Թիւ 357 - ՖՈՒԹՊՈԼԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ
(«ԵՈՒՐՕ-2012»-ԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

Տարբեր է ֆութպոլը։ Ընթացիկ, տեղական ու մասնակի հաճոյքէ մը ան բարձրացած է ազգային արժանապատուութեան մը կիրքին։

Յաճախ, ազգային աղէտ կը նկատուի ազգային խումբի մը պարտութիւնը Եւրոպայի թէ աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն։ Կարգ մը երկիրներու պարագային, պարտութիւնները իրենց անդրադարձը կ’ունենան քաղաքական ընտրութիւններուն վրայ։

Սպանիոյ ազգային խումբը, երբ «Եուրօ 2008»-ի տիտղոսին տիրացաւ, սպանացի ժողովուրդը ուրախացաւ այնքան, որքան պիտի ուրախանար՝ եթէ երկրին տնտեսական տագնապը լուծուէր հիմնովին։

Անկէ առաջ՝ 2004-ին, Յունաստան ուրախութեան նուազ տօնախմբութիւններ չկազմակերպեց։

ֆութպոլի ժողովրդականութիւնը վիպականացած բան մըն ալ ունի իր շուրջ եւ դիւրութեամբ կրնայ գրականութեան հում նիւթ դառնալ։ Հետաքրքրական է, արդարեւ, ուսումնասիրել հանդիսատեսի եւ ֆութպոլիստի հոգեբանութիւնը։

Դէպի դաշտ երթով կը սկսի ոգեւորութիւնը, ու դաշտէն վերադարձով ալ չի դադրիր անոր ազդեցութիւնը։

Նախատեսութիւններ, գրաւ, մեղադրանք, գնահատանք, ջղայնութիւն, պոռչտուք, յոյս, յուսախաբութիւն, ցատկռտուք, լռութիւն, հեւք, աղմուկ, ծափ, ոստում, գիրկընդխառնում, սուլոց, թմբուկ, դրօշակ, անէծք, հայհոյանք, կռիւ ու… ծեծուըռտուք։

Բաներ, ի՜նչ բաներ, կապուած կլոր գնդակին, կորսուած կամ իրականացած կոլի իւրաքանչիւր առիթին։

Կեանքը ինքնին կոլ նշանակելու նպատակ է քիչ մը, քիչ մը շատ։ Ու վա՜յ պարտուողին։

Այս բոլորին մէջ գաղտնիք մը կայ, որ հազարներ կը տանի ու կը բերէ։ Վերջին հաշուով մեղաւոր ոչինչ կայ այս եռուզեռին մէջ։

Փակ սենեակներու համակարգչային խաղերէն հազար անգամ վեր է դաշտային այս մարզախաղը, որ կը պահանջէ թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ մտքի ճկունութիւն եւ աշխուժութիւն։

Ի՞նչ է սակայն մարզական այս խաղին նպատակը։

Ֆութպոլը խմբային ճիգ մը արդիւնաւորուած տեսնելու, մարդիկը հաւաքական մտածողութեան եւ իրերօգնութեան մղելու կը ձգտի։

Դաշտին մէկ ծայրէն միւսը, առանձինն, կարելի չէ ու պէտք չէ նպատակին տանիլ գնդակը, այլ՝ օժանդակութեամբը նոյն նպատակին ձգտող այլ ընկերներու.- ահաւասի՛կ թէ ուր կը կայանայ ֆութպոլին իմաստութիւնն ու թելադրականութիւնը։

Ասով կը բացատրուի նաեւ համակիր հանդիսատեսներուն ֆութպոլիստներու քաջալերանքը, տառապանքը, յուզումը, որ նոյն նպատակին հասնելու հաւաքական հասարակաց երեւոյթն է։

Այս երեւոյթը, սակայն, մասնակի պիտի ըլլար, եթէ ֆութպոլիստէն ու հանդիսատեսէն հաւասարապէս չպահանջուէր հակառակորդին նկատմամբ ազնուութիւն, յարգանք եւ պարկեշտութիւն։

Արժանաւորը պէտք է յաղթէ, ու եթէ նոյնիսկ յաղթողը հակառակորդ խումբն է, պէտք է ծափահարուի։

Դաշտէն անպայման յաղթական դուրս գալու ճիգն ու որոշումը գնահատելի կը մնայ այնքան ատեն՝ որքան այդ «անպայման»ը չ’անցնիր պատշաճութեան եւ ազնուութեան սահմանները։

Մեծ ու ազնիւ է, իրա՛ւ է այն մարզիկը, որ գիտէ իր պարտութիւնը ընդունիլ պարզութեամբ ու յաղթական խումբը շնորհաւորելով։

Նոյնը՝ հանդիսատեսին համար։ Ու ատով միայն մարդկային բոլոր արժէքներուն, ձգտումներուն եւ իրագործումներուն խարիսխը կը գեղեցկանայ եւ կը տեւականանայ բարոյական ամո՛ւր հիմքով։

Տարածենք