդի սուգին ու տառապանքին միացնելով կամքն ու հաւատքը՝ վաղուան յաղթանակին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ական հաւատարմութեամբ շաղախուած ուխտ մը նուիրագործուեցաւ Տէր Զօրի ու Մարկատէի մէջ, աննահանջ թափ տալու համար ազգային-պահանջատիրական մեր երթին եւ գալիք օրերուն նայելու համար աւելի՛ ինքնավստահ ու ջլապինդ։

Այսպէս, Հ.Մ.Ը.Մ. ականջալուր դարձաւ իր նահատակներուն, որոնք անապատի աւազներէն ու Եփրատի խորերէն բարձր աղաղակեցին արդար դատի ու ազգային իրաւունքի հետապնդման պահանջը։ Պահանջը կառչած մնալու հայ ժողովուրդի անկորնչելի արժէքներուն՝ հայրենիքին, արդարութեան, իրաւունքին եւ արժանապատուութեան, որոնք Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարդու հոգեկան կառոյցին մէջ արդէն ձուլուած են ոգեկանութեան այնպիսի շունչով մը եւ արմատացած եւ այնպիսի խոր ու հաստատուն հիմերով, որ իր ներկայ մեծութեան հասցուցած են միութիւնը։

Տէր Զօրն ու Մարկատէն խունկ ու մոմ վառեցին իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի հոգիին խորը, դարձան խորհրդանիշներ ազգային զոհաբերութեան եւ ուխտաւոր սերունդին ճամբով բոլորին, անխտի՛ր բոլորին, փոխանցեցին պատգամ մը նուիրական.-

Խոնրահեցէ՛ք ձեր նահատակներու յիշատակին դիմաց։ Խորհրդածեցէ՛ք անոնց մասին գիտակցութեան եւ զգաստութեան անկեղծ ճիգով։ Անոնց հայելիին մէջ դիտեցէք ու քննեցէք ձեր խիղճերը։ Անոնց տեսլականին հաւատարմութեամբ ապրեցէք ձեր կեանքը, եւ միայն այն ատեն գտած կ’ըլլաք հայ ժողովուրդի տեւական յաղթանակին ու յաւերժութեան գաղտնիքը։

Տարածենք