Թիւ 334 - ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄԸ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ(Բ.)

 

Մեր կեանքին կշռոյթը այսօր կապուած է համաշխարհայնացումի երեւոյթին հետ, որ իր հակակշիռին տակ առած է մեր ընկերութեան տնտեսական, ելեւմտական, ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային կեանքի տարբեր երեսները՝ փորձելով աշխարհի տարբեր ժողովուրդները համարկել բազմազգեան մէկը մշակոյթի մէջ, որ շատերու կողմէ կրնայ մերժուիլ, իբրեւ մշակութային կայսերապաշտութեան մէկ արտայայտութիւն, իսկ ուրիշներու կողմէ կրնայ գնահատուիլ, իբրեւ մշակոյթներու մերձեցման, փոխադարձ հարստացման եւ զիրար լրացման ձգտող համընդհանուր շարժում։

Իբրեւ ընդհանուր երեւոյթ, կասկած չկայ, որ հաղորդակցութեան միջոցներու սրընթաց զարգացումէն մեծագոյն օգտուողը այսօրուան նոր սերունդն է, որ համակարգիչին աւելի շատ եւ շուտ կը տիրապետէ՝ քան լեզուներուն։ Հաղորդակցութեան միջոցներու ստեղծած անսահման կարելիութիւններով, այսօր շատ աւելի դիւրին կը դառնայ տեղեկութիւններու եւ գաղափարներու փոխանակումը երկիրէ երկիր։ Հետեւաբար, կղզիացած եւ իրենք իրենց վրայ փակուած երիտասարդական շրջանակներու դժուար թէ կարելի ըլլայ հանդիպիլ այլեւս։ Ամէն մարդ տեղեկութիւն ունի ամէն ինչի մասին։ Փորձառութիւններու փոխանակումը իրարու կը մօտեցնէ տարբեր մշակոյթի պատկանող տղաք ու աղջիկներ, որոնց համար աշխարհը օրէ օր աւելի կը փոքրանայ։ Իրարու մօտենալով, իրարու հետ հաղորդակցելով, երիտասարդներ կը յայտնաբերեն աշխարհը, կը ճանչնան զիրար, կը դառնան աւելի հանդուրժող, նուա՛զ ցեղապաշտ ու այլամերժ։

Համաշխարհայնացումի այս առաջին բարիքը ինքնին ծնունդ կու տայ այլ բարիքի մը, երբ համայնակուլ այս շարժումէն պաշտպանուելու եւ իրենց սեփական ինքնութիւնը պահպանելու բնական հակազդեցութեան մէջ, երիտասարդներ դէպի արմատներ վերադարձ մը կը կատարեն, իրենց ազգային արժէքները վերարժեւորումի եւ վերանորոգումի կþենթարկեն։ Ի զուր չէ, որ որքան համաշխարհայնացումի հոսանքը զօրանայ՝ այնքան աւելի քիչ մը ամէն տեղ թափ կþառնեն ազգայնական-անջատողական տրամադրութիւնները, կրօնական վերազարթնումի երեւոյթները, էթնիկ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու, լեզուական թէ մշակութային ինքնութեան պաշտպանութեան նուիրուած շարժումները, որոնց բոլորին ռահվիրաները վերջին հաշուով կը հանդիսանան այսօրուան երիտասարդները։

Անշուշտ, համաձայն չենք ըլլար արեւմտեան կարգ մը տեսաբաններու հետ, որոնք համաշխարհայնացած այսօրուան երիտասարդութիւնը կþուզեն բաժնուած տեսնել երկու մասին. Technoculture` արհեստագիտական մշակոյթով երիտասարդներ եւ Terrorculture` այսպէս կոչուած ահաբեկչական մշակոյթով երիտասարդներ, որոնք խորքին մէջ ուրիշ բան չեն մարմնաւորեր եթէ ոչ՝ անիրաւուած եւ կեղեքուած ժողովուրդներու արդար պայքարը ընդդէմ զիրենք հարստահարող ուժերուն։

Համաշխարհայնացումի բարիքներէն կրնան օգտուիլ եւ կþօգտուին բոլո՛րը եւ, բնական է, որ ազգային ազատագրական պայքար մղող կամ մարդկային վսեմ արժէքներու համար մարտնչող երիտասարդներ եւ անոնց ետին կանգնող շարժումներ իրենց ի վնաս ստեղծուած զէնքերը գործածեն նոյնի՛նքն զանոնք ստեղծողներուն դէմ։

Տարածենք