Թիւ 15 - ՄԵՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՊԻՒՏՃԷՆ
Իր հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր, ամէն անգամ մը Հ.Մ.Ը.Մ. բանակում կազմակերպեր է կամ կազմակերպեր է միջ-մասնաճիւղային հանդիպումներ, ֆութպոլի, պասքեթպոլի կամ այլ մարզական միայն պետական կարելիութեանց տէր միութեան մը գործը կրնայ ըլլալ այս, սակայն քիչեր կրկնապէ՛ս հիացած են այն իրողութեամբ, որ որոշ պիւտճէ ենթադրող այդ հսկայական ձեռնարկները իրագործուած են գրեթէ ոչինչով։
Անհաւատալի թուող իրողութիւն մըն է զոր կþարձանագրենք։
Նախաձեռնութեան մը համար ո՛չ առաջին եւ ոչ ալ վերջին պայման նկատուած է «պատրաստ» կամ «անհրաժեշտ» գումարը։
Աւելի՛։ Հ.Մ.Ը.Մ. «պահեստի գումար» երբեք չէ ունեցած։
Հ.Մ.Ը.Մ. ապրած է օրը-օրին, ապրած է մեծահարուստի պէս, ձգած է նիւթապէս կուշտ միութեան մը տպաւորութիւնը. աւելին՝ Հ.Մ.Ը.Մ. երբեք չէ ալ մտահոգուած դրամով։
Ամէն անգամ, որ կարիքը ունեցած է նիւթականի, բարեկամներ առանց աղմուկի բերած են իրենց մասնակցութիւնը։ Ամէն դուռ բացուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ին առջեւ, եւ Հ.Մ.Ը.Մ. իր անմիջական կարիքէն աւելի չէ ուզած, չէ փնտռած։
Սակայն...
Նիւթապէս զօրաւոր ոչ մէկ միութիւն կրցած է նիւթապէս անապահով Հ.Մ.Ը.Մ.ը շուքի մէջ ձգել, նոյնիսկ պիւտճէական մրցումի մէջ։
Միշտ ալ շքեղ եղած են ձեռնարկները, մեծ դաշտերու վրայ, լուսաւոր սրահներու մէջ, կոկի՛կ հաւաքականութեան մը ներկայութեան։
Այս երեւոյթը անկասկած իր բացատրութիւնը ունի։
Հ.Մ.Ը.Մ.ականները իրենց միութեան գործին նայած են որպէս մէկ ամբողջութիւն։ Գործը ստորաբաժանումի չեն ենթարկած։ Այսինքն, միաժամանակ տրամադրած են իրենց ժամանակը, ֆիզիքական ներկայութիւնը եւ դրամը։
Չորս տարեկան գայլիկէն մինչեւ հասուն վարչական իրենց բանակումի, իրենց ձեռնարկի յաջողութեան համար դուրսէն ակնկալութիւն չեն ունեցած։ Անպայմա՛ն մասնակցած են ծախսին։
Այս իրողութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ականի բնաւորութեան մաս կազմած է։ Անգիր կանոնագրութի՛ւն։
«Հ.Մ.Ը.Մ.ական» բնորոշումի մէջ համակիրը այնքան տեղ ունի, որքան անդամատետր ունեցողը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ը, խոշոր ու համերաշխ ընտանիք մը, որ ինքն իր մէջ հաշիւ չէ պահած, հաշիւի հաշուական մտածումը չէ ունեցած։
Պիւտճէ ըսուած տնտեսական հասկացողութիւնը իր ընթացիկ սահմանումէն անդին չէ անցած, եւ Հ.Մ.Ը.Մ. թերեւս բացառութիւն է այս դարու միութենական բոլոր կառոյցներուն մէջ։
Հաւա՛տքը վարած է այս միութիւնը իր հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր։
Հաւատարմութի՛ւնը եղած է միութեան մեկնակէտը։
Սէ՛րը եղած է միութեան հիմքը։
Երեւակայել, որ այս միութիւնը, եթէ դրամ ալ ունեցած ըլլար, ինչե՜ր պիտի չյաջողէր իրագործել։ Դպրոցական բակերու մէջ իրենց փորձերով, մեծ դաշտերու վրայ յաղթանակ արձանագրած այս միութիւնը ո՛ւր կրնար հասնիլ, եթէ իր մարզական խումբերը սեփական կամ նոյնիսկ վարձու դաշտերու վրայ փորձերու կարելիութիւն ունենային։
Հազարով ընդհանուր բանակում ընող այս միութիւնը քանի՜ հազար կրնար հաւաքել վրաններու տակ եւ սերունդներուն ջամբել որքա՜ն աւելի կրակ։
Առանց պիւտճէի այսքան բաժակ, այսքան բանակ, այսքան տարածք ապահոված այս միութիւնը ուրիշ ինչեր պիտի չկարենար ընել։
Ժամանակը չէ՞ եկած, որ համագաղութային այս հսկայ միութիւնը նաեւ հսկայանայ նիւթապէս։
Հաւատքը, որ լեռներ կրնայ շարժել, նոյն հաւատքը պիտի կարենա՞յ գործի կարկինին անկաշկանդ բացուածք տալ, պիւտճէական ալ ամրութեամբ։
Ժամանակն է այս մասին եւս մտածելու։