Թիւ 359 - ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ ՊԱՐՏՔԸ
(ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ 6-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)
Հանրածանօթ ճշմարտութիւն է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը 100-ամեայ իր վաստակով հայ կեանքին հասցուցած է անթիւ տղաք ու աղջիկներ, որոնք մարդկային ու ազգային վեհ գաղափարներով տոգորուած՝ շեշտօրէն մնացած են հայ եւ գիտակցօրէն ապրած են հայկականութեան իրենց պարծանքը։
Նոյնքան ծանօթ իրողութիւն է, որ 100-ամեայ այս իրագործումը Հ.Մ.Ը.Մ. մեծ մասամբ կը պարտի սկաուտական շարժումի պատասխանատուներու անձնազոհութեան, հաւատքին ու կամքին։
Բայց կ’արժէ այս հաստատումներէն անդին անցնիլ եւ հարց տալ, թէ ի՞նչ կարեւորութիւն, ի՞նչ աշխատանք ու ի՞նչ ժամանակ կը տրամադրուի սկաուտական շարժումի նման պատասխանատուներու պատրաստութեան համար։
Սկաուտական շարժումի պատասխանատուները՝ Շրջանային ընդհանուր խմբապետներ, Շրջանային թէ միաւորներու խմբապետներ ու խմբապետուհիներ կոչուած են նոր սերունդը որպէս մարդ, որպէս հայ ու որպէս Հ.Մ.Ը.Մ.ական կազմաւորելու, այսինքն՝ այնպէս խօսելու, այնպէս վարուելու եւ այնպէս գործելու, որ իրենց հոգածութեան յանձնուած սկաուտական շարքերը կարենան լաւապէս իրենք զիրենք ճանչնալ, մարդկային ու ազգային վսեմ արժէքներու տիրանալ, եւ թէ՛ անհատական ու թէ հաւաքական իրենց կեանքին մէջ յաջողութիւններու հասնիլ։
Սակայն կազմաւորելու համար հարկ է նախ կազմաւորուած ըլլալ։ Կարելի չէ ամէն ինչ ձգել պատահականութեան, անձնական նախասիրութեան, կամ սոսկ՝ անհատական կարողութեան ու սեփական ճիգերով ձեռք բերուած գիտութեան եւ հմտութեան։ Եթէ կեանքը պայքար մըն է կամ պատերազմ մըն է, ինչպէս ըսուած է յաճախ, հարկ է սկաուտական շարքերու պատասխանատուներուն փոխանցել այդ պայքարին նորագոյն «զէնքեր»ը եւ անոնց գործածութեան եղանակները։ Այլապէս, դաստիարակներ չեն կրնար յաջողիլ իրենց առաքելութեան մէջ, եթէ երբեք համապատասխան կազմաւորումը չեն ունեցած։
Ճիշդ է, որ սկաուտական աշխատանքներու յաջողութեան համար՝
Ակմբային պայմանները կարեւոր են,
Խաղավայր-հաւաքավայրի յարմարութիւնները կենսական են,
Նիւթական միջոցները պայման են,
Սկաուտական գիրքերն ու անոնց ներկայացման ձեւերը հիմնական են,
Սկաուտ պատասխանատուներ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ եւ ծնողներ կապերը անհրաժեշտ են,
Եւ դեռ պահանջներու շարքը կրնայ երկա՜ր ըլլալ,
Բայց սկաուտ պատասխանատուի մը անձն ու տիպարն են ամէնէն կարեւորը, «ամէն բանէ վեր»ը։
Հետեւաբար, հրամայական եւ առողջ մօտեցումը պիտի ըլլայ այն, որ անձնական կարողութիւնը եւ պատրաստութիւնը, նախանձախնդրութիւնը եւ ազգային առաքելութեան գիտակցութիւնը մէկ կողմ դրած, մասնագիտական համագումարներով, սկաուտ պատասխանատուներ հետեւողականօրէն կատարելագործեն իրենց գիտելիքներու պաշարը, արժեւորեն իրենց փորձառութիւնները եւ իսկապէս արդիւնաւէտ աշխատանքի մը վերածեն իրենց նպատակն ու գործը։
Ահա թէ ո՛ւր պէտք է փնտռել գլխաւոր առաջադրանքը համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական համագումարներու, որոնք մարդուժի պատրաստութեան հրամայական այս պարտքն է, որ կը կատարեն հանդէպ միութեան, հայութեան եւ Հայ Դատին։
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական 6-րդ համագումարը սկաուտական նման համագումարներու վեցերորդ օղակն է պարզապէս։