Թիւ 331 - ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԴՊՐՈՑԸ
Համաշխարհայնացումի ճնչիչ մտահոգութիւններով լեցուն մեր առօրեային մէջ, գօտեպնդիչ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայութիւնը ազգային մեր իրականութեան մէջ։
Անսանձ մրցակցութեան, եսակեդրոն եւ նիւթապաշտ կեանքի երեւոյթներուն դիմաց, իրարօգնութեան, համագործակցութեան եւ կամաւոր աշխատանքի սկզբունքներով Հ.Մ.Ը.Մ.ի շուրջ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր մարզիկներն ու սկաուտները յոյս եւ հաւատք կը ներշնչեն բոլոր անոնց, որոնք մտահոգ են ազգին ապագայով։ Արդարեւ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ականը կ’ապրի գործով, գիտակցութեամբ եւ անշահախնդիր ծառայութեամբ։
Հ.Մ.Ը.Մ.ականը կ’ապրի ազգային մտահոգութիւններով, տագնապներով եւ անոնց լուծման տեւական ջանքով։
Հ.Մ.Ը.Մ.ականը միութենական, հանրային թէ անհատական կեանքին մէջ կը գործէ ծառայելու եւ օգտակար ըլլալու խոր գիտակցութեամբ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ականը կառչած կը մնայ սկզբունքներու եւ վաւերական արժէքներու։
Անշուշտ, միշտ ալ գտնուած են մարդիկ, որոնք հարցականի ենթարկած են միութիւններու եւ միութենականներու գոյութեան իմաստը։ Այսօր ալ կարելի է հանդիպիլ նմաններու, որոնք «պարապ վախտի խաղալիք» նկատեն Հ.Մ.Ը.Մ.ն ու Հ.Մ.Ը.Մ.ականութիւնը, նիւթականացած ու մասնագիտացած այս աշխարհին մէջ տեղ չգտնելով կամաւոր աշխատանքի եւ զոհողութեան։ Միութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ անհատներ, սակայն, կ’արժեւորուին իրենց գործերով եւ ոչ թէ այլոց կեցուածքներով։ Միութիւններու արժէքը կը գնահատուի իրենց ազգին մատուցած ծառայութեան, օգտակարութեան եւ զոհողութեան գումարով։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի աւելի քան իննսունամեայ կեանքն ու վաստակը փաստն է այս իրողութեան։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդամները քաջ կը գիտակցին, որ իրենք ստանձնած են ծանր պարտականութիւններ, իրագործելու համար զանոնք միութենական, ազգային թէ անհատական մեր կեանքին մէջ։ Անոնք վախ չունին, որովհետեւ զիրենք առաջնորդողը զոհողութեան եւ նուիրումի ոգին է, բարձրանալու եւ բարձրացնելու վեհ սկզբունքը։ Օգտուելով հանդերձ միութեան իրենց ընծայած բարոյական, մտային եւ Ֆիզիքական կարելիութիւններէն, անոնք կը մտածեն նաեւ օգտակար դառնալու միջոցներու մասին։
Օգնել եւ օգտուիլ, բարձրանալ գիտնալ եւ բարձրացնել, ծառայել սորվիլ ու ծառայել։ Այս եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկզբունքը, որուն համար իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ական պարտական է իր ազգին, որովհետեւ ազգը կը հանդիսանայ իր գործունէութեան թռիչք տուողը, զոհողութեան մղողը, կենսունակութիւն եւ կեանք պարգեւողը։
Ազգին հանդէպ կարելի չէ պարտազանց ըլլալ։ Ընկրկում կամ թուլացում արտօնելի չէ։ Ազգը չի ներեր տկարներուն, թերացողներուն, ճամբու կիսուն ինկողներուն։ Ահա թէ ինչու, որքան ալ համաշխահայնացած մեր առօրեան դժուար թուի։ Որքան ալ մեր տագնապները բազմանան ու մեծնան, Հ.Մ.Ը.Մ.ականը կը շարունակէ նուիրումի եւ զոհողութեան ճամբով ընթանալ։
Հ.Մ.Ը.Մ.ականը իր նիստ ու կացով եւ գործով կը ձգտի տիպար օրինակը ըլլալ մաքուր եւ անշահախնդիր միութենականի։
Հ.Մ.Ը.Մ.ականը ամէն տեղ ու ամէն պարագայի կը ջանայ ըլլալ օրինապահ, կարգապահ եւ աւանդապահ հայ մարդ։
Իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը մնայ լաւագոյն դպրոցը այս բոլոր առաքինութիւններու ուսուցման եւ դաստիարակութեան։