Թիւ 307 - ՊԱՏՆԷՇԻ ՎՐԱՅ (Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 90-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

2008-ին, Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ, տօնակատարութիւններու շարքով մը կը նշուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 90-ամեակը, ոգեւորութեան եւ խանդավառութեան մթնոլորտ մը ստեղծելով ամէնուրեք։

Այս տօնակատարութիւններուն առիթով արդար է հպարտութիւնը բոլոր եւ մասնաւորաբար վեթերան Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն, որոնք բարձր ճակատով կը ներկայանան իրենց ժողովուրդին, պարզելու համար իննսուն տարի անընդհատ գործած այս մեծ միութեան նուաճումները, մեր կեանքի դժուարին պայմաններուն մէջ։

Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ հազուագիւտ են մարմնակրթական այն միութիւնները, որոնք իննսուն տարի շարունակ ընթացած ըլլան իրենց հիմնական առաջադրանքներուն ուղիով։ Մանաւանդ մեր օրերուն, երբ մարզական միութիւնները, քիչ բացառութեամբ, վերածուած են շահակցական մօտեցումով ակումբներու, իսկ սկաուտական շարժումները՝ խորքէ պարպուած ընկերային համախմբումներու։

Հայութեան նման փոքր եւ ցիր ու ցան ժողովուրդի մը համար հրաշքի համազօր բան է իննսուն տարի շարունակ մարմնակրթական միութիւն մը պահել իր ազգային-միութենական սկզբունքներու պատուանդանին վրայ, առանց շեղելու այն հիմնական նպատակակէտէն, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ինը եղաւ։

Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ. չեղաւ մարզադաշտերու վրայ միայն յաղթանակներ ապահովելու ձգտող կազմակերպութիւն մը։ Ո՛չ ալ սկաուտութիւնը սկաուտութեան սիրոյն կիրարկող միութիւն մը։ Ան իր գոյութիւնը ամէնէն աւելի խարսխեց մարզական ազնիւ ոգիին վրայ, որուն մէջ համադրուած են մարդկային բոլոր առաքինութիւնները։

Մարզական ոգիի զուգընթաց, իբր հայկական միութիւն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներուն գլխաւոր նպատակներէն մէկը եղաւ հայ մատղաշ հոգիներուն մէջ քանդակել հայու ոգին։

Այդ ոգիին շնորհիւ այս միութիւնը կարողացաւ դիմագրաւել բոլոր տեսակի դժուարութիւններն ու փորձութիւնները, որոնք ցցուեցան իր իննսունամեայ գործունէութեան ճամբուն վրայ։ Ան ձգտեցաւ հայ պատանիին ու երիտասարդին մէջ նախ կերտել Մարդը, Հայը եւ ապա՝ մարզիկը կամ սկաուտը։

Սերունդներ զինուորագրուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշին եւ հազարաւորներ լծուեցան մարդակերտումի եւ հայակերտումի անոր նուիրական գործին։

Ահա, այս երեւոյթին մէջ պէտք է փնտռել գաղտնիքը Հ.Մ.Ը.Մ.ի հանդէպ մեր ժողովուրդին տածած գուրգուրանքին եւ ցոյց տուած քաջալերանքին։

«Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»ը եղաւ անոր նշանաբանը, ու բարձրացան ան, բարձրացնելով նաեւ մեր ժողովուրդին վարկը յաչս օտարներուն։

Այսօր, իր հիմնադրութենէն իննսուն տարի ետք, դարձեալ պատնէշի վրայ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, մեծամեծ մարտահրաւէրներով, սակայն միշտ տրամադիր անսահման զոհաբերութիւններու եւ միշտ պատրաստ՝ նոր բարձունքներ նուաճելու։

Կրտսերագոյն մոկլիէն մինչեւ Կեդրոնական Վարչութեան իր անդամները ամէն օր իրենց հոգիէն, մտքէն ու հանգիստէն բան մը կը զոհաբերեն, բարձր բռնելու համար այն դրօշը, որ աւանդ ձգուեցաւ իրենց միութեան անմոռանալի հիմնադիրներուն կողմէ։

Փա՜ռք այդ պանծալի դրօշին։

Պատի՜ւ այդ դրօշը բարձր բռնած եւ միշտ պատնէշի վրայ կանգնած «Հսկայ նուիրման տորմիղ հրաթեւ, կամաւոր բանակ»ին։

Բի՜ւր յարգանք իննսուամեայ այս միութենէն յաւէտ բաժնուած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու պանծալի յիշատակին։

Տարածենք