Թիւ 12 - ՂԵԿԱՎԱՐԸ

 

Ղեկավար ըլլալը պատիւ է, որովհետեւ ղեկավար ըլլալ կþենթադրէ հաւատք, գիտակցութիւն, զոհողութեան ոգի, կազմակերպելու կարողութիւն, օրինակելի մնալու կամք։

Ղեկավար ըլլալ ամէն մարդու չէ տրուած, որովհետեւ որքան ան արդիւնք է փորձառութեան, հետեւողականութեան եւ ենթակայական զանազան գործօններու, նոյնքան ան բնածին է, ինչպէս հանճարն ու տաղանդը։

Իսկ ղեկավար մնալը՝ արդէն ուրիշ բան է, ան արդիւնք է ակնկալուածին, յոգնութիւն եւ ընկրկում չճանչցող հաւատքին եւ ստանձնուած գործի սիրոյն։

Ղեկավար մնալն ալ ամէն մարդու գործ չէ, որովհետեւ ա՛յդ եւս կþենթադրէ ներքին այնպիսի ուժականութիւն, որ կրնայ բացատրուիլ միայն բնութենէն առնուած առաւելութեամբ։

Ղեկավարելը արուեստ է, մասնագիտութենէ աւելի՝ վիճակ է, կարողութեան եւ հաղորդականութեան գումար, որոնց խարիսխը անկասկած անհատականութիւնն է։

Ղեկավարելը անպայման վարչական-ատենապետ-քարտուղար-գանձապահ հանգամանքը չէ։

Ղեկավար ըլլալու վկայականը վաւերական չէ նոյնիսկ քուէներու արդիւնքով։

Ղեկավարը, այն որ մեծ ու իրաւ, քուէներու օրէնքին ենթակայ չի կրնար մնալ, ընտրուի թէ ոչ՝ ղեկավար է, որովհետեւ չի կրնար ուրիշ բան ըլլալ։

Ծնած է անոր համար, ճշդուած է անոր համար։ Երբ ներս մտնէ, պատկառանքի մթնոլորտ կը ստեղծուի եւ ցուցմունք ստանալու տրամադրութիւն, մանաւանդ նոր բան սորվելու յոյս։

Ղեկավարը ծրագրող եւ ծրագիրը իրագործող, իր միութեան նորանոր յաջողութիւններուն կերտիչն է։

Մեծ է մանաւանդ այն ղեկավարը, որ ղեկավար կը պատրաստէ, եւ մանաւանդ հաւաքական ղեկավարութեամբ կը գործէ։

Վերջապէս, վարիչ-վարչական նշանակուիլ-ընտրուիլը պարզապէս առիթ ու միջոց է ղեկավար դառնալու, հանգամանք ստանալը ՍԿԻԶԲ մըն է ոչ թէ ՎԱԽՃԱՆ մը այդ տիտղոսին արժանանալու համար։

Ընտրութենէն ետք ընտրեալին գո՛րծն է, որ զայն պիտի հաստատէ ղեկավարութեան աթոռին կամ անոր պիտի մերժէ այդ պատիւը։

Ղեկավարէ կամ ղեկավարութենէ զուրկ միութիւնները կամ հաւաքականութիւնները խուժանի կը վերածուին, չեն կրնար արդիւնք տալ։

Ղեկավար ու ղեկավարութիւն ստեղծելն ու պահելը միութենական կամ հանրային հաւաքական արժանիք է։

Առանց զինուորի հրամանատար մը սուտլիկ պուպրիկ է, առանց հրամանատարի զինուորը՝ կորսուած ոչխար։

Բուն, մնայուն եւ արժէքաւոր ղեկավարը ա՛ն է, որ առանց վարչական-ատենապետ իրաւունքներուն կը մնայ գործի ընթացքի մէջ, զինուորներու շարքին եւ, որպէս այդպիսին, կու տայ գործակցութեան օրինակելի փաստը։

Ղեկավարը մանաւանդ ա՛ն է, որ գիտէ զինուոր դառնալ հրահանգ ստանալ։

Յատկապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի նման համագաղութային կազմակերպութիւն մը այս սահմանումներուն ենթակայ ղեկավարներ ունեցած է եւ պէտք է շարունակէ ունենալ։

Մարզական այս միութիւնը մարզանքին հետ ստանձնած է գաղափարական, ազգային եւ համամարդկային նկարագիր ջամբելու առաքելութիւն, որով իր պարտականութիւնն է նաեւ ղեկավար պատրաստել, ինչպէս եւ անոր ղեկավարութեան պարտականութիւնն է սերունդներու դաստիարակութիւնը։

Հ.Մ.Ը.Մ.էն դուրս ազգային ընդհանուր մեր կառոյցին ակնարկելով եւ կշռելով սփիւռքեան մեր իրականութիւնը, կը նկատենք, որ կարեւոր դպրոց մը պակսի մեզի, ղեկավար-վարչական-խմբապետ պատրաստող դպրոցը։

Ճիշդ է, որ մեր կեանքը, մեր միութիւնները իրենք բնական դպրոցներ են առ այդ, սակայն մասնագիտութիւն տալու կոչուած դպրոցները կրնան փութացնել եւ աւելի արդիւնաւորել պատրաստութիւնը։

Վերջին հաշուով, պէտք է պատրաստել Ղեկավարը, կամ՝ ծնիլ զայն։

Տարածենք