Թիւ 319 - ԲՈ՛ՒՆ ՀԱՐՑԸ

 

Քաղքենիացումը նոր երեւոյթ չէ։ Միայն հայութեան յատուկ երեւոյթ ալ չէ։ Ամէն երկրի մէջ, որոշ պայմաններու բերումով եւ նիւթական բարօրութեան հետեւանքով կը ստեղծուի դասակարգ մը, որուն անդամները կը վարժուին հանգստաւէտ կեանքի։ Լաւ ապրելու, լաւ բաներ վայելելու պահանջքը կը դառնայ կեանքի նպատակ։

Եղբ քաղքենիացած դասակարգը հայրենի հողին վրայ կ’ապրի, որոշ չափով մը ան կը պահպանէ իր ազգային դիմագիծը եւ ուզէ թէ չուզէ կապուած կը մնայ ազգային արժէքներու, որովհետեւ ան իր հարստութիւնը ձեռք կը բերէ հայրենի երկրի աղբիւրներէն։ Բայց երբ դիրք ու բարեկեցութիւն ստեղծող այս դասակարգը կ’ապրի օտար հողի վրայ, շատ շուտով կը բռնէ այլասերման ճամբան։

Քաղքենիացումը պարզ երեւոյթէ մը աւելին է։ Ան մտայնութիւն է եւ հոգեբանութիւն։ Քաղքենիացած ընտանիքներ մտադիր են ազգային ամէն արժէք զոհելու, իրենց սեփական հանգիստն ու հաճոյասէր կեանքի առաւելութիւնները չկորսնցնելու համար։ Ամէնէն շուտ եւ եւ ամէնէն առաջ մայրենի լեզուն մոռնալով, իրենց ապրած երկրի լեզուն եւ բարքերը որդեգրող դասակարգն է ան։ Պայքարի եւ դիմադրութեան ոչ մէկ տրամադրութիւն կը գտնենք իր մօտ։ Լաւագոյն պարագային քաղքենի մարդիկ «իմաստուն» խորհուրդներ կը բաժնեն ձախ ու աջ եւ երբեմն ալ «ազնիւ» բարերարութեամբ փոքր ծառայութիւններ կը մատուցեն։ Այդքա՛ն։
Քաղքենիացումը վտանգաւոր համեմատութիւններու կը հասնի, երբ անոր կը միանայ ընթացիկ այլ երեւոյթ մը՝ ցուցամոլութիւնը, զոր սովորութիւն է կոչել սնոպիզմ։ Քաղքենիացում եւ սնոպիզմ միասին կ’ընթանան, իբրեւ մէկը միւսին պատճառ ու հետեւանք։

Քաղքենիացումի եւ սնոպիզմի երեւոյթները կը ներկայանան զանազան ձեւերով, բայց խորքին մէջ անոնք բոլորն ալ կը բնորոշուին նոյն ախտանշանով.¬ եսասիրութիւն եւ օտարասիրութիւն։ Վազք մը անձնական շահերու ետեւէն եւ կոյր ընդօրինակութիւն օտարի բարքերուն։

Իսկ ի՞նչպէս պայքարիլ այս երեւոյթներուն դէմ։

Կարելի՞ է արգելք դնել մարդոց հարստացման դէմ։ Ո՛չ, անշուշտ։ Ընդհակառակն, նիւթական հարստութիւնը ազգի մը մէջ նոյնքան դրական ուժ է, որքան մտաւոր եւ մշակութային զօրութիւնը։ Պայմանով որ սակայն նիւթական այդ ուժէն օգտուին հաւաքական կեանքը պահող կառոյցներն ու միութիւնները եւս։ Ի՞նչպէս ընել ուրեմն, որ մեր մէջ հարստութիւն դիզող դասակարգը չհեռանայ իր ժողովուրդէն, ապրի ազգային մտահոգութիւններով։ Ահա բո՛ւն հարցը։

Քաղքենիացման ընթացքը գրեթէ անխուսափելի է։ Անոր դէմ պայքարի միակ միջոցը ազգային ոգիի պահպանումն է ընտանիքներէ ներս։ Եւ այս «հրաշքը» կարելի կը դառնայ զօրացնելով ու բազմացնելով մեր ազգային ինքնագիտակցութիւնը կազմող տարրերը.¬ հայ դպրոց, հայ միութիւն, հայ եկեղեցի, հայ մամուլ, հայկական բարքեր, հայկական արժէքներ եւ այլն։

Այսպէս, մէկ կողմէ հայութեան երակներէն արիւն պիտի հոսի, միւս կողմէ նոր արիւն պիտի ներարկուի անոր։ Կարեւորը կացութեան չյանձնուելու վճռականութիւնն է։ Պայքարողներու կամքը եւ զոհաբերութեան ոգին։ Հակառակ բոլոր տխուր երեւոյթներուն, պայքարը պիտի շարունակուի, տեւաբար բարելաւելով անոր միջոցները, օգտուելով մեր ժողովուրդի կենսունակութեան աղբիւրներէն։ Օգտուելով անցեալի եւ ներկայի մեր հարուստ փորձառութիւններէն։

Տարածենք