Թիւ 280 - «ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ»

 

Մարզիկ»ի վերջին թիւերուն մէջ ուշագրաւ տեղ կը գրաւեն «Կը նուիրեն»ները։ Շատեր թերեւս անտարբերութեամբ մը կ’անցնին անոնց վրայէն։ Ուրիշներ կը կարդան, պահ մը կ’ուրախանան ու յետոյ կը մոռնան։

Եւ սակայն, Աւետարանի այրի կնոջ լուման յիշեցնող այս «Կը նուիրեն»ները արժանի են լայն ուշադրութեան եւ գնահատանքի։ Ոչ թէ իրենց արժէքով, այլ՝ իմաստով ու ոգիով։ Շատ աւելի մեծագումար նուիրատուութիւններ եղած են ու կ’ըլլան, սակայն Հ.Մ.Ը.Մ.ին ու անոր ամսաթերթին կաթիլ-կաթիլ տրուածները ունին իրենց յատուկ թելադրականութիւնը, իբրեւ գեղեցիկ արարքի մը, սրտաբուխ ազնիւ զգացումի մը արտայայտութիւնը։

Անկասկած, որ այդ նուիրատուներու շարքին կը գտնուին նիւթապէս բարօր վիճակի մէջ գտնուողներ, որոնք հայ մարդու քրտինքը օրերու հետ վերածած են ադամանդի…։ Բայց կան նաեւ օրը-օրին ապրողներ, որոնք իրենց հանապազօրեայ հացէն է որ բաժին կը հանեն իրենց սիրելի միութեան ամսաթերթին։ Ու այսքան գուրգուրանք, այսքան զոհողութիւն իսկապէս որ արժանի է յարգանքի։

Այս պարագային տրուածը միայն դրամ չէ, միայն նիւթական արժէք չէ, այլ՝ նուիրողին սիրտն ու հոգին է, զոր կարելի չէ նիւթով չափել։

Ահա թէ ինչու խորհրդածութեան արժանի է նմաններուն յուզիչ եւ դաստիարակիչ քայլը։

Հասարակ ցուցամոլութենէ մղուած, այս նուիրատուները կրնան իրենց եսը շոյող նախաձեռնութիւններու վրայ ծախսել, կամ մինչեւ իսկ բնաւ չծախսել, այլ՝ իրենց ունեցածը պահել, բնազդական ընչաքաղցութեամբ մը, ինչպէս որ շատեր կ’ընեն, սակայն երբ անոնք իրենց ունեցած-չունեցածէն բաժին կը հանեն հաւաքականութեան, թերթի՛ն, ասիկա փաստը կը հանդիսանայ ենթականերու ազգային խոր զգացումներուն եւ գիտակցութեան։ Ասիկա նաեւ փաստը կու տայ այն իրողութեան, որ աշխարհի չորս ծագերուն, ո՛ւր ալ գտնուին անոնք՝ Սիտնի, Մոնթրէալ, Փարիզ թէ Պոսթըն, անոնք չեն դադրիր վայրկեան մը իսկ հայեցի ոգիով ապրելէ, ազգային արժէքներու եւ իտէալներու հաղորդակից ըլլալէ եւ իրենց համեստ անձերը հայ ժողովուրդի անբաժանելի մասնիկները նկատելէ։ Այս ուղղութեամբ թերեւս անոնք արտայայտուելու կարողութիւն չունին, թերեւս իրենք իրենց հաշիւ չեն տար իրենց ապրումներուն մասին, բայց իրենց արարքով պերճախօս արտայայտութիւնը կու տան իրենց հայատրոփ ներաշխարհին։

Հայ ժողովուրդի տարբեր խաւերուն պատկանող եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաղթանակներուն հպարտութեամբ ապրող այս հայորդիները, ուրախ թէ տխուր առիթներով, կը նախընտրեն նուիրատուութիւններ կատարել «Մարզիկ»ին, հասոյթի գլխաւոր աղբիւր ունենալով իրենց հարուստ ոգին՝ ամէնէն աւելի։

Շատ են անոնք։ Անոնց անձերուն ծանօթանալէ ետք, կարելի չէ հպարտութեամբ չլեցուիլ, որ հայու դարաւոր առաքինութիւնները դեռ կը շարունակեն ծաղկիլ գաղութէ գաղութ եւ ամէնուրեք գտնել նման ոսկի սրտեր։

Հինէն, մեր իմաստուն ժողովուրդը համոզուած է, թէ «ինչ բարիք որ ընես՝ այդ կը մնայ միայն»։

«Մարզիկ»ի նուիրատուները այդ իմաստուն ժողովուրդին հարազատ զաւակներն են, որոնց լումաներով ամէն նուիրատուութիւն կը վերածուի բազմապատի՛կ բարիքի։

Տարածենք