Թիւ 339 - ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄԸ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ (Ե.)
Ծայրագոյն Արեւելքէն մինչեւ Ասիա եւ Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկաներ, այսօր, ականատես կ’ըլլանք միատեսակ, միագոյն, միօրինակ երիտասարդութեան մը ստեղծման։ Քոքա-քոլայի սերունդն է այդ, որ յաճախ կարելի չէ զանազանել երկիրէ երկիր իր հագուածքով, նիստ ու կացով, խոհանոցով, մշակոյթով եւ մտայնութեամբ։ Առանձնութեամբ վարակուած սերունդն է ան այդ, որ իրեն համար ստեղծած է նոր կրօնք մը՝ մեքենապաշտութիւնը։ Ան գերին է համակարգիչին, բջիջային հեռաձայնին, պատկերասփիւռին եւ ելեկտրոնիկ խաղերուն։ Իր անձնական կեանքը չի կրնար պատկերացնել առանց անոնց եւ, հետեւաբար, իր անհատական, ընկերային թէ ազգային նկարագիրով տարբեր է ան իր նախորդներէն։
Այդ սերունդը տարբեր է նաեւ իր հոգերով, որովհետեւ ամէնէն աւելի ան իր մորթին վրայ կը զգայ համաշխարհայնացումի ժխտական հետեւանքները՝ առողջապահական եւ կենսոլորտային հետզհետէ ահագնացող վտանգները, որոնց դիմաց գրեթէ անզօր կը մնայ ան։
Այս բոլորէն ետք, պէտք է հանել նաեւ յոռետեսութեան ակնոցը եւ խմբագրականներու այս շարքին աւարտը ներկայացնել իրատեսութեան ակնոցով։ Անգամ մը եւս ըսելու համար, որ ինչ ալ ըլլան մեր շուրջի պայմանները, կեանքը պիտի շարունակուի եւ քաղաքակրթութիւնը պիտի զարգանայ իրեն յատուկ կշռոյթով։ Համաշխարհայնացումը այսօր այդ կշռոյթը ճշդող հզօր շարժումն է, որուն դիմաց կարելի չէ պատնէշ բարձրացնել կամ ճակատ յարդարել։ Համաշխարհայնացումը յստակ մարտահրաւէր է իւրաքանչիւր ժողովուրդի՝ իր ինքնութիւնը, դիմագիծը եւ արժէքները շեշտելու։ Իսկ ամէնէն աւելի ո՞վ կոչուած է այդ առաքելութեան՝ եթէ ոչ երիտասարդութիւնը։
Այլասերումը կը սկսի երիտասարդութենէն։ Պատմական իրագործումներու խոյանքը եւս ծայր կու տայ երիտասարդութենէն, որ յաւիտենական պայքարող ուժն է՝ ի խնդիր ճշմարիտին, գեղեցիկին եւ բարիին, որովհետեւ բնախօսական իր կազմուածքով երիտասարդներ ուրիշներէն աւելի անշահախնդիր, անձնուէր եւ իտէալապաշտ են։
Պէտք է վստահիլ երիտասարդներու, որովհետեւ անոնք բոլորէն աւելի ճկուն են, խիզախ ու պատրաստակամ, իրենք զիրենք պատշաճեցնելու համար նոր ստեղծուած պայմաններուն եւ միջավայրին։ Ու պէտք է մղել զանոնք՝ համաշխարհայնացումէն առնելու այն ինչ որ դրական է ու օգտակար, եւ մերժելու այն ինչ որ ժխտական է ու անընդունելի։
Պէտք է վստահիլ եւ պէտք է գուրգուրալ երիտասարդութեան, որովհետեւ համաշխարհայնացած այս աշխարհին մէջ, մանուկ, պատանի թէ երիտասարդ այլեւս մեզի պէտք չունին, մե՛նք է որ իրենց պէտք ունինք։