Թիւ 358 - ԼՐՋՈՒԹԵԱՆ ՊԱԿԱՍ
Քիչ մը ամէն տեղ լրջութեան պակաս կայ մեր կեանքին մէջ։ Խախտած են չափի ու չափանիշի հասկացողութիւնները։ Աջ ու ձախ ձրի տիտղոսներ եւ շքանշաններ կը բաժնուին` հաճոյակատարութեան ընդհանուր մթնոլորտի մը մէջ։
Մեր շուրջը աւելի շատ գովասանքներու շռայլանք կայ՝ քան սրտցաւ ու շինիչ թելադրանք։ Աւելի շատ ծափ ու փառաբանանք կայ՝ քան հաշիւ պահանջող լրջախոհ մօտեցում ու կեցուածք։
Մեր չափը դարձած է չափազանցութիւնը։ Մեր պարծանքը՝ մեր նուազագոյն յաջողութիւնը։
Բարքերու անկումը հասած է բանաւոր ու գրաւոր քարոզչութեան մեր բեմերը։ Այսպէս, ընթացիկ մեր ձեռնարկները դարձած են «աննախընթաց», «փառաշուք» ու «բացառիկ»։ Երբ գրող ու կարդացող հաւասարապէս գիտեն, որ եղածը սովորական բան մըն է, որուն համար պէտք է խնայել ժողովուրդին դատելու կարողութիւնը կասկածի ենթարկող նման վիրաւորանքները։
Օրին մէկը միջազգային մամուլին մէջ ածականներու նման հեղեղի մը չենք հանդիպած ու դժուար թէ հանդիպինք։ Անլրջութեան սահման մը կայ, որմէ անդին «խելքը գլուխը» մարդիկ չեն յանդգնիր անցնիլ։
Մեր մօտ, ամէն մարդ տաղանդ է։ Ամէն մարդ բացառիկ ձիրքով մը օժտուած է։ Հասած ենք երանելի այն թուականը, ուր համեստ ու միջակ կարողութեան տէր անձեր Դիոգինէսեան լապտերով պէտք է փնտռել կարծես…
Կը բաւէ որ մէկը յանձնախմբային փոքր պաշտօն մը ստանձնէ։ Ամէն մարդ կը ծափահարէ զինք։ Ոչ ոք կը հետաքրքրուի անոր աշխատանքին արդիւնքով ու մակարդակով։ Զանազանութիւն չկայ արժեմին ու չարժեմին միջեւ։
Վաստակաշատ ու նորահաս դէմքեր յաճախ հաւասար արժէքով կը ներկայացուին հանրութեան, պատճառ դառնալով վերջիններու կանխահաս յաւակնութիւններուն եւ խամրումին։
Կը մոռցուին խոնարհները, համեստ ողջերը, մանաւանդ՝ հիները։ Անոնք ալ կրնան մխիթարութիւնը ունենալ, որ իրենց մահէն ետք շատերու հետ իրենք ալ կրնան դասուիլ «անկրկնելի»ներու շարքին։
Ո՞ւր փնտռել պատճառը բարքերու այս ապականումին։ Բախտախնդիր ու անլուրջ մարդոց մօտ անպայման։
Բարոյական սկզբունքներու եւ աւանդութիւններու հսկայ նահանջ մը կ’ապրինք։
Ե՞րբ կանգ պիտի առնէ այս երեւոյթը։ Որո՞նք պիտի ըլլան անոր առաջքը առնողները։
Չենք գիտեր։
Գիտենք միայն, որ լուռ մեծամասնութիւն մը այլեւս անընդունելի կը գտնէ այս մթնոլորտը։
Զգաստութեան հրաւէրը բոլորին է, փրկելու համար մեր վերջին առաքինութիւնները, որոնց կորուստով կը դադրինք այլեւս ազգ ու միութիւն ըլլալէ։
Կը դառնանք անդիմագիծ ու աննպատակ հաւաքականութիւն։