Թիւ 306 - ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

 

«Ազգային գիտակցութիւն»ը յաճախ կրկնուող խօսք մըն է մեր առօրեային մէջ։ Միութենական ժողովներու ընթացքին ամէնէն շատ արծարծուած օրակարգի նիւթերէն մէկն է անիկա։

Գիտակցիլ՝ կը նշանակէ ճանչնալ, հասկնալ, դատողութեամբ ծանօթանալ երեւոյթի մը կամ ճշմարտութեան մը։

Գիտակցութիւնը աստիճաններ ունի։ Ամէն մարդ նոյն չափով կրնայ գիտակից չըլլալ։ Գիտակցութեան մակարդակը կախում ունի տարիքի հասունութենէն, կեանքի փորձառութենէն, մտքի կարողութենէն եւ զարգացումէն։

Կեանքի մէջ գիտակցութեամբ շարժիլը մեծ առաւելութիւններ կու տայ մարդոց, քանի ճամբան լուսաւորող ճրագն է ան, որուն շնորհիւ կարելի կը դառնայ առաջքը առնել խարխափումներու եւ սայթաքումներու։

Մարդոց մեծամասնութիւնը, դժբախտաբար, անբաւարար գիտակցութեամբ կը վարէ իր կեանքը։ Քիչեր ճիգ կը թափեն խորապէս ճանչնալու իրենք զիրենք եւ իրենց շրջապատը։ Այդ պատճառով ալ անոնք կը դիմագրաւեն տեսակաւոր դժուարութիւններ։ Այլապէս, ինչքա՜ն հարցեր պիտի խնայուէին, եթէ մարդիկ ամբողջական գիտակցութիւնը ունենային իրենց իսկական կարողութիւններուն, ցանկութիւններուն եւ միջոցներուն, առանց թերագնահատելու կամ գերագնահատելու իրենք զիրենք։

Անհատական շահերու եւ ուժերու գիտակցութենէն վեր գոյութիւն ունի հաւաքական ձգտումներու եւ որոնումներու գիտակցութիւն մը։ Այս ալ աստիճանաբար կը լայննայ ընտանիքէն դէպի գերդաստանը, գերդաստանէն դէպի միութիւնը եւ ամբողջ ազգը։

Հետեւաբար, ազգային գիտակցութիւն կը կոչուի այն հասկացողութիւնը, զոր անձ մը կը կազմէ ամբողջ ազգի մը պատկանող հասարակաց շահերու եւ իտէալներու մասին։

Եւ դեռ, ազգային գիտակցութենէն վեր կայ համամարդկային գիտակցութիւնը, այսինքն բովանդակ մարդկութեան վերաբերող իրաւունքներու ըմբռնողութիւնը, առանց որուն մարդ միշտ կը մնայ թերի։

Այս բոլորին մէջ, ազգային մտահոգութիւններով, մեզ ամէնէն աւելի հետաքրքրողը ազգային գիտակցութիւնն է, որովհետեւ մարդու մը ազգասիրութիւնը կը խարսխուի իր ազգային գիտակցութեան վրայ։ Ազգասիրութիւնը ինքնաբուխ զգացում է, որ մարդու մը սրտէն կը բխի եւ մեծ զոհողութիւններու գնով զայն կþառաջնորդէ նուիրական արարքներու, բայց եթէ ան չամրանայ ազգային գիտակցութեամբ, չի գոյատեւեր եւ պէտք եղած ձեւով չարդիւնաւորուիր։

Ազգային գիտակցութիւնը որքան զօրանայ միութեան մը կամ ժողովուրդի մը մէջ, այնքան անկերպարան բազմութիւնները կը դառնան միասնական կամքով եւ ապրումներով օժտուած միաձոյլ ազգ։

Ով որ կþուզէ իր ժողովուրդին հարազատ եւ օգտակար մէկ անդամը ըլլալ, ով որ իրապէս ազգասէր է, ամէնէն առաջ պէտք է խորացնէ իր ազգային գիտակցութիւնը։ Պէտք է լաւ ճանչնայ իր ժողովուրդը, անոր Դատը եւ արդար իրաւունքներու հետապնդման պայմանները։ Ան պէտք է լաւ ճանչնայ նաեւ իր ապրած գաղութը, գաղութին շահերը, առաջնահերթութիւնները եւ այն բոլոր կարելիութիւնները, որոնք կրնան նպաստել գաղութին զաւակները հա՛յ պահելու եւ անոնց ներուժը հայութեան հաւաքական շահերուն ծառայեցնելու։

Հարցեր են ասոնք, որոնք կապուած են մարդոց ազգային գիտակցութեան չափին ու որակին, եւ որոնք մեծ նշանակութիւն ունին Հ.Մ.Ը.Մ.ի նման ազգանուէր գործունէութիւն ծաւալած միութիւններու համար, այսօր եւ վա՛ղը։

Տարածենք