Թիւ 304 - ՆՈ՛Ր ՕՐԵՐ

 

Պատգամաւորական ժողովները ձեւական խանդավառութեան առիթներ չեն։ Ծափի եւ ողջոյնի օրեր չեն։

Որքան ալ սիրենք խանդավառութիւնը եւ հաւատանք անոր մղիչ դերին՝ միութիւններու կեանքին մէջ, պէտք է ձգտինք իմաստ եւ արժէք որոնելու Պատգամաւորական ժողովէ ժողով երկարած գործունէութեան մէջ։ Պէտք է փորձենք անցնող չորս տարիներէն դէպի ապագայ երկարող ճամբուն վրայ որոշ արժեւորումներ կատարել եւ ըստ այնմ շարունակել մեր երթը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 9-րդ Պատգամաւորական ժողովը այս իմաստով մեզ կը դնէ կարգ մը իրականութիւններու դիմաց։ Այն որ՝

Հ.Մ.Ը.Մ., համահայկական կառոյցի վերածուելէ 33 տարի ետք, այսօր, իսկապէս դարձած է ոսկի օղակ մը՝ հայ սրտերը իրարու կապող։ Իր Պատգամաւորական ժողովի ներկայացուցչական պատկերին համաձայն, Հ.Մ.Ը.Մ. աշխարհի 99 քաղաքներու հայութիւնը իրարու հաղորդակից դարձնող կամուրջ մըն է այսօր, Սփիւռքը Հայրենիքին միացնող ուժ մը, որ իր անդամներուն կու տայ մէկ եւ ամբողջակա՛ն հայութեան պատկանելիութեան գիտակցութիւնը։ Իսկ մեր օրերուն կա՞յ աւելի մեծ անհրաժեշտութիւն՝ քան հայութեան ցրուած ուժերը քով-քովի բերելու եւ աշխատելու հրամայականը։ Ազգը պէտք ունի իր բոլոր ուժերուն։ Հ.Մ.Ը.Մ. բոլորը քով-քովի բերող մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնն է, որ առաւելագոյն յաջողութիւններ արձանագրելու հաւատքն ու վստահութիւնը ունի եւ այդ հաւատքով ու վստահութեամբ կը քալէ՝ յաղթահարելով ժամանակի բոլոր դժուարութիւնները։ Հ.Մ.Ը.Մ. այսօր հայ կեանքին մէջ իր պատուաւոր տեղը ունի ո՛չ միայն իր 26 հազար անդամներու պատկառելի թիւով, կազմակերպական մեծ կառոյցով, նիւթական եւ բարոյական տարածուն գործունէութեամբ, այլեւ՝ մարմնակրթական գործունէութեան ընդմէջէն տարած իր հայանուէ՛ր աշխատանքներով։ Աշխատանքներ, որոնք կենսունակ եւ առողջ կը պահեն հայ նոր սերունդները, զանոնք կը մեծցնեն ազգային արժանապատուութեան զգացումով եւ մարմնակրթութեան գործը կը դարձնեն նուիրական առաքելութիւն՝ ծառայելու համար մեր հաւաքական կեանքին ամրապնդման։

Այդ կենսունակութեան պատիւէն բաժին մըն ալ, անշուշտ, կþերթայ նոյնինքն Հ.Մ.Ը.Մ.ին, որուն Պատգամաւորական ժողովին երիտասարդ կազմը լաւագոյն փաստը կու տայ այս երեւոյթին։ Արդարեւ, միութիւն մը երբ 89 տարեկան է եւ զայն բաղկացնող տարրերը այդ տարիքին շուրջ կը գտնուին, կը նշանակէ թէ այդ միութիւնը հոգեվարքի մէջ է եւ ժառանգորդ չունի՝ գործը շարունակելու համար։ Մինչդեռ այդպէս չէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պարագան, ուր տեւաբար նորեր կը հասնին պատասխանատուութեան տարբեր մակարդակներու վրայ եւ միութիւնը կը յաջողի պահել երիտասարդական իր ինքնուրոյն դիմագիծը։

Այսօր, զոհաբերութեան եւ նուիրումի բազմաթիւ օրինակներ կը պարզէ շրջանէ շրջան Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերուն գործունէութիւնը։ Կարելի չէ ամբողջական պատկերը տալ բազմահազար այն հայորդիներուն, որոնք գիտակից նախանձախնդրութեամբ եւ պատասխանատուութեան խոր զգացումով, տուն-տեղ ձգած՝ ժողովէ ժողով կը վազվզեն, ձեռնարկ կը յաջողցնեն եւ ազգային կարիք մը կը հոգան, որպէսզի միութիւնը զօրանայ իբրեւ կառո՛յց, իբրեւ դերակատարութի՛ւն եւ առաքելութի՛ւն։

Այսպէս, նորերը կþընթանան հիներու ճամբով, բայց նորանոր դժուարութիւններով։ Կեանքի օրէնքն է այդ՝ նոր օրեր, նոր դժուարութիւններ։

Նո՛ր օրեր, նո՛ր պայքար։ Իսկ՝

Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար, նո՛ր պայքար անպայման կը նշանակէ նո՛ր յաղթանակ։

Տարածենք