Թիւ 341 - ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻ՛ՄՔԸ
Խառն ամուսնութիւններու նուիրուած գիտաժողովի մը կ’անդրադառնայ «Մարզիկ»ի այս թիւին առաջնորդող նիւթը, ուր ներկայացուած թիւերը անպայման հարցում մը կ’արթնցնեն իւրաքանչիւր հայու մտքին մէջ, թէ ո՞ւր կ’ուղղուինք այս ընթացքով, Սփիւռք թէ Հայաստան։
Սովորական մարդու մը կողմէ սովորական ամպիոնէ մը արտասանուած թիւեր չեն անոնք։ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանն է, որ պետական գիտաժողովի մը ընթացքին ահազանգ կը հնչեցնէ, թէ խառն ամուսնութիւններու համեմատութիւնը այսօր Սփիւռքի կարգ մը գաղութներուն մէջ հասած է 60 եւ մինչեւ 80 առ հարիւրի։ Վտանգը հասած է նաեւ Հայաստանի դռները, ուր 10 տարուան ընթացքին՝ 2000-2009, խառն ամուսնութիւններու թիւը աւելցած է 263 առ հարիւրով, տարեկան 473 ամուսնութենէ բարձրանալով 1244 ամուսնութեան։
Կար ժամանակ, երբ հայ ընտանիքը կը ներկայացնէր ընկերային-հասարակական անփոխարինելի արժէք։ Նահապետական հայ ընտանիքներու մէջ կը կազմուէին ու կը պահպանուէին ազգային աւանդութիւններն ու սովորութիւնները, լեզուն, կրօնքն ու մշակոյթը։ Ընտանեկան յարկի տակ կը կատարուէր մատղաշ սերունդի կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը։ Ընտանիքը մեծ դեր ունէր անձի մը ազգային ինքնութեան կերտման մէջ։ Կարճ՝ ընտանիքը կը հանդիսանար հայ ընկերութեան կազմակերպման ամէնէն կայուն եւ ամուր բջիջը։
Այսօր, ո՞ւր ենք մենք այս բոլորէն, երբ հայ երիտասարդութեան 60-80 տոկոսը կ’ամուսնանայ օտարներու հետ։ Ազգային ոգիով ու կազմով ընտանիքները կը նուազին օրէ օր։ Մտահոգութիւնը ամէնուր է, նաեւ՝ Հայաստանի մէջ, ուր անկախութեան հովերը իրենց հետ բերած են խառնաշփոթ պայմաններ եւ սանձարձակ ազատամտութեան տրամադրութիւններ, որոնք երբեմն յանգած են ազատութեան հասկացողութեան սխալ ընկալման եւ ազգային արժէքներու խեղաթիւրման։
Խառն ամուսնութիւններէ խուսափումը ինքնանպատակ չէ, ան հայապահպանութեան հի՛մքն է։ Խառն ամուսնութիւններէ ծնած երեխաները շատ յաճախ իրենց մտածելակերպով աշխարհաքաղաքացիներ են, որոնց կապը ազգին հետ եթէ բոլորովին բացակայ չէ, ապա՝ շատ տկար է։
«Ճակատագրական են խառնազգի ամուսնութիւնները թոյլ ու փոքր ազգերու համար,- պիտի ըսէր Լեւոն Շանթ-, խառնազգի ընտանիքը Բաբելոն մըն է, ուր մարդիկ կը խօսին տարբեր լեզուներով։ Ինչքան ալ երկու կողմէն իրարու դէմ գան սիրով, մեղմութեամբ, լայն մտածումով եւ փոխադարձ զիջումներով, երբեք չեն կրնար լեցնել այն վիհը, որ կայ տարբեր հոգեբանութիւններու, տարբեր պատմական դիրքի ու ձգտումներու եւ տարբեր քաղաքակրթական ժառանգութիւններու միջեւ»։
Ճիշդ է, ամուսնութիւնը անհատական որոշումի հարց է եւ ազգ մը գործ չունի ընտանիքի մը ննջասենեակէն ներս, բայց եւ այնպէս, խառն ամուսնութիւն մը ազգին հարցն է ու ցա՛ւը միաժամանակ։ Ազգը հաւաքական ջանքերով կրնայ դանդաղեցնել խառն ամուսնութիւններու համեմատութիւնը, եթէ դիմէ այնպիսի նախաձեռնութիւններու եւ ծրագիրներու, որոնք երիտասարդութեան առջեւ կը բանան հարազատ արմատներու վերադարձի ճամբան։
Ի վերջոյ, ազգերու զօրութիւնը ընտանիքներու մէջ է։ Զօրաւոր է այն ազգը, որ ունի զօրաւո՛ր ընտանիքներ։ Կ’արժէ լրջօրէն մտածել այս մասին եւ ճշդել այսօր մեր ընելիքը, իբրեւ միութիւն, եկեղեցի, հասարակական կազմակերպութիւններ եւ պետութիւն։
Վա՛ղը կրնայ ուշ ըլլալ։