Թիւ 14 - ԴԱՇՏԻ ՏՂԱՔԸ ԵՒ «ՄԻՒՍ»ՆԵՐԸ

 

Մեր միութեան արդիւնքը՝ ֆութպոլ, պասքեթպոլ, փինկ-փոնկ, հեծանիւ, լողարշաւ եւ այլն, եւ այլն կը տեսնուի դաշտերու վրայ։

Սկաուտական ելոյթներն ալ՝ բանակումները, տողանցքները, արշաւները, անկասկած, շօշափելիներն են։

Այս արդիւնքը արդիւնք ընող մեր Միութեան միւս խումբերը (վարչական կազմ, յանձնախումբեր) յաճախ չեն երեւիր կամ երբ երեւին՝ արդիւնք չեն նկատուիր, այլ միջոց։

Անոնք՝ «միւս»ները քննարկման ենթակայ են անընդմէջ, պաշտօնապէս՝ ընդհանուր ժողովէ ժողով, անպաշտօն՝ մի՛շտ. դաշտերու վրայ, ակումբներու մէջ, նոյնիսկ՝ խանութներո՛ւ։

Անոնք՝ «միւս»ները կը տանին Միութեան ամէնէն սեւ աշխատանքը, քիչ պարագաներու ծափի գոհունակութեան կþարժանանան, յաճախ մեղադրանքի եւ քննադատութեանց թիրախ կը մնան, սակայն կը շարունակեն գործել, որովհետեւ անոնք իրենց կարգին ե՛ւ արդիւնք են, ե՛ւ միջոց։

Միջոց են սերունդ պատրաստելու, դաշտերուն վրայ յաղթանակ ապահովելու, միջոց են Հ.Մ.Ը.Մ.ը՝ Հ.Մ.Ը.Մ. պահելու։

Իսկ արդիւնք են Հ.Մ.Ը.Մ.ի՛ն եւ անոր դաստիարակութեա՛ն։

«Միւս»ները՝ սեւ աշխատանքի պայծառ մարդիկը վերցուցած են վարչական գործ, այսինքն՝ Միութեան ծրագիր կանոնագրի պահակութիւնը եւ այդ ծրագիր կանոնագրի բիւրեղացումը ստանձնած, այսինքն՝ դաշտի տղոց՝ դա՛շտ, դաշտերուն՝ տղա՛ք ապահովելու պարտականութիւնը վերցուցած սրբազան «խենթ»եր են։

«Միւս»ները, որոնք դաշտերու վրայ ա՛լ գործ չունին, բայց դաշտերուն վրայ գործ ստեղծելու տենդէն բռնուած են եւ որոնք կը վազեն ու կը հեւան։

Հասկնալու համար «միւս»ները եւ անոնց անսահման հաւատքը, կþարժէ անգամ մը գէթ հետեւիլ անոնց գործին եւ տեսնել այդ գործը։

Գործը, որ կը ծրագրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ընդհանուր Ժողովներուն, Շրջանային եւ մասնաճիւղերու Անդամական ժողովներուն մէջ։ Ծրագիրներ, որոնք գործի վերածուելու ճամբուն կը դրուին վարչութիւններու եւ յանձնախումբերու նիստերուն մէջ։

Բազմամակարդակ, բազմաճիւղ լարուած վարչամեքենայ մը, որ կը ծրագրէ ու գործէ անդադար, կը տագնապի կազմակերպելու համար միութենական, սկաուտական եւ մարզական կեանքը՝ ի խնդիր նորահաս սերունդներու հայեցի պատրաստութեան։

Նիւթական ո՛չ մէկ վարձատրութիւն ունին անոնք եւ բարոյական գոհունակութիւնը միայն աշխատանքի արդիւնքին մէջ կը կայանայ։

Անսպառ այլասիրութեան հերոսներն են անոնք՝ «միւս»ները, որոնք այսքան տարի աշխատած են եւ ոչինչ՝ ո՛չ ընտանեկան հարցերը, ո՛չ ապագայի սարսափը, ո՛չ անմիջական թէ հեռակայ ապերախտութեան հաւանականութիւնը պիտի կարենայ կասեցնել անոնց աննահանջ նուիրուածութիւնը։

Ոչ մէկ վճարովի պաշտօն կրնայ ընել այն գործը, զոր ըրած են ու պիտի շարունակեն ընել անոնք։

Սարսափելի սէրն է, հաւատքն է, հաւատքի լեռնանման արժեչափն է այս մէկը, որ չի կրնար ըմբռնուիլ պարզ մահկանացուներէն։

Անոնք՝ «միւս»ները, հանրային կեանքի խոնարհ հերոսներն են, որոնց նուիրուած պարագայական անոյշ քանի մը խօսքը կրնայ իրե՛նց իսկ կողմէ նկատուիլ չափազանցութիւն եւ բարձրացնել բողոքի ալիք։

Ա՛յս է մեր հանրային կեանքը, իր ուժով։

Եթէ մէկը յանձն առնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 50 մասնաճիւղերու գումարած ժողովները օրի վերածել եւ այդ օրերը այս նիւթապաշտ դարու ճաշակին յարմարցնելով դրամի վերածել, պիտի տեսնենք, որ աստղաբաշխական թիւ մը պիտի տայ արժեւորումի այդ գործողութիւնը։

Տակաւին չենք խօսիր այդ ժողովներէն բխած որոշումներու գործադրութեա՛ն տրամադրուած ժամանակին եւ ֆիզիքական յոգնութեան մասին։

Գործի բնոյթը այլեւս մեկնաբանութեան կը կարօտի՞։

Պարզ է. որպէսզի դաշտի տղաքը դաշտ ունենան, ու դաշտերը տղաք, անհրաժեշտ է օժանդակել «միւս»ներուն, անոնց, որոնք վարչական կը կոչուին կամ յանձնախումբի անդամ։

Տարածենք