Թիւ 355 - ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԹԹՈՒԱԾԻՆԸ
(ՀԱՅ ՍԿԱՈՒՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

2012-ը յոբելենական տարի մըն է հայ սկաուտութեան համար։ Հայաստան թէ Սփիւռք տօնակատարութիւններու շարքով մը կը նշեն 100-ամեակը հայ սկաուտութեան հիմնադրութեան, որուն պատիւը կ’երթայ Հ.Մ.Ը.Մ.ին։

Կ’արժէ 100 տարի ետ երթալ, Առաջին աշխարհամարտը նախորդող տարիները, փոխադրուիլ Պոլիս, ազգային-մշակութային եռուզեռի այդ քաղաքը, կարելի հարազատութեամբ հասկնալու համար արժէքը այն շարժումին, որուն առաջնորդները իրենց տեսիլքով լուսաւորեցին հայ երիտասարդութեան ուղին։

Միջազգային սկաուտական շարժումը հազիւ ծնունդ առած, գտնուեցան հայեր, դաստիարա՛կ մարդիկ, որոնք անմիջապէս ըմբռնեցին անոր կարեւորութիւնը սերունդներու առողջ դաստիարակութեան գործին մէջ։ Հինդլեան, Քրիսեան եւ Յակոբեան եղան անոր նախակարապետները եւ անմիջապէս գործի լծուեցան Պոլսոյ խանդավառ մթնոլորտին մէջ՝ պատրաստելու համար ապագայ հայը, առողջ մարմնի մէջ առողջ մտքով երիտասարդը, որ հարազատ ժառանգորդը պիտի ըլլար իր արի-արանց պապերուն։

Բայց ինչպէս համամարդկային ամէն շարժում, սկաուտութիւնն ալ մեքենաբար չփոխադրուեցաւ մեր կեանքէն ներս։ Հայացուեցաւ։ Սկաուտը կոչուեցաւ Արի, իսկ «Միշտ պատրա՛ստ» նշանաբանին տեղ որդեգրուեցաւ նոյնքան վեհ այլ նշանախօսք մը՝ «Բարձրացի՛ր- բարձրացուր»ը։

Մեծ եղեռնը իր առաջին թափին մէջ կասեցուց սկաուտական շարժումը մեր կեանքէն ներս։ Սակայն, ինչպէս թշնամին միւս բոլոր մարզերէն ներս չյաջողեցաւ հայաջինջ իր ծրագիրներուն մէջ, սկաուտութեան պարագային եւս Պոլսոյ մէջ նետուած արմատները ծառ դարձան եւ ծլարձակուեցան Սփիւռքի եւ ապա՝ նորանկախ Հայաստանի տարածքին, ուր պատանեկան եւ երիտասարդական այլ միութիւններու կողքին, սկաուտութիւնը ունեցաւ իր պատուոյ տեղը, արժանանալով համապատասխան գնահատանքի։

Այսպէս, սկաուտութիւնը տարածուեցաւ շատ արագ։ Ու որքան շատ տարածուեցաւ ու զարգացաւ, այնքան աւելի մեր ժողովուրդին բացայայտ դարձաւ, որ սկաուտը այն չէ, որ պարզապէս կիրակնօրեայ հաւաք կը կատարէ, տողանցք, արշաւ եւ բանակում կը կազմակերպէ։ Սկաուտը ամէն բանէ առաջ Քիփլինկի բնութագրած ապագայ մարդն է, պատանին, որ մարմնի, մտքի ու հոգիի առողջութեամբ կը պատրաստուի մարդկային ու ազգային գալիք պատասխանատուութիւններու։

Ահա թէ ո՛ւր պէտք է փնտռել միջազգային այս շարժումին մեծագոյն արժէքը, որմէ օգտուիլ պէտք է գիտնալ ազգովին, իբրեւ պետութիւն եւ ժողովուրդ։ Հայ կեանքը, արդարեւ, բոլոր ժամանակներէ աւելի, այսօ՛ր, կարիքը ունի մարդկային ու ազգային պատասխանատուութիւններու դրօշը բարձր պահողներու։

Հայաստանի մէջ՝ քաղաքացիական պարտաւորութիւններու գիտակից, Սփիւռքի մէջ՝ ազգային պատասխանատուութիւններու տէր կանգնող հայ մարդ ունենալու պահանջը անյետաձգելի անհրաժեշտութեամբ կը ներկայանայ բոլորի՛ս։ Իսկ սկաուտութիւնը այն իտէալ միջավայրն է, որուն առողջարար մթնոլորտին մէջ, կարելի է լաւագոյնս կերտել նման մարդիկ, հայե՛ր, որոնք իրենց պատրաստութեամբ, պահանջկոտութեամբ եւ պարտաճանաչութեամբ զատորոշուին բոլորէն եւ դառնան մեր կեանքին անհրաժեշտ թթուածինը ներարկող ուժեր։

100-ամեայ փորձառութիւնը այս իմաստով կարեւոր երաշխիք մըն է, որ սկաուտութիւնը տակաւին շատ բան ունի տալիք մեր կեանքին՝ այսօր եւ վա՛ղը։

Տարածենք