Թիւ 352 - ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՈՍՏՈՒՄԸ

 

Դիւրին-դիւրին ոստումներ չեն կատարուիր միութիւններու կեանքին մէջ։ Ժամանակի եւ պայմաններու հասունացում կ’ենթադրէ աւանդականէն եւ ընթացիկէն դուրս գալու յանդգնութիւնը՝ չփորձուածը, նորն ու տարբերը որդեգրելու համար։

1974ին էր առաջին ոստումը, միութեան հիմնադրութենէն 56 տարի ետք, երբ Հ.Մ.Ը.Մ. աշխարհացրիւ մասնաճիւղերէ վերածուեցաւ համագաղութային ներկայացուցչութեամբ եւ համասփիւռքեան ծրագրումներով հզօր կազմակերպութեան մը, որ տասնամեակներու աշխոյժ գործունէութեամբ նոր էջ բացաւ հայ մարզական եւ սկաուտական պատմութեան մէջ։

Տարիներու թաւալքին հետ, 1974ի ոստումը շատ բան սպառեց իր ներքին հզօրութենէն։ Հաւատքն ու եռանդը չպակսեցան, սակայն աշխատանքի պայմաններն ու ըմբռնումները փոխուեցան, որովհետեւ օրէ օր վտանգուեցան մեր ինքնուրոյն գոյութիւնը, իւրայատուկ դիմագիծը եւ հաւաքական ուժը։ Հետեւաբար, պահանջը զգացուեցաւ նոր շարժումի մը, փոփոխութեան մը, որ պիտի վերականգնէր միութեան կենսունակութիւնը եւ պիտի աւելցնէր ազգային կեանքին անոր բերած աւիշը, ջանքն ու ճիգը։

Պատմական ոստում մըն էր ակնկալուածը։ Դժուար, սակայն ոչ անկարելի ոստում մը, որ համագաղութային այս միութիւնը այս անգամ պիտի վերածէր իր ժամանակի ամէնէն արդիական, նորարար, ստեղծագործ ու մեծագործ միութեան։

Պատմական այս ոստումն էր, ահա, որ իրականացաւ միութեան 10րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին, Ծաղկաձոր, Հայաստան, որդեգրումովը ռազմավարական ծրագիրի մը, որ ճշդեց միութեան յառաջիկայ տասնամեակներու տեսլականը, հիմնական առաջադրանքները, անոնց գործադրութեան ձեւն ու ժամանակը եւ այս բոլորին հետեւելու եղանակը։

2011ի ոստումը գլխաւոր թիրախ ունեցաւ երիտասարդութիւնը, որուն համար միութիւնը առաջադրեց յատուկ բաժանմունքի մը ստեղծումը, սկաուտական եւ մարզական իր զոյգ բաժանմունքներուն կողքին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան մէջ դժուար թէ գտնուի ժողով մը, ուր այնքան շատ մտածուած ու խօսուած ըլլայ երիտասարդութեան մասին՝ որքան 10րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովը, որուն առաջնահերթ մտահոգութիւնները եղան երիտասարդութեան ներգրաւումը, միութենական միջավայրի մէջ պահպանումը եւ անոնց համապատասխան աշխատանքային նոր դաշտերու ստեղծումը, նկատի առնելով Հայաստանի եւ գաղութներու պահանջները, իւրաքանչիւրը տարբեր՝ իր ենթամշակոյթով ու զանգուածով։

Պատգամաւորական Ժողովը կարեւորութեամբ շեշտեց երիտասարդութեան երթալու, հասնելու պահանջը։ Երթալ՝ արդի արհեստագիտութեան ընձեռած բոլոր կարելիութիւններով, երթալ՝ «հայ լեզուի, պատմութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխատանքներուն նպաստող մշակութային ձեռնարկներով», երթալ՝ կազմակերպական նուազ պահանջկոտ մօտեցումներով։

Պատգամաւորական Ժողովը նաեւ ընդգծեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ. լոկ խմբապետներ ու ախոյեաններ արտադրող հաստատութիւն մը չէ, այլ՝ ժողովուրդի՛ն կազմակերպութիւնն է, իր ժողովուրդին հոգերուն, ակնկալութիւններուն եւ կարիքներուն հետ ապրող միութիւնն է, որ ունի հարազատ ժողովուրդին ամբողջականութեան մաս կազմելու, մէկ ամբողջութեան պատկանելու պայծառ գիտակցութիւնը եւ այդ ամբողջութեան համար տեւաբար գործելու յանձնառութիւնը։ Այս մօտեցումով ալ, Պատգամաւորական Ժողովը քննեց հայ մարդուն ազգային ինքնագիտակցութիւն եւ հպարտութիւն ներշնչող բոլոր ազդակները եւ անոնց զարգացման անհրաժեշտ նախադրեալները ճշդեց ռազմավարական իր ծրագիրին մէջ։

Առ այդ, Հ.Մ.Ը.Մ. իր 10րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովէն ետք այն չէ՝ ինչ որ էր անկէ առաջ։ Պատմական ոստումը կատարուած է։ Յաջողութիւնները տեսանելի կը դառնան շուտով։

Տարածենք