Թիւ 335 - ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄԸ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ (Գ.)

 

Հաղորդակցութիւններու եւ փոխադրամիջոցներու զարգացման շնորհիւ, աշխարհը այսօր դարձած է աւելի փոքր։ Իսկ այդ փոքրութիւնը այսօրուան երիտասարդներուն կþընծայէ ուսման լայն կարելիութիւններ, ճամբորդութեան թէ համացանցի միջոցներով։ Փաստ է, որ այսօր մեծ համեմատութիւններով աւելցած է իրենց երկիրներէն դուրս մասնագիտական բարձր կրթութիւն ստացող երիտասարդներուն թիւը։

Ուսման կարելիութիւններու յաւելումը ամէնէն աւելի նկատելի կը դառնայ երիտասարդ կիներու պարագային, ինչ որ իր անմիջական անդրադարձը կ’ունենայ մեր ընկերային եւ տնտեսական կեանքին վրայ։ Օրէ օր աւելի մեծ թիւով կիներ բարձրագոյն ուսման կեդրոններ կը յաճախեն եւ գործի ասպարէզ կը նետուին։ Այսպէս, ընտանիքներու եւ ընկերութիւններու եկամուտները կþաւելնան։ Ինչ որ դրական երեւոյթ է, մանաւանդ երբ իմանանք, որ նորագոյն վիճակագրութիւններու համաձայն, կիներ իրենց թոշակները ամէնէն աւելի կը ծախսեն… կրթական, առողջապահական եւ սննդագիտական նպատակներու համար։

Համաշխարհայնացումին երիտասարդութեան վրայ ունեցած դրական անդրադարձները ներկայացնել չի նշանակեր անոր ժխտական կողմերը չտեսնել կամ չխօսիլ մտահոգութիւններու մասին, որոնք կրնան ճակատագրական ըլլալ այսօրուան երիտասարդներէն շատերուն համար։

Եթէ լաւատեսութեան ակնոցը փոխարինենք յոռետեսութեան ակնոցով, պիտի տեսնենք որ այսօր մարդկային նոր ընկերութիւն մը կը կերտուի մեր աչքերուն առջեւ։ Տեղեկութիւններով սնանող ընկերութիւնն է այդ, որուն մաս կազմող երիտասարդներէն իւրաքանչիւրը բազմապատիկ աւելի բան գիտէ՝ քան նախորդ դարերու երիտասարդը, եւ սակայն, բաղդատմամբ այսօրուան աշխարհի տեղեկատուական հսկայ պաշարին, անիկա շատ աւելի նուազ բան գիտէ՝ քան նախորդ դարերու երիտասարդը ի՛ր օրերու տեղեկութիւններուն մասին։

Զարմանալի թուացող այս բաղդատականը ուշադրութեան արժանի միակ երեւոյթը չէ, որովհետեւ ինչպէս երիտասարդը, նոյնպէս ալ նոր կազմաւորուող ընկերութեան լեզուն տարբեր է իր նախորդներէն։ Մարդկային սքանչելի լեզուն կամաց-կամաց կը փոխարինուի պատկերասփիիւռի եւ փոխարինուի պատկերասփիւռի եւ համակարգիչներու պարզ ու մակերեսային, շուկայիկ լեզուով։ Այսպէս է, որ հետզհետէ կը պակսի երիտասարդութեան հետաքրքրութիւնը գիրքին եւ թերթին հանդէպ, կը նուազի կարծիքներու փոխանակումն ու զրոյցը՝ հիմնական հարցերու շուրջ, կը տկարանայ անոնց յիշողութիւնը, կը խամրի անոնց երեւակայութիւնը եւ հրապարակ կու գայ համաշխարհայնացումի սերունդ մը, որ տեղեկատուական միջոցներու զոհը դարձած՝ ցերեկը գերին է համակարգիչին, իսկ գիշերը՝ պատկերասփիւռին եւ ելեկտրոնիկ խաղերուն։

Առանց յոգնութեան կամ ճիգի տեղեկութիւններու եւ գիտութեան արագօրէն տիրանալու մարմաջը երիտասարդութեան հոգիներուն մէջ կը ջլատէ տքնաջան աշխատանքի ոգին, կը բթացնէ համբերութեան եւ տոկունութեան անոնց նկարագրային գիծերը եւ զանոնք կը զրկէ մեծ դժուարութիւններ յաղթահարելու գնով՝ նուաճումներ կատարելու բերկրանքէն։

Այս մտահոգութիւնը, անշուշտ, տեղեկութիւններու փոխանցման ձեւին կամ միջոցներուն չի վերաբերիր, որքան նոյնինքն տեղեկութիւններուն, որոնք մարդկային քաղաքակրթութեան հարստացման եւ ճոխացման ծառայելու փոխարէն, քարոզչական, սպառողական եւ աժան ժամանցի մտահոգութիւններով օրէ օր երիտասարդները կը պարպեն իրենց համամարդկային սկզբունքներէն եւ բարոյական արժէքներէն։

Տարածենք