Թիւ 323 - ԱԿՈՒՄԲՆԵՐԸ Կ’ԱՄԱՅԱՆԱՆ

 

«Գիրքի մը երկու երեսներն ալ պէտք է կարդալ», կ’ըսէ ժողովրդային առածը։ Ակմբաշինութիւնը, որուն նուիրեցինք մեր նախորդ խմբագրականներէն մէկը (թիւ 320), այդ գիրքին կարդացուելիք երեսներէն մէկն էր, որ ունէր նաեւ իր երկրորդ երեսը՝ նոր ակումբներու կարիքին դիմաց, օրէ օր ամայացող ակումբներու երեւոյթը։

Արդարեւ, ակումբ մը, ինչպէս որեւէ հաւաքավայր, ունի նիւթեղէն եւ ոգեղէն իր զոյգ գոյութիւնները։ Նիւթեղէն գոյութիւնը աւելի երկար կը գոյատեւէ՝ քան ոգեղէնը, նայած թէ ակումբը հիմնողները որքան լաւ զետեղած են անոր հիմերը։

Մեր առօրեային մէջ յաճախ կը նայինք յարատեւող ակումբներու եւ կը կարծենք, թէ անոնք տակաւին գոյութիւն ունին։ Մինչդեռ անոնք գոյութիւն ունին իբրեւ խորհրդանիշ եւ նիւթեղէն կառոյց, բայց ոչ՝ իբրեւ կենդանի եւ բաբախուն իրականութիւններ։ Իբրեւ այդպիսին, մեռած են անոնք։

Մեռած են, որովհետեւ ոգեղէն այն տուեալը, որ պատճառ դարձած է անոնց շինութեան եւ յարատեւման, տկարացած է, մեռած է։

Տուն մը տո՛ւն է, երբ զայն իբրեւ տուն կ’ընդունին անոր բնակիչները։ Տունը կը շինուի խանդավառութեամբ, խնամքով եւ գուրգուրանքով։ Երբ ան շինարարն ու զաւակները կը պատսպարէ ցուրտէն ու տաքէն, զիրենք կը պաշտպանէ արտաքին յարձակումներէ, եւ ետեւի պարտէզին մէջ անոնց կը պարգեւէ ծաղիկներու բոյր եւ զովութիւն, մարդ երախտագիտութեամբ կը նայի տան, իր մեծցող զաւակներուն, ծաղիկներուն ու թուփերուն, եւ կ’ըսէ. «Այս շէնքը ե՛ս կառուցեցի, այս ընտանիքը ե՛ս հաստատեցի, այս ընտանիքը եւ այս շէնքը միասնաբար ինծի համար եղան տուն եւ հարազատ մթնոլորտ»։

Բայց երբ զաւակները մեծնան, կամաց-կամաց հեռանան տունէն, եւ երբ ալ պարբերաբար կամ բնաւ չհանդիպին հոն իրարու, երբ շինարարն ալ մահանայ, տունը կ’ամայանայ։ Շուտով պատասխանատուներ կը փնտռուին ստեղծուած տխուր կացութեան համար։ Կը տրուին զանազան բացատրութիւններ, սակայն ոչ ոք կ’ըսէ. «Տունը լքուեցաւ, որովհետեւ տուն չէր այլեւս»։

Իսկ ինչո՞ւ տուն չէր։ Հինի եւ նորի պայքա՞ր, ինչպէս կը սիրեն բացատրել շատեր։ Ո՛չ, ճիշդ այդ պայքարելու ոգիին պակասը։

Ազգային-միութենական մեր կեանքին մէջ հետզհետէ աւելի ցայտուն կը դառնան այս երեւոյթին հետեւանքները։ Մեր ակումբները կ’ամայանան, որովհետեւ մինչ ուրիշներ կը ստեղծեն իրենց ակումբները շնչաւորող նոր ազդակներ ու արժէքներ, մենք կ’անտեսենք մեզ պահող արժէքները եւ անհասկնալի անտարբերութեան մը զոհը կը դարձնենք անոնց ոգեղէն իրականութիւնը։

Անտարբեր մարդը, արժէքի հասկացողութիւն չունեցող մարդը պայքարելու, յառաջդիմելու ոգի չ’ունենար։ Իրեն համար յառաջդիմութեան պատճառը կամ յառաջդիմութեան ճամբով նուիրական արժէքներ ստեղծելու ոգին մեռած է իր մէջ։ Իր մէջ մեռած է հետեւաբար բարձրանալու եւ ուրիշներն ալ իր հետ բարձրացնելու ոգին։ Մեռած է ան ներքնապէս։

Մինչ մեր ակումբները կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ իբրեւ նիւթեղէն իրականութիւններ, անոնց հետզհետէ ամայացումը կու գայ ահազանգը հնչեցնելու, թէ անոնք սկսած են պարպուիլ իրենց ոգեղէն գոյութիւնը գուրգուրանքի, զոհողութեան եւ հոգածութեան առարկայ դարձնող նոր սերունդէն։

Իսկ այս արդէն զօրաշարժ պահանջող մտահոգի՛չ երեւոյթ է։

Տարածենք