Թիւ 282 - ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Անվերջ վազք մըն է կեանքը։ Կը յաջողի ան, որ կրնայ դիմագրաւել արգելքներ։ Կը յաղթանակէ ան, որ ունի անխախտ հաւատք եւ յարատեւելու կամք։

Անհատական կեանքի յաղթանակէն ու յաջողութենէն աւելի, սակայն, հիմնական նշանակութիւն ունին հաւաքական մեր կեանքին յաղթանակն ու յաջողութիւնը, որոնք մեծապէս կախեալ են մեր ապագան երաշխաւորող երիտասարդութենէն։

Այս պարագային, երիտասարդութեան մէջ գտնուող ուժն ու կենսունակութիւնը, միտքն ու ուսումը, զարգացումն ու կարողութիւնները բաւարար երաշխիքներ չեն յաղթանակի՝ անհատական թէ հաւաքական մեր կեանքին մէջ։ Խելք եւ տրամաբանութիւն, վկայական եւ կարողութիւն առանձինն բաւարար արժէքներ չեն՝ կարենալ դիմագրաւելու համար մեզի սպառնացող դժուարութիւններն ու տագնապները։

Վերջին հաշուով ո՞ւժն է կարեւորը կեանքի մէջ, թէ ուժերու կազմակերպումը՝ իտէալի մը շուրջ։ Ի՞նչ կ’արժեն ուժեր, մտաւորական ու նիւթական կարողութիւններ, եթէ անոնք չհամախմբուին ընդհանրական նպատակի մը շուրջ եւ չծառայեն որոշ գաղափարի։

Իտէալի եւ գաղափարի ծառայութեամբ մերօրեայ երիտասարդութենէն անկարելի զոհողութիւններ չեն սպասուիր, այլ նուազագոյնը՝ մասնակցութի՛ւն հաւաքական մեր կեանքին։ Ազգին ու հայրենիքին օգտակար դառնալու միջոցներ շատ կան։ Կարեւորը ներդրում ունենալն է ազգային ինքնաճանաչումի, ազգակերտումի եւ ազգապահպանումի մեր աշխատանքներուն։

Չի բաւեր կրաւորական հանդիսատեսի աչքով հետեւիլ ազգային-միութենական մեր կեանքին, կամ պարզապէս անոր թերութիւնները մատնանշելով՝ չքմեղանքներ գտնել անկէ հեռու մնալու համար։ Անշուշտ, անթերի չէ ազգային-միութենական մեր կեանքը. բազմաթիւ թերութիւններէ կը տառապի ան, բայց ո՞վ պիտի սրբագրէ զանոնք, եթէ ոչ անոնց քննադատութեան եւ սրբագրութեան յանդգնութիւնը ունեցող մերօրեայ երիտասարդութիւնը։

Ձեռնթափութիւնը արտօնելի չէ։ Կը բաւէ որքան ենթակայ ենք համաշխարհայնացումի, այլասերումի եւ խելայեղ նիւթապաշտութեան արտաքին հոսանքներուն։ Մեր շուրջը, մարդիկ արժանապատիւ կեանքի մը ապահովման պայքարը կը մղեն, իսկ մենք այդ պայքարին հետ միասին ու անկէ առաջ, մեր ներսը՝ ազգային գոյատեւման դաժան կռիւ՛ը կը մղենք։

Ազգին Բերդը հարկ է նախ ներսէ՛ն ամուր պահել. «Պարտութիւնը ի՞նչ է որ դուրսը, կռուի դաշտին վրայ, պալատին մէջ, կամ ուր որ կþուզես։ Պարտութիւնը իսկապէս լեղի է հոգիի՜ն մէջ, եւ ով որ հոգիին մէջ պարտուած է անոր փրկութիւն չկայ։ Մարդիկ նաեւ հոգիին մէջ կը յաղթուին։ Հոգիին մէջ չյաղթուածը անպարտելի է», պիտի ըսէր Լեւոն Շանթ։

Հայ կեանքի դժուարին օրերուն, ասպարէզը միշտ երիտասարդներուն եղած է։ Այսօր, զգալիօրէն աննպաստ պայմաններու մէջ, ձեռնոցը դարձեա՛լ նետուած է երիտասարդութեան, որպէսզի դուրս գայ իր կաշիէն, իր անձնական հետաքրքրութիւններու նեղ շրջանակէն եւ իր ուժերու կենսունակութեամբ նոր հորիզոններ բանայ ազգային-միութենական մեր կեանքին, ի խնդիր հաւաքական մեր ուժին ամրապնդման եւ ընդհանրական մեր նպատակներուն իրականացման։

Տարածենք