Թիւ 303 - ՃԱՆՉՆԱ՛Լ

 

Մեր շուրջը ապրող ժողովուրդները ճանչնալը անհրաժեշտութիւն մըն է, անկասկած։ Ճանչնալ կը նշանակէ հասկնալ եւ գնահատել։ Իրական ճանաչողութենէ կը բխի արդիւնաւոր գործակցութիւն, որուն կը ձգտին բոլո՛ր ժողովուրդները, սկաուտական, մարզական, ընկերային թէ մշակութային բոլո՛ր կազմակերպութիւնները, որոնց նպատակը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ զիրար ճանչնալով կապ ու հաղորդակցութիւն ստեղծել իրարու միջեւ, միասնաբար դիմագրաւելու համար ժամանակին հետ մեծցող մարտահրաւէրները։

Այլ ժողովուրդներ ճանչնալու կողքին, անհատի մը համար, սակայն, շատ աւելի կենսական պահանջ է ճանչնալ նախ ի՛ր ժողովուրդը, որուն մէկ անդամն է ան եւ որուն կը պարտի իր գոյութիւնը։

Շատերու համար նման հաստատում մը կրնայ անտեղի թուիլ, որովհետեւ շատ բնական է որ մարդ ճանչնայ իր ժողովուրդը, քանի հարազատ ծնունդն է անոր։ Անբնականը հակառակն է, որ սակայն օրէ օր աւելի զգալի կը դառնայ։ Որքա՜ն հայեր կան, որոնք իրենց անուն-մականունով, մինչեւ իսկ իրենց լեզուով եւ զգացումներով հայ են, բայց շատ քիչ կը ճանչնան հայութիւնը։

Չի բաւեր ծագումով ժողովուրդի մը պատկանիլ, անոր մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ ունենալ, քանի մը անուններ եւ թուականներ գիտնալ։ Ժողովուրդ մը իր անցեալով եւ ներկայով ճանչնալու համար պէտք է շաղուիլ, միախառնուիլ անոր հետ, պէտք է հոգի եւ արիւն դարձնել անոր ապրումները, ձգտումները, դժուարութիւններն ու յաջողութիւնները։ Իսկ այդ բոլորը առաւելաբար կրթութեամբ կարելի է, ազգայի՛ն կրթութեամբ։

Ժողովուրդի մը պատմութեան եւ մշակութային արժէքներու տեսական ուսմունքը, կրթութիւնը, նախապայմանը կը կազմէ զայն ճանչնալու գործին, սակայն առանձինն ան բաւարար չէ։ Կրթութիւնը էական հիմնաքար մը ըլլալով հանդերձ, որուն վրայ պիտի բարձրանայ անհատի մը ազգային գիտակցութեան լրիւ շէնքը, ամէն բան չի նշանակեր ժողովուրդ մը ճանչնալու իմաստով։ Նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է կենդանի շփումը զանգուածներու հետ։

Հեռուէ հեռու կապը անհատի մը առիթ չի տար ծանօթանալու իր ժողովուրդի իսկական դիմագիծին, ուժին եւ տոկունութեան աղբիւրներուն։ Մինչդեռ անմիջական շփումը, առօրեայ կեանքի խօսուն օրինակներով, կը ներկայացնէ այդ բոլորը ճանչնալու մեծ պատեհութիւնը։

Ժողովուրդ մը լաւ ճանչնալ կը նշանակէ հաւատք ու վստահութիւն ունենալ անոր վրայ։ Մանաւանդ անոնք, որոնք կոչումը ունին ժողովուրդ մը ղեկավարելու, պարտաւոր են կենդանի շփումներով եւ անձնական փորձառութեամբ իրենց դատումները հասցնել կատարեալ համոզումի, որովհետեւ կեանքի մէջ չկայ աւելի մեծ ու դրական ուժ, քան այն հաւատքը, որ համոզումէն կը բխի։

Մտնել ժողովուրդին մէջ, բաժնել անոր տագնապներն ու ուրախութիւնները, դեր ստանձնել անոր հաւաքական կեանքին մէջ, մասնակից դառնալ անոր ապագային կերտումին.- ա՛յս է միակ ճամբան ժողովուրդէն չկտրուելու եւ անոր թերութիւններւն հետ առաւելութիւններն ալ անձնապէս հաստատելու համար։ Կարճ՝

Ճանչնա՛լ ժողովուրդը։

Ճանչնալ, սիրել ու նուիրուիլ անոր։

Ճանաչողութիւնը այս ձեւով միայն ամբողջական եւ համոզիչ կ’ըլլայ։

Տարածենք