Թիւ 340 - ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ

 

Նոր չէ վէրքը, սակայն այնքան մը մեծցած է ան, որ սկսած է թունաւորել ազգային-միութենական մեր ամբողջ կեանքը։ Անտարբերութեան մասին է խօսքը, որ մեծ աւերներ կը գործէ հայ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ։

Միայն սեփական կեանքի եւ ինչքի ապահովութեան ետեւէն վազող մարդիկ հետզհետէ իրենց կապերը կը խզեն հայկականութեան հետ եւ կը նետուին անհոգութեան եւ անպատասխանատուութեան գիրկը։

Այլասերման հոսանքով տարուած մարդիկ օրէ օր կը պարպուին ազգային-միութենական հետաքրքրութիւններէ եւ կը դառնան աժան ջատագովը օտարին «լաւութիւններուն» եւ «յաջողութիւններուն»։

Անդին, մարդիկ, ժողովուրդներ ու երկիրներ կ’ապրին արմատական փոփոխութիւններ, ահազանգային վիճակներ, ասդին՝ մենք փոխանակ ընդհանուր զօրաշարժի մատնուելու, կը սպասենք… որ փոթորիկը խաղաղի, որպէսզի վերագտնենք մեր անցեալի կեանքը, փառքի օրերը, այնպէս ինչպէս որ էինք երկու կամ երեք տասնամեակ առաջ։

Նահանջի՛ մէջ ենք ամէնուրեք։ Միութենական շարքերը կը նօսրանան թիւով ու որակով։ Մարզական խումբերը կ’իյնան դասակարգէ դասակարգ, իսկ սկաուտական աշխատանքները կ’ապրին զգալի տեղքայլ։ Ու այս բոլորով մէկտեղ կը տիրէ անհասկնալի անտարբերութիւն մը։ Պատասխանատու եւ յանդուգն ոչ մէկ քայլ կ’առնենք հայապահպանման անխնայ կռիւին մէջ մեր դիրքերը չկորսնցնելու համար։

Ու եթէ գոյութիւն չունենար օրինակը սակաւաթիւ այն նուիրեալներուն, որոնք Հայաստանի թէ Սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ պատնէշի վրայ կը մնան ի գին մեծամեծ զոհողութիւններու, անվարան պիտի հաստատէինք, որ ազգովին հրաժարած ենք պատմութեան առջեւ պատասխանատուութիւն ստանձնելու մեր կարողութենէն եւ վճռականութենէն։

«Բաժակը յորդած է» այլեւս։ Կարելի չէ բաւարարուիլ ոմանց ինքնալքումը դատապարտելով, ուրիշներուն այլասերումը արդարացնելով, երրորդ հոսանքի մը անձնակեդրոն եւ նիւթապաշտ ընթացքը խարանելով եւ այլոց ալ՝ անպատասխանատու եւ անվճռական գործելակերպը մեղադրելով։

Կարելի չէ թոյլատրել այլեւս, որ անսակարկ նուիրաբերուող տարրերու եւ իրենց պատասխանատուութեան տէր կանգնող մարմիններու կողքին՝ իրենց թունաւոր ներկայութեամբ բարոյալքում յառաջացնէ օրինակը միւսներուն, ազգային իրենց ինքնութենէն, պատկանելիութենէն եւ արժէքներէն հեռացողներուն։

Հայ կեանքի ներկայ պայմանները այնպիսին են, որ հաւաքաբար կը գտնուինք մեր պատասխանատուութիւնները ստանձնելու հրամայականին առջեւ։ Միութենական մեր միաւորներէն իւրաքանչիւրը կոչուած է իր առաւելագոյն ուժականութիւնը ցուցաբերելու ամբողջանուէր ճիգին։ Մեր ժողովուրդը չի կրնար ընդունիլ որ նահանջէ նահանջ մղուի, ընդհակառակն՝ ամէն պատճառ ունի ինքզինք ըլլալու եւ իր ուժերուն առաւելագոյն լարումով իր գոյութեան կռիւը մղելու Հայաստան թէ Սփիւռք։

Տոկունութիւնը, յարատեւութիւնը եւ ստեղծագործ աշխատանքն է ազգային-միութենական մեր ուղին, եւ առ այդ՝ այսօր, նախքա՛ն վաղը, պատասխանատու կեցուածք եւ յանձնառութիւն կը պահանջուի բոլորէս։

Տարածենք