Թիւ 318 - ԲԱՐԵՐԱ՛Ր ՆՄԱՆՈՂՈՒԹԻՒՆ

 

Նմանողութիւնը կեանքի գլխաւոր երեւոյթներէն մէկն է, որ մեծ դեր կը կատարէ անհատական թէ հաւաքական մեր կեանքի զարգացման մէջ։

Մարդիկ կը սիրեն իրարու հետեւիլ, նմանիլ, իրենց տեսած նորութիւնները իւրացնել եւ փոխադարձ ազդեցութիւններ կրել։ Քաղաքակրթական հոսանքները եւս երկիրէ երկիր կ’անցնին նմանողութեան օրէնքով։

Կեանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ, ընկերութիւններ ի՞նչպէս կը զարգանան, դպրոցներ ի՞նչպէս կը կազմակերպուին, պետական կարգ ու սարքեր ի՞նչպէս կը հաստատուին, միութիւններ, կազմակերպութիւններ ի՞նչպէս կը գործեն. ազդուելո՛վ, ընդօրինակելով, նմանելով, իրարմէ փոխ առնելով եւ երբեմն ալ ամբողջութեամբ կիրարկելով այն ինչ որ յաջողած է այլոց մօտ։

Նմանողութիւնը ոչ միայն բնական երեւոյթ է, այլեւ՝ յառաջդիմութեան ազդակ է։

Ամէն դրութիւն սակայն ունի իր հակադրութիւնը։ Ուժ մը կը հակազդուի այլ ուժով։ Հոսանքները զիրար կը հակակշռեն եւ կը չափաւորեն։ Այլապէս մարդիկ պիտի իյնային վտանգաւոր ծայրայեղութիւններու մէջ։

Եթէ կայ նմանողութեան փափաքը, կայ նաեւ ինքնատպութեան պահանջը։ Կոյր յառաջդիմութիւնը, առանց պահպանողականութեան, պիտի վերածուէր խօլարշաւ վազքի, անկումի առաջնորդելով հակակշիռէ զրկուած որեւէ ընկերութիւն։

Փաստ է, որ յաջողած են ամէնէն աւելի անոնք,- ընտանիքներ, միութիւններ, ազգեր,- որոնք ներքնապէս լաւ կազմակերպուած ըլլալով, հաւասար կարեւորութիւն ընծայած են երկու թեւերուն ալ։ Եղած են աւանդապահ, առանց սակայն զարգացման եւ յառաջդիմութեան առջեւ թումբեր կանգնեցնելու։

Այս ճշմարտութիւնները կը վերյիշեցնենք ազգային-միութենական մտահոգութիւններով։

Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ 100 մասնաճիւղերը իրենց անդամները դրած են բացառիկ կացութեան դիմաց։ Տարբեր-տարբեր երկիրներու մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ տեւական շփման մէջ են օտար բարքերու եւ սովորութիւններու հետ։ Օրը նոր անոնց տեսածներն ու ապրածները նոր։ Ամէնուրեք միութեան անդամներուն սրտին ու մտքին վրայ ջրհեղեղեան ներխուժում մը կը կատարուի ամէն տեսակ երեւոյթներու։ Ուզեն թէ չուզեն պիտի ազդուին անոնք, պիտի նմանին, պիտի ընդօրինակեն։

Ի՞նչ է օրուան նորութիւնը, ի՞նչ են ընտանեկան-միութենական պայմաններու ձեւափոխութիւնները, եթէ ոչ նմանողութեան օրէնքին բերած պարտադրանքը, որուն դէմ պաշտպանուելու միջոցներէն ընդհանրապէս զուրկ ենք, հայրենի հողէն հեռու ըլլալով։

Ասիկա եթէ առաւելութիւն մըն է մեզի համար, նաեւ թերութիւն մըն է, որ կրնայ լուրջ վտանգի վերածուիլ։

Առաւելութիւն, եթէ գիտնանք իմաստութեամբ եւ խոհեմութեամբ մօտենալ օտարին շլացուցիչ նորութիւններուն, եթէ կարենանք լաւը զատորոշել վատէն եւ ընտրովի՛ իւրացումներ կատարել։ Թերութիւն եւ վտանգ, եթէ բերանաբաց հիացումի անձնատուր, հրաժարինք մեր ունեցած անգին գանձերէն, փոխարէնը հիւրընկալելու համար ուրիշներու կեղծ ոսկին։

Բարերար նմանողութիւնը երբեք պէտք չէ շփոթել ախտագին կապկումին հետ։ Բաներ կան, որոնք խորթ են հայու հոգիին, միութենական մարդու խառնուածքին եւ աւանդութիւններուն, պէտք է գիտնալ մերժել զանոնք, այլապէս անձնատուութիւնը, կոյր հետեւողութիւնը կը քայքայէ թէ՛ մեր անհատական նկարագիրը, թէ՛ մեր ընտանեկան յարկը եւ թէ մեր ազգային-միութենական արժէքներու բարոյական շէնքը։

Իսկ առանց այդ բոլորին, ի՞նչ կը մնայ մեզի, իբրեւ մարդ, ազգ ու հայրենիք։

Տարածենք