Թիւ 321 - ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ
Տենդագին աշխատանքի մէջ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքը։ Բոլորը կը պատրաստուին այս ամառ տեղի ունենալիք սկաուտական եւ մարզական մեծ իրադարձութիւններուն. համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղեր, համահայկական խաղեր, սկաուտական Վկայեալ կարգի միջ-ցամաքամասային սեմինարներ (Հալէպ, Փարիզ, Լոս Անճելըս), Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սփիւռք-Հայաստան քոյր մասնաճիւղերու առաջին բանակում։
Ընթացքի մէջ են նաեւ յառաջիկայ ամրան տեղի ունենալիք համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումին եւ սկաուտական Արարատեան կարգի սեմինարներուն կազմակերպման աշխատանքները։ Ու այս բոլորը կը կատարուին կողքին այն մնացեալ աշխատանքներուն, որոնք սովորաբար տեղի կ’ունենան ամէն ամրան, բանակումներու եւ միջ-մասնաճիւղային խաղերու ձեւով։
Աշխատանքի դաշտը պէտք ունի բոլորին։ Սկաուտ թէ մարզիկ, ծնողք թէ վարչական, բարեկամ թէ բարերար, բոլո՛րը ճիգերու առաւելագոյն լարումով հրաւիրուած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու նոր սերունդը հոգիով ու մարմնով առողջ պահելու Հ.Մ.Ը.Մ.ական ջանքերուն։
Արդիւնքները կրնան յաջողութեամբ երաշխաւորուիլ, եթէ ունենանք անոնց հասնելու հիմնական միջոցը՝ կազմակերպուածութիւնը։
Ամէն ինչ կախեալ է մեր կազմակերպուածութենէն։ Միութիւններու եւ հաւաքականութիւններու ուժը կազմակերպուածութեան մէջն է։ Նիւթականը, անկասկած, մեծ դեր ունի։ Խոհեմ ղեկավարութիւնը շատ բան կրնայ ընել միութիւն մը լաւ ձեւով առաջնորդելու համար։ Բայց ուժը, հիմնական ու տեւական, միութեան մը ներքին կենսունակութեան, կարգապահութեան եւ միակամութեան մէջն է։
Կազմակերպուածութիւնը երբ ուժ է կ’ըսենք, կը հասկնանք իրարու շղթայուած հազարաւոր մարդիկ, խումբերով, յանձնախումբերով եւ վարչութիւններով, որոնք տարիներու իրենց աշխատանքով որոշ նկարագրի տէր, հաւաքական կամքի արտայայտութիւններ են եւ, հետեւաբար, բոլորին ուժին խտացումը կը կազմեն, անձերէն աւելի զօրաւոր, նիւթականէն աւելի վեր եւ անձնական շահերէն գերադաս։ Այս յատկութիւնները ունեցող հաւաքականութիւն մը կրնայ ե՛ւ դրամ գտնել, ե՛ւ ղեկավարութիւն պատրաստել, ե՛ւ իր անմիջական շրջանակին մէջ շարժում եւ մթնոլորտ ստեղծել։ Ու երբ միութիւն մը այս մակարդակին հասնի, կը դառնայ ուժի աղբիւր, կ’ունենայ ստեղծագործ դեր եւ իր ժողովուրդին համար կը նկատուի կենսական անհրաժեշտութիւն։
Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարդը հաւատքով, յարատեւութեամբ եւ պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ կը ձգտի իր միութիւնը հասցնել այդ մակարդակին, որովհետեւ 91 տարիներու իր փորձառութեամբ ան լաւ գիտէ, որ միութիւններ եթէ կ’ուզեն յաջողութիւններու հասնիլ, անոնք պէտք է կառչին հաւաքական կամքի մը, որ հիմնուած ըլլայ հաւատքի եւ զոհողութեան վրայ, որ ըլլայ շինարար եւ անհատական քմահաճոյքներէ հեռու։ Նման միութիւններու մէջ, ուր «մէկը բոլորին եւ բոլորը մէկուն համար» սկզբունքով կը գործեն, փոխադարձ յարգանքը, փոխադարձ զիջողութիւնը, փոխադարձ վստահութիւնը ընդհանուր նկարագիր կը դառնան, կը մէկտեղուին, իրարու կը շղթայուին եւ կը դառնան կազմակերպուածութիւն, ինչ որ ուժ է եւ վերանորոգի՛չ ուժ։