Թիւ 333 - ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄԸ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ (Ա.)

 

Կը հիւանդանան՝ առանց Պլէքպըրիի, գլխու պտոյտ կ’ունենան՝ առանց Այ-Ֆոնի եւ անտրամադիր կ’ըլլան՝ առանց Լէպ-Թոփի։

Թերթերը կը կարդան համացանցէն, կը ցատկռտեն «Ֆէյսպուք»ի եւ «Թուիթըր»ի միջեւ եւ նորագոյն Ֆիլմերուն կը հետեւին «Եութիուպ»էն։

Օրական կը ստանան բազմատասնեակ ե-նամակներ, որոնք կը տեղեկացնեն, թէ միլիոնաւոր տոլարներ շահած են վիճակահանութիւններու, որոնց երբեք չեն մասնակցած։ Կամ՝ առաջարկներ կը ստանան այս կամ այն անծանօթէն, որ կը փափաքի ծանօթացման կապ հաստատել իրենց հետ։

Յստակ է, թէ ակնարկութիւնը որո՛ւ մասին է։ Համաշխարհայնացած աշխարհի այսօրուան երիտասարդութեան պատկերն է այս, որ ամբողջական ըլլալու համար կը կարօտի նաեւ յաւելեալ նկարագրութեան։

Այ-Փոտը այս երիտասարդութեան համար այլեւս պերճանք չէ, այլ՝ ականջին անբաժանելի մէկ մասնիկը։ Իսկ Այ‎-Փէտը բոլոր առիթներու սպասուած նուէրն է։

Կ’ապրին կեանք մը, որ կը տարուբերի իրականութեան եւ ելեկտրոնային ենթադրեալ աշխարհներու միջեւ։ Երկուքը իրարու միախառնուած են այնպէս մը, որ դժուար թէ կարելի ըլլայ զանազանել, թէ ո՞ւր կը սկսի մէկը եւ ո՞ւր կը վերջանայ միւսը։

Անոնք կ’ապրին կեանք մը՝ հոս, կեանք մըն ալ հոն։ Այստեղի կեանքը չ’ամբողջանար առանց այնտեղի կեանքին եւ, անշուշտ, հակառակը։

Անոնք, այս երիտասարդները, իրենց գործերը կը կատարեն հոս, հոն, վայրերու մէջ, որոնք անպայման աշխատավայրեր չեն, սակայն դարձած են աշխատավայրերը փոխարինող տեղեր։

Սիրելիներն ու ծանօթները այս երիտասարդներուն համար գոյութիւն ունին հո՛ն, ելեկտրոնային այդ աշխարհին մէջ, ուր օրական կը զրուցեն իրարու հետ, այնպէս մը որ ոչ մէկը ինքզինք հեռու կը զգայ ուրիշէն, բայց նաեւ՝ ոչ ոք կ’ապրի իրարու մօտ ըլլալու հարազատութիւնը։

Տակաւին, այս երիտասարդները ունին բազմահարիւր բարեկամներ, որոնց հետ օրական կը բաժնեկցին իրենց ամէնէն անձնական ու ջերմ նկարները, առանց սակայն կեանքի մէջ գէթ մէկ անգամ անոնց հետ հանդիպելու։

Այսպէս, ահա, համաշխարհայնացումի շնորհիւ կամ պատճառով, մեր շուրջ ստեղծուած է կեանք մը, ուր ստեղծագործ խառնուրդ մը կայ մօտի եւ հեռուի, իրական եւ ենթադրեալ աշխարհներու։

Տարբեր է այս կեանքը։ Բնականաբար, տարբեր են նաեւ այս կեանքին համն ու հոտը հանդիսացող այսօրուան երիտասարդները։ Եւ տարբերութիւնը անպատճառ ժխտական իմաստով պէտք չէ առնել։

Ժամանակին, երիտասարդութեան դաստիարակութեան նուիրուած խորհրդաժողովի մը ընթացքին, զեկուցող մը իր խօսքին մէջ կը կատարէ մէջբերումներ, թէ՝ «Այսօրուան երիտասարդութիւնը բնաւ ստեղծագործ չէ, միայն սպառող է, աւելի՛ն՝ ոչ միայն սպառող է, այլեւ՝ ոչնչացնող է»։ Կամ՝ «Ներկայ սերունդը բացարձակապէս յարգանք չունի մեծերուն հանդէպ, եւ եթէ մեծերը ուզեն կրթել-դաստիարակել զանոնք, անոնք չեն ենթարկուիր»։ Եւ կամ՝ «Եթէ այսպէս շարունակուի, քաղաքակրթութիւնը չի զարգանար, նահանջ կ’ապրի եւ այս սերունդը վերջինը կ’ըլլայ»։ Խորհրդաժողովին ներկաները բուռն ծափահարութիւններով կ’ընդմիջեն զեկուցողը, որ սակայն կը խնդրէ վայրկեան մը լռութիւն՝ անմիջապէս աւելցնելու համար, որ «Մեր կատարած մէջբերումները ըսուած են 1000 տարի առաջ, այսինչ տեղը, կամ 2000 տարի առաջ, Եգիպտոսի մէջ փորագրուած քարերու վրայ… Բայց եւ այնպէս, ինչպէս կը տեսնէք կեանքը շարունակուած է, քաղաքակրթութիւնը յառաջդիմած է»։

Արդ, երբ այսօր խօսք կ’ըլլայ համաշխարհայնացումի եւ երիտասարդութեան մասին, մեր կարգին, անհանգստութեան չենք մատնուիր, այլ՝ կը հաստատենք, որ ի՛նչ ալ ըլլան մեր շուրջի պայմանները, կեանքը պիտի շարունակուի եւ քաղաքակրթութիւնը պիտի զարգանայ իրեն յատուկ կշռոյթով։

Տարածենք