Թիւ 362 - ՅԱՋՈՐԴՆԵՐ ՊԱՏՐԱՍՏԵՆՔ
Կեանքի անողոք օրէնքն է մահը։ Մահուան գերանդին կը գործէ միշտ, ամէնուրեք, եւ մասնաւորաբար, մեր կեանքին մէջ։
Մասնաւորաբար կ’ըսենք, որովհետեւ մեր կեանքը աւելի դիւրութիւններ կ’ընծայէ գերանդիին չարաշուք գործին համար։ Միութենական մարդը աւելի շատ կը տագնապի, շուտ կը մաշի եւ… կը հալի։
Կը բաւէ թերթատել «Մարզիկ»ի վերջին տարուան թիւերը, ուր «Մեր կորուստներ»ու բաժինը լեցուն է անուններով, որոնք տասնամեակներ շարունակ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճամբով աշխատած են իրենց ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար, իրենց ուժերուն առաւելագոյն կարողութեամբ։ Անդարձ մեկնած են միութենական վաստակաշատ դէմքեր, որոնք անմոռանալի գործեր կատարած են իրենց կենդանութեան։
Սգալու համար չէ որ կ’արձանագրենք այս տողերը, այլ՝ մտածելու համար։ Ճակատագիրը,- ինչպէս կը սիրէ ըսել մեր ժողովուրդը,- իր գործը կը տեսնէ, սակայն ճակատագիրը չէ որ կը կատարէ մահուան գործած աւերներուն դարմանումը. մարդն է, մարդիկն են, միութիւններն են, որոնք կրնան մեկնողներուն ձգած բացը գոցելու աշխատանքը կատարել։
Նախ՝ վառ պահելով մեկնողներուն յիշատակը, չմոռնալով տարիներու ընթացքին անոնց ունեցած ծառայութիւնները եւ հետեւելով անոնց բացած ազգային, գաղափարական ու միութենական ուղիին։
Յետոյ՝ ինչ որ նոյնքան կարեւոր է ու անհրաժեշտ, մեկնողներուն տեղ յաջորդներ պատրաստելով։ Միայն այդ ձեւով կը յարատեւէ միութիւն մը, ու ոչ միայն կը յարատեւէ, այլեւ՝ կը զարգանայ։
Անշուշտ, ամէն սերունդ ունի ծառայութեան իրեն յատուկ ձեւը, աշխատանքի հասկացողութիւնը, ժամանակի պահանջները ըմբռնելու եւ գործելու եղանակը։ Կարեւորը այդ բոլորը չեն, կարեւորը մեկնողներուն հաւատքը ունենալն է։
Մեկնողները կը հաւատային Հ.Մ.Ը.Մ.ին, հայութեան, Հայաստանին եւ Հայ Դատին։ Պէտք է պատրաստել մարդիկ, որոնք սէրը, կապուածութիւնը եւ նուիրումը ունենան այդ բոլորին եւ պատրաստ ըլլան իրենց ժամանակը, հանգիստն ու կեանքը զոհել անոնց համար։
Մեկնողները կը հաւատային, որ իրենց նպատակներուն կարելի էր հասնիլ միութենական կեանքի ճամբով, հանրային գործով, անշահախնդրութեամբ եւ կարգապահութեամբ։
Նորերը պիտի մտածեն այս մասին, իրենց մէջ զօրացնելով միութենականութեան ոգին, հաւաքական ու ներդաշնակ աշխատանքի տրամադրութիւնները, իրարմով ազգին պատկանելու գիտակցութիւնը՝ այդ բոլորը վերածելով ամբողջական մասնակցութեան մեր կեանքին եւ գիտակից յանձնառութեան՝ ի խնդիր ազգային մեր ձգտումներուն եւ իտէալներուն։
Լացն ու սուգը բաւարար չեն իւրաքանչիւր կորուստէ ետք, որովհետեւ յարգանքի զգացումը մեծագոյն գնահատանքն է մեռնողներուն հանդէպ։ Մեկնողները գաղափարի եւ նուիրումի զինուորներ էին, որոնց յիշատակը իսկապէս յարգած կ’ըլլանք, երբ անոնց արժանաւոր յաջորդները կը պատրաստենք։
Սգանք, բայց մտածենք, լրջօրէ՛ն մտածենք նաեւ այս ուղղութեամբ։