Թիւ 305 - «ՀԵՏԴ ՊԻՏԻ ՉՏԱՆԻՍ…»
Ժողովրդային հի՜ն ու խորիմաստ խօսք մը կ’ըսէ. «Հետդ պիտի չտանիս…»։
Այս աշխարհի փառքն ու հարստութիւնները կը պատկանին ա՛յս աշխարհին։ Մարդ որքան ալ բարձր դիրքերու հասնի, գործի յաջողութիւններ ունենայ եւ հարստութիւններ դիզէ, ի վերջոյ պիտի մեռնի եւ անդենական մեկնի՝ մերկ ու մինակ, ճիշդ այնպէս ինչպէս որ ծնած էր։
Կ’արժէ իսկապէս, որ ամէն մարդ, օրուան վազվզուքէն, հեւքոտ աշխատանքէն, կիրքերէն ու վէճերէն պահ մը վեր բարձրանալով՝ երբեմն-երբեմն մտածէ մարդկային հասարակաց ճակատագրին մասին, որ կը միանայ մահուան մէջ։ Լաւագոյն դասն ու դաստիարակութիւնը կ’ընծայէ այս վարժութիւնը։ Եսապաշտ ախորժակները, ընչաքաղց ցանկութիւնները, անսանձ կիրքերը եւ նիւթին ստրկական գերութիւնը մոռնալու գլխաւոր միջոցն է ասիկա։
Եթէ չքաւորը ինքն իրեն հաշիւ տայ, թէ ի՞նչ պիտի տանի հետը այս աշխարհէն, իր չքաւորութեան դառնութիւնը նուազ պիտի ճնշէ հոգիին վրայ։ Ան աւելի թեթեւ ու մխիթարուած պիտի զգայ ինքզինք եւ պիտի գիտնայ երջանիկ ըլլալ իր քիչով։
Եթէ մեծահարուստը խորհի, թէ նոյն փոսին կը դիմեն բոլոր կեանքերն ալ, եւ թէ կարելի չէ որեւէ բան տանիլ հոն, բացի անկենդան մարմինէն, այդ պարագային շատ աւելի գթասիրտ եւ կարեկից պիտի դառնայ իր նմաններուն հանդէպ։ Ինքզինք հաւասար պիտի զգայ անոնց։
Շատ հաճոյքներ, նիւթական բազմաթիւ վայելքներ, դրամին կապուած փորձութիւններ, որոնց համար սիրտ ու կեանք կը մաշեցնենք ընդհանրապէս, այս մօտեցումով անիմաստ ու անարժէք պիտի թուին մեզի կամ՝ պիտի ստանան անցաւոր հաճոյքի իրենց բուն արժէքը, իրական տեղը։ Երջանկութիւնը այն ատեն պիտի փնտռենք ուրի՛շ տեղ, հոգեկան ու մտային ապրումներու մէջ։
Ժողովուրդը երկու բառով ըսած է արդէն ամէն բան.- «Հետդ պիտի չտանիս»…։
Իմաստասէրները, գիտուններն ու բանաստեղծները, որոնք կրնան առօրեայէն վեր բարձրանալ եւ աշխարհին բարձունքներէ նայիլ, շատ աւելին ըսած են, շա՛տ աւելի գեղեցիկ ձեւով.
«Մահը մերն է մենք մահինը,
Մարդու գործն է միշտ անմահ»։
Ամէն բան կ’անցնի, առոյգ հասակները կը կքին, ծռած մէջքերը կը փշրին ու հող կը դառնան ի վերջոյ, բայց մարդու մը գործը կը մնայ անմահ, եթէ սովորական, հասարակ, աննշան գործ մը չէ։ Եթէ բարիք կամ գեղեցկութիւն կը ճառագայթէ շրջապատին վրայ։ Ու եթէ իր մէջ ճշմարտութեան եւ կեանքի ուժը կը խտացնէ։
«Անմահ գործեր»ու շարքին կը դասուին այն բոլոր արարքները, որոնք եսասիրութեան նեղ սահմաններէն դուրս կու գան, անձնուիրութեան ձեւ կը ստանան եւ ուրիշներուն կը զոհաբերուին։
Իսկ զոհաբերուելու զանազան ձեւեր կան. մէկը կրնայ իր դրամը ի սպաս դնել հանրօգուտ ձեռնարկներու եւ անմահանալ։ Շինել դպրոց, եկեղեցի, ակումբ, հովանաւորել մարզական խումբեր, պահել սաներ, հրատարակել գիրքեր եւ այլն։ Մէկ խօսքով անմահ նպատակներու գործածել այն նիւթը, որ հետը պիտի չտանի։ Ուրիշ մը կրնայ իր ուժերը, ժամանակը եւ կեանքը նուիրել ժողովուրդին, անոր պահպանման, զարգացման ու բարգաւաճման։ Այս ալ անմահութեան կտակած կ’ըլլայ այն բոլորը, զորս հետը պիտի չտանի։
Կարեւորը այն է, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը տարին գէթ մէկ անգամ յիշէ, թէ… հետը բան պիտի չտանի։