Թիւ 328 - 25 ՀԱԶԱՐ «Ո՛Չ»
Պէտք չէ ստորագրուէին։ Ստորագրուեցա՛ն, հակառակ համաժողովրդային բողոքի եւ ընդվզումի այն մեծ ալիքին, որուն մասնակից դարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ., աշխարհասփիւռ իր 100 մասնաճիւղերու 25 հազար անդամներով։
Հ.Մ.Ը.Մ., անմիջական ծնունդը Ցեղասպանութեան, եղաւ առաջիններէն, որ «Ո՛չ» ըսաւ՝
- Այսօրուան Թուրքիոյ պետական սահմաններու ճանաչման։
- Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքներու դադրեցման։
- Արցախի հարցը հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման կապելու մօտեցման։
Հ.Մ.Ը.Մ. իր «Ո՛չ»ը ըսաւ հայրենատիրոջ իր իրաւունքով, գիտակից յանձնառութեամբ եւ ամուր վճռակամութեամբ։
Հ.Մ.Ը.Մ. իր «Ո՛չ»ը ըսաւ ու պիտի շարունակէ բարձր ըսել, որովհետեւ Ցիւրիխի պարտուողական ստորագրութիւնը կը նպատակադրէ Հայ Դատը գերեզմանել եւ ազգային պահանջատիրութեան մեր երթը կասեցնել, ծանր հարուած հասցնելով վերապրողներու եւ անոնց ժառանգորդներու յիշողութեան ու արժանապատուութեան։
«Ո՛չ», որովհետեւ Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը ինքնանպատակ չէ։ Ցեղասպանութիւնը գործուած է հողի համար։ Հետեւաբար, անոր ճանաչումը չ’անջատուիր հայութեան ազգային իրաւունքէն, որ ՀՈՂՆ է, այսինքն՝ բռնագրաւեալ Հայաստանի վերադարձը իր իրաւատիրոջ՝ հայութեան։
«Ո՛չ», որովհետեւ սահմաններու բացումը, Հայաստանի տնտեսական զարգացումը եւ բարգաւաճումը չեն կրնար ըլլալ ազգային գերագոյն շահերու հաշուոյն։ Բայց արդեօք եղած չե՞ն արդէն…։ «Փակ սահման»ով Հայաստան-Թուրքիա շաբաթական երկու երթեւեկը, Երեւանի շուկաներուն թրքական ապրանքներով ողողումը ի՞նչ կը թելադրեն…
«Ո՛չ», որովհետեւ թուրքը՝ թշնամի՛ն չէ հրաժարած Հայաստանն ու հայութիւնը տկարացնելու իր հետեւողական ծրագիրէն։ Մէկ կողմէ ան Հայաստանի կը թելադրէ ձերբազատիլ Սփիւռքի ազդեցութենէն, իսկ միւս կողմէ ան Ցիւրիխի համաձայնութեան կապուած իր մեկնաբանութիւններով կը փորձէ Սփիւռքը լարել Հայաստանի դէմ, վտանգաւոր սեպ մը խրելով երկուքին միջեւ։
«Ո՛չ» նաեւ, որովհետեւ մարմնակրթական միութիւն մը ըլլալով հանդերձ, ազգային-քաղաքական մեր հաւատամքը մեզ կը պարտաւորեցնէ անդուլ տէ՛ր կանգնիլ հայութեան պահանջներուն։
Մենք դեռ հողեր ունինք թուրքերէն առնելու եւ ոչ թէ անոնց զիջելու։ Մեր «Ո՛չ»ը յստակ պատգամ մըն է բոլորին, թէ յոգնիլը մեղք է մեզի համար։ Իւրաքանչիւր հայ, ուր ալ գտնուի ան, ինչ դիրքի վրայ ալ որ ըլլայ, համեստ հայէն մինչեւ երկրի իշխանութիւններու գլխաւորը, իրաւունք չունի զիջումներ կատարելու ի վնաս ազգին ու հայրենիքին։ Հիմնականը համազգային մեր վճռականութեան ամրապնդումն է՝ չընկրկելու, զիջումներ չկատարելու, դիւանագիտութեան սիրոյն չտկարանալու, այլ՝ տեւաբար պահանջատիրոջ եւ իրաւատիրոջ դիրքերէն ներկայանալու։
Մենք դատապարտուած ենք յաղթելու։ Հետեւաբար, վճռած ենք ո՛չ մէկ գնով զիջիլ անժամանցելի մեր իրաւունքները եւ անոնց կարեւորագոյնը՝ հողը հայրենի, որուն 161.370 քառ. քլմ.ը նուիրագործուած է մեր «քաջ որդւոց սուրբ արիւնով»։